Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի Քաղաքները»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հորիզոն»-ի հրատարակութեամբ նոր լոյս տեսաւ կարեւոր գիրք մը՝ Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները», 269 էջ, առաւել՝ ներծալ «սխեմատիկ» քարտէզը մեր բարձրաւանդակին։

Ան առաջին անգամ հրատարակուած է 1987-ին՝ Երեւան։ «Հորիզոն» հրատարակչութիւնը գնահատելի նախաձեռնութիւնը ունեցած է արեւմտահայերէնի վերածուած հրապարակ հանելու զայն, որպէսզի մատչելի դառնայ Սփիւռքի նոր սերունդին, նոյնիսկ օգտագործուի որպէս դասագիրք։։

Ներկայ հատորը արդիւնք է հաւաքական աշխատանքի մը, իրականացած հետեւեալ անձերուն կողմէ՝ գլխաւոր խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, խմբագիրներ՝

Յարութ Պէրպէրեան եւ Նորա Բարսեղեան, սրբագրիչներ՝ Սոնա Թիթիզեան եւ Քրիստափոր Միքայէլեան, գեղարկիչ (ձեւայղացքի պատասխանատու)՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։ Տպագրութիւն՝ TLC Global-ի։ Մեկենասն է Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Տարեցներու միութիւնը։ Գիրքը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։

Կ՚արժէ նախ ծանօթանալ հեղինակին։

Թադեւոս Յակոբեան ծնած է Ղափանի Լեռնաձոր գիւղը 1917-ին։ Աւարտած է Երեւանի պետական Համալսարանի աշխարհաերկրաբանական բաժանմունքը: Հանդիսացած է նոյն համալսարանի աշխարհագրութեան բաժանմունքի ղեկավար, այդ բաժանմունքի տնտեսական աշխարհագրութեան ամբիոնի վարիչ։ Պատմական գիտութիւններու փրոֆեսորի կոչում ստացած է 1963-ին, իսկ 1968-ին՝ Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի կոչում։ Մահացած է 1989-ին:

Ունի Հայաստանի աշխարհագրութեան ու ընդհանրապէս աշխարհագրութեան նուիրուած բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ, առանձնապէս ուշագրաւ են Անիի պատմութեան նուիրուած երկու եւ Երեւանի պատմութեան նուիրուած չորս հատորները, իր ներդրումը ունեցած է Հայկական սովետական հանրագիտարանի պատրաստութեան մէջ, իսկ իր կոթողական գործը կը հանդիսանայ՝ Յովհաննէս Բարսեղեանի եւ Ստեփան Մելիք-Բաղշեանի հետ համատեղ պատրաստուած՝ «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան»-ը՝ բաղկացած հինգ հաստափոր ու մեծադիր հատորներէ (իւրաքանչիւրը շուրջ 1000 էջ), որոնց հրատարակութիւնը սկսած է 1987-ին ու աւարտած 2001-ին։ Այս մեծ գործը նոյնպէս անհրաժեշտ է, որ վերածուի արեւմտահայերէնի, գէթ հրատարակուի դասական ուղղագրութեամբ, որովհետեւ այսօր մեր այդ հարիւրաւոր, հազարաւոր տեղանունները իրենց ճշգրիտ գրելաձեւով որեւէ տեղ կարելի չէ տեսնել։ Կամ, գոնէ իբր յաւելուած՝ տեղանուններու ցուցակը լոյս ընծայել դասական ուղղագրութեամբ։

Սոյն հատորը կը ներկայացնէ Արեւմտահայաստանի եւ Պարսկահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը, այբբենական կարգով՝ սկսելով Ադամակերտէն հասնելու համար Օլթի, իւրաքանչիւրին յատկացնելով մէկէն (ինչպէս Փերիին) մինչեւ տասը էջ (Անիին)։ Այնտեղ տրուած են հայկական բնակավայրերու գլխաւոր պատմական իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնն ու ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պայմանները։

Բերեմ միայն երկու օրինակ՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կը սկսի յօդուած մը (Ադամակերտի պարագային) ու ինչպէ՛ս կ՚աւարտի (Օլթիի պարագային)։.

Ահա առաջինը. «Կը կոչուի նաեւ Հադամակերտ: Թուրքերը զայն կ՚անուանեն Բաշ-կալէ (Բաշկալա), իսկ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ կը յիշատակուի Аdamma ձեւով: Անուան ստուգաբանութիւնը` եբրայերէն «ադամ», հայերէն «կերտ»: Կը յիշատակուի իբրեւ աւան, գիւղաքաղաք եւ քաղաք»:

Ահա երկրորդը. «Արեւմտեան Հայաստանի նոյն մեծութիւնը ունեցող տասնեակ քաղաքներու (եւ նոյնիսկ հարիւրաւոր մեծ գիւղերու) հետ բաղդատելով, աննախանձելի էր Օլթիի մշակութային կեանքը: Անիկա փաստօրէն կը սահմանափակուէր հայկական տարրական դպրոցով մը, որ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարու սկիզբները ունեցած է 40-50 տղայ աշակերտ, եւ քանի մը վարժապետական (Տէր-Թոդիկեան) վարժարաններով, որոնք գրաճանաչութիւն կը սորվեցնէին մանուկներուն»։

Հատորը հարստացած է արխիւային լուսանկարներու փոքր հաւաքածոյով մը՝ առնուած Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն։ Այդ լուսանկարներէն մէկն ալ զետեղուած է շապիկի առաջին էջին, ներկայացնելով Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, Ի. դարու սկիզբը՝ կից գործող որբանոցի սաներով, իրենց ուսուցիչներուն եւ հոգեւորականներուն հետ։

Մի քանի մէջբերում ալ ընեմ «Համառօտ տեսութիւն»-էն, որ 17 էջնոց ներածական մըն է բնակավայրերու առանձին յօդուածներէն առաջ՝ գաղափար մը ունենալու համար Թադեւոս Յակոբեանի հարցերու մօտեցումին, իր ընդգրկուն հայեցակերպին ու մանաւանդ այն շունչին ու ոգիին, որով ինք առաջնորդուած է։

Այսպէս կը սկսի այդ բաժինը. «Դժուար է ըսել, թէ հայ ժողովուրդի բնօրրանին` Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, ե՛րբ ծնունդ առած են առաջին քաղաքները: Յամենայն դէպս յստակ է, որ տակաւին 3-րդ – 2-րդ հազարամեակներուն (Ք.ա.) այստեղ ձեւաւորուած ցեղային միութիւններու տարածքին մէջ` Միտանիի, Հայասա-Ազզիի ու Նայիրեան երկիրներուն եւ անոնց յաջորդած միւս ցեղային-պետական միաւորումներուն մէջ արդէն գոյութիւն ունէին տասնեակ բերդեր ու բերդաքաղաքներ, որոնք ցրուած էին երկրի տարբեր կողմերը եւ հիմնականին մէջ ունէին ռազմական ու վարչական կարեւորութիւն»։

Քիչ անդին կը կարդանք հետեւեալը. «Հայաստանի մէջ քաղաքային կեանքը աննախընթաց վերելք կ’ապրի քաղաքական անկախութեան շրջանին` 9-11-րդ դարերուն: Կ’աշխուժանան հին քաղաքները` Դուինը, Վանը, Նախճաւանը, Բաղէշը (Պիթլիս), Հերը (Խոյ), Բագարանը եւ այլն, կը ձեւաւորուին նոր քաղաքներ` Անի, Կարս, Արծն, Խլաթ, Մուշ, Լոռի, Կապան, Երազգաւորս: Քաղաքային կեանքի մեծապէս զարգացումը կը բացատրուի ոչ միայն քաղաքական անկախութեամբ, Արեւելքի ու Արեւմուտքի երկիրներու նկատմամբ Բագրատունեաց թագաւորութեան տարանցիկ դիրքով, այլ նաեւ մնայուն խաղաղութեամբ: 9-11-րդ դարերուն Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Հայաստանը զերծ էր արաբական-բիւզանդական երկարատեւ ու արիւնահեղ պատերազմներէն, կը գտնուէր անոնց ոլորտէն դուրս եւ անոր արտադրողական ուժերը կը զարգանային միջնադարու համար անսովոր թափով»։

Աւելի անդին. «12-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 13-րդ դարու 30-40-ական թուականները, Վրաստանի օգնութեամբ, Զաքարեան հայ իշխաններու անմիջական գլխաւորութեամբ, Հիւսիսարեւելեան Հայաստանը կ’ազատագրուի սելճուք-թուրքերու լուծէն եւ կրկին կը բռնէ զարգացման ուղին: Հայաստանի այդ մեծ հատուածի քաղաքներէն կարեւոր էին Անին, Դուինը, Կարսը։ […] Մոնկոլական արշաւանքներուն ընթացքին անբուժելի հարուած ստացան Հայաստանի նախորդ շրջանին արհեստագործութեան եւ առեւտուրի կեդրոններ դարձած քաղաքները: […] 13-րդ դարու 50-ական թուականներէն, երբ հիմնականին մէջ կ’աւարտէին մոնկոլական արշաւանքները, Հայաստանի տնտեսական կեանքը եւ անոր հետ անոր աւերուած քաղաքները կը սկսէին մասնակիօրէն վերականգնիլ:

