Ընտրական հետազօտութիւնները՝ գիտական հիմքով որոնումներ ե՞ն, թէ բախտագուշակութիւն

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ի տես, չէի կրնար անձայն անցնիլ եւ չարձանագրել հետեւեալ մտածումները։

Այսպէս, խորհրդարանական  ընտրութեան գիտական, վիճակագրական եւ հետազօտական բոլոր տեսակի կանխատեսումներուն կարելի արդիւնքները, վստահաբար,  բախտագուշակի (Պախըմճի) գործի չէր նմաներ։ Որոշ գիտական արժեչափեր կան, որոնց ներքեւ կը ձեւաւորուին այդ աշխատանքները։ Նաեւ, եկէ՛ք ընդունինք, որ ամէն մէկ հետազօտական-վերլուծական հաստատութիւն, այդքա՜ն ալ անկողմնակալ կամ անաչառ չըլլար իր մօտեցումներուն մէջ, հաշուի առնելով զինք հովանաւորող պետութեանց կամ միջազգային կեդրոններու  «ճաշակով» ներկայացնելու նկրտումները։

Սակայն, չկայ օրինակ մը քաղաքական կեանքի մէջ, ուր գիտական մօտեցումներով ընտրական կանխատեսումներու թիւերը ու տոկոսները, իրականացուած եղելութեան մը պատկերէն մեծ տարբերութիւն արձանագրէր՝ յաղթական հռչակուող կողմին ի նպաստ։ Հայաստանի պարագային, բոլոր կանխատեսումները կը խօսէին՝ աւելի շատ, մօտ եւ մրցունակ թիւերու մասին, պայքարող քաղաքական հիմնական երկու խմբաւորումներու միջեւ:

Անձնապէս հրապարակային իմ ելոյթներովս, ջատագովը չեմ եղած վարչապետի աթոռը զչբաղեցնող անձնաւորութեան վարած քաղաքականութեան։ Սակայն, հետեւելով գետնի վրայ զարգացումներուն եւ աշխարհաքաղաքական «նախասիրութիւններու ճաշակի» վարկածին ՝ զսպելով մէջս յամեցող  անձնական հակումներս, հաւանական կը տեսնէի քանի մը տոկոսով առաւել արձանագրելու պատկեր մը, իշխող ուժին ի հաշիւ։ Կանխատեսուած կարելի այդ արդիւնքը, ամենեւին Փաշինեանին ու իր ներկայացուցած խումբին, հնարաւորութիւն պիտի չտար ձեռք բերել մեծամասնութիւն եւ կազմել  կառավարութիւն։ Բոլոր լուրջ հետազօտական կեդրոնները կը տեսնէին ընտրութեան երկրորդ փուլի անխուսափելի հանգրուան մը, ուր պիտի վճռուէր այս արտահերթ ընտրութեան ճակատագիրը ։

Պէտք է ընդունինք մէկ իրականութիւն, որ այս ամէնուն մէջ Փաշինեանական «Պախըմճի»ները ճիշդ դուրս եկան իրենց մեծախօսիկութեամբ։ Աճպարարի մը բոլոր հնարքները ի գործ դրուեցաւ եւ շինծու իրականութեան մը արդիւնքները կուպրով կրկին զարդարեց շատ գովերգուած հայկական ժողովրդավարութեան պաստառը։

Gallup-ի նման Հետազօտական կեդրոններու եւ միջազգային բոլոր լրատուամիջոցներու  կանխատեսումները ի դերեւ ելան։ Ի տես յայատարարուած պաշտօնական թիւերուն, պէտք է հարց տալ անոնց, թէ իրենց քաղած տեղեկութիւնները որքանով հաւաստի են եւ Երկիր մոլորակի աղբիւրներէ սնած։ Վերջապէս, նուազ կամ առաւել չափով այդ տոկոսներու տրամաբանական տարեբերումները պէտք բացատրել ու հասկնալ, մտահան չընելով ուրկից հովանաւորուելու այդ հաստատութիւններու երբեմն թաքուն, երբեմն ա՛լ յականէ- անուանէ հասցէագրուած էութիւնը։

Այլ հանգամանքներու վրայ պիտի չկեդրոնանամ եւ միայն այս առարկութեամբ պիտի փորձեմ հայ հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտը դարձնել տուեալ երեւոյթը։ Այդ մէկն ա՛լ ընդգծեմ, որ հրաշագործութեան հաւատացող չեմ, որպէսզի նաե՛ւ տեսնեմ ընտրութեան վերջին օրուայ մէջ աստուածային միջամտութիւն, Հոգեգալստեան Pentecoste օրուան նման բնազանցական ազդու հնարք, համայն ընտրազանգուածը իր քուէն ուղղորդելու Փաշինեանի հաշւոյն, որուն արդիւնքով առկայ  իշխանութիւնը ստացաւ «շռնդալից յաղթանակ»ի  յայտարարուած այս պատկերը։

Եթէ տրամաբանական թիւերով խօսուէր ու ներկայացուէր մրցունակ պատկերի մօտ արդիւնքներ, գլուխ պիտի ծռէի «ժողովուրդի կամքի առաջեւ» եւ բարձրաձայն պիտի աղաղակէի՝ «ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»։

Այսուամենայնիւ, ընտրութեան գործընթացին հսկող միջազգային դիտորդներու տեսակէտները, եկան վկայելու արդիւնքներուն վաւերