Թամըս Մըրթըն/Խոհերու Եւ Յօդուածներու Ժողովածոյ. ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Թամըս Մըրթըն/Խոհերու Եւ Յօդուածներու Ժողովածոյ/Յառաջաբան, Թարգմանութիւն Եւ Նշոյթներ Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.ի/Մոնթրէալ, 2023: Տետր:
*
Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի հետազօտութեանց մաս կը կազմեն Հայ եկեղեցւոյ բոլոր ժամանակներու եռամեծ վարդապետներու աստուածաբանական, քրիստոսաբանական, դաւանաբանական, եկեղեցաբանական, պատմագրական աւանդները: Ան նաեւ մօտէն ծանօթացած է ոչ-հայ անցեալի ու ժամանակակից աստուածաբաններու, եւ անոնց աշխարհայեացքներուն: Այն ծանօթութեան քովն ի վեր, վերջին տարիներուն նաեւ լծուած է թարգմանական աշխատանքի: Թարգմանելով հրատարակած է Ռուս-Օրթոտոքս աստուածաբան եւ Աւագ Քահանայ՝ Ալեքսանդր Շմեմանի «Հայր Մեր»ի եւ «Հաւատքի Հանգանակ»ի բացատրութիւնները:
Եւ ահա այժմ կը մատուցէ Կաթոլիկ վանական՝ Թամըս Մըրթընի երեք գիրքերէ (Thoughts in Solitude, Life and Holiness, Raids on the Unspeakable) քաղուած խոհերու եւ յօդուածներու սոյն ժողովածոն:
Գրութիւնները խորհրդազգած եւ խորաթափանց են, եւ գուցէ այդ իսկ պատճառով մատչելի չթուին ոմանց: Սակայն հաստատ կարելի է ըսել, թէ քրիստոնէական կեանքի ճշմարիտ հասկացողութեան հանար շահեկան են: Ինքնատիպ մտածողութեան մը վայելքը կ’ունենանք՝ երբ կը կարդանք զանոնք:
Յառաջաբանէն կը տեղեկանանք, թէ Թ. Մըրթընի 27 տարիներու գրականութիւնը աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Ան հռչակուած է իր «Եօթնայարկ Լեռը» ինքնակենսագրական գիրքով, որ իր իմացական եւ հոգեւոր ճանապարհորդութեան մասին է:
Տետրին 52 մեծադիր էջերուն մէջ պարփակուած վանական հեղինակին իմաստուն խոհերուն եւ միտքերուն ընթերցումը պատեհութիւն մըն է խորանալու քրիստոնէական հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ այլ իմացքներուն ու հասկացողութեանց մէջ:
Այս առիթով կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Եաղճեան ընտանիքին, որուն մեկենասութեամբ լոյս տեսած է այս հոգեսնուցիչ տետրը: Մեկենասութիւնը կատարուած է ի յիշատակ Ս. Յակոբի համայնքին նուիրեալներէն՝ Լեւոն Եաղճեանի:
Բաբգէն Թօփճեան
Comments are closed.