Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ Մայիսեան փառատօն

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, շաբաթ, 30 մայիս 2026-ին տեղի ունեցաւ փառատօն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակին։

Փառատօնը սկիզբ առաւ հանդիսավար Ռուպինա Քէօշկէրեան Քէշիշեանի բարի գալուստի խօսքով, որուն մէջ ան շեշտեց մայիսեան յաղթանակի հիմնական պատգամը, երբ հայութիւնը դարձեալ հաստատեց իր վերածնունդը։ Անկէ ետք 211 consumers road-ի համայնքիս նոր կառոյցի շրջափակէն, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ, միութենականներու, հայորդիներու, ԳԵՄ-ականներու եւ պատանիներու, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու, համակիրներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ սկիզբ առաւ Յաղթանակի տողանցքը դէպի Հայ կեդրոն:

Ներկայ էին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածաին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ․ Տ․ Գարեգին Ծ․ Վ․ Շխրտմեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր Խմբապետը, Շրջանային Խմբապետուհին եւ Սկաուտական խորհուրդը, ԳԵՄ-ի Կեդրոնական եւ տըղական վարչութիւններու, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներն ու անդամները։

Փողերախումբին հնչեղութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւնը՝ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն:

Հայր Գարեգին Ծ․ Վ․ Շխրտմեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, նշելով թէ մայիս 28-ն եղաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի սկիզբը, ուր գաղթն ու հալածանքը ոչնչացումի եզրին հասցուցած էին հայ ժողովուրդը, սակայն շնորհիւ մայիս 28-ի ռահվիրաներուն, հայ ժողովուրդը մղեց յաղթանակներ եւ պահեց իր ինքնութիւնը, ապա խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով ժողովուրդին՝ տէր կանգնելու լեզուին, մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ, հպարտանալու մեր ինքնութեամբ, եւ ի գին ամէն բանի բարձր պահելու հայկական արժէքներն ու խորհրդանիշները եւ առանց յուսահատելու ընթանալու առաջ:

Հանդիսավարի հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ Յովիկ Գույումճեան։ Ան շնորհաւորեց ներկաները անկախութեան տօնին առթիւ, անդրադարձ կատարելով հայ ժողովուրդի զօրաւոր կամքին, վճռականութեան եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականին, որուն լաւագոյն վկան է նոր շէնքի գնման ծրագիրը։

«Այսօրուան մեր հաւաքի նշանաբանն է՝ յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան, որ կը մարմնաւորէ այն ճշմարտութիւնը, թէ այս երկուքը անբաժանելի են. առանց ինքնութեան՝ պետականութիւնը կը դառնայ դատարկ, եւ առանց պետականութեան ինքնութիւնը կը մնայ անպաշտպան», ըսաւ Գոյումճեան եւ աւելցուց. «Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ, երբ ազգային հպարտութիւնը կը փոխարինուի պարտուողականութեամբ, երբ պետական մտածողութիւնը կը փոխարինուի կարճատես հաշիւներով, եւ երբ ազգային իղձերը կը ներկայացուին իբրեւ բեռ եւ ոչ իբրեւ ժառանգութիւն», ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր մենք, նոր կառոյցէն մեր տողանցքով նորոգեցինք մեր ուխտը՝ պահպանելու մեր ինքնութիւնը, ամրապնդելու մեր համայնքը, ծառայելու մեր ազգին, չմոռնալու Արարատն ու Արցախը եւ պաշտպանելու մեր պետականութիւնը։ Թող այս եկեղեցին, կեդրոնն ու դպրոցը դառնան հաւատքի, գիտութեան եւ ազգային ոգիի օճախներ։ Թող այս սերունդը արժանի ժառանգորդը դառնայ մեր նախնիներուն եւ շարունակէ բարձր պահել փոխանցուած ջահը»։

Տօնախմբումը շարունակուեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Գոհար Յովհաննէսեանի ելոյթով, հայկական զուռնայի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ։

ՀՈՒՐԻՆԱ
«Հորիզոն»