Գալով աւելի մեզի մօտ ժամանակներուն, ահա թէ ի՛նչ կը գրէ հեղինակը. «1828 թուականին պարսկական լուծէն ազատագրուելու եւ Ռուսիոյ միանալու շնորհիւ, Արեւելեան Հայաստանին մէջ համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան տնտեսութեան զարգացման համար: Ստեղծուեցան խաղաղ պայմաններ, հաստատուեցան կարգ ու կանոն, օրէնք, եւ ժողովուրդը կրնար առանց ահ ու սարսափի զբաղիլ իր տնտեսութեամբ: Նախորդ շրջանին նման, երկրի տնտեսական կեանքին մէջ առաջին դիրքի վրայ էր գիւղատնտեսութիւնը, իսկ երկրորդ դիրքի [վրայ]` արհեստագործութիւնը: Հայաստանի մէջ այդ շրջանին արհեստներուն թիւը կը հասնէր մօտ 120-ի: […] Արեւելեան Հայաստանի մէջ արհեստները աշխուժացման շրջան կ՚ապրէին 19-րդ դարու 50-60-ական թուականներուն, սակայն 70-ական թուականներէն, ռուսական գործարանային արտադրութեան ազդեցութեան տակ, անոնք աստիճանաբար կը քայքայուին եւ անկում կ՚ապրին: 90-ական թուականներէն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւս արհեստները կը քայքայուէին: Սակայն այստեղ այդ գործընթացը տեղի կ՚ունենար ոչ թէ մեքենայական արդիւնաբերութեան ճնշման (Թուրքիան յետամնաց երկիր էր), այլ սուլթաններու հայաջինջ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք. Արեւմտեան Հայաստանի բազմահազար արհեստաւորներ 1895-96 եւ 1915-16 թուականներուն զոհ գացին թրքական եաթաղանին, իսկ ձեւով մը ողջ մնացածները բռնեցին գաղթի ճամբան»։

Ահա նաեւ վերջին պարբերութիւնը. «Բաւարար է ըսել, որ Երեւանի նահանգին մէջ կային միայն 5 ոչ մեծ քաղաքներ (Երեւան, Ալեքսանդրապոլ, Նախիջեւան, Օրտուպատ, Նոր Պայազիտ): Նոյնքան քաղաքներ ունէր նաեւ Կարսի մարզը (Կարս, Սարիղամիշ, Կաղզուան, Արտահան, Օլթի): Մեծ թիւ չէին կազմեր նաեւ Անդրկովկասի միւս նահանգներու` Ելիզավետպոլի ու Թիֆլիսի նահանգներու հայկական կամ հայաշատ քաղաքները (Շուշի, Գորիս, Ախալքալաք, Ախալցխա): Իսկ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը տասնեակ քաղաքներէն (որոնց մեծ մասը կարելի է նկատել գիւղաքաղաք) շատ թէ քիչ նշանաւոր էին Էրզրումը, Երզնկան, Կամախը, Սեբաստիան, Մալաթիան, Խարբերդը, Մուշը, Խլաթը, Պիթլիսը, Շատախը, Վանը, Պայազիտը եւ այլն: Այս վերջինները, ինչպէս նշուեցաւ, ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի հետ միասին հայաթափ եղան: Թրքական եաթաղանին 1915-1916 թթ. զոհ գացած մէկուկէս միլիոն հայերուն զգալի մասը կը հանդիսանար քաղաքային բնակչութիւնը: Մեծաթիւ զոհեր տուաւ նաեւ բռնի տեղահանուած հայութիւնը, տեղահանուած 600 հազար հայերէն իրենց կեանքը փրկած եւ ռուսական զօրքերուն օգնութեամբ Արեւելեան Հայաստան ու Կովկաս գաղթած են միայն 350 հազարը»։

Ինչո՞ւ արտագրեցի այս բոլորը, որոնց մասին աշխատասիրութիւններով Յակոբեան ապրած է իր ամբողջ կեանքը։ Ընթերցողը չի կրնար չտեսնել այն կարմիր գիծը, որ անցած է մեր պատմութեան տարեգրութեան առաջին էջերէն մինչեւ այսօր։ Այդ՝ կերտելու, կերտածը աւերակի վերածուած տեսնելու եւ դարձեալ կերտելու մեր ժողովուրդի անվհատ վճռակամութիւնն է, թէկուզ կամայ թէ ակամայ երկիրը լքելու եւ օտարութեան ալ յանձնուելու երեւոյթներու ալ առկայութեամբ։

Շնորհակալութիւն «Հորիզոն»-ին այս կենսական գիրքը վերստին հրապարակ հանելուն համար։ Սակայն առաջին հերթին երախտագիտութիւն հեղինակին՝ զայն գրած ըլլալուն համար։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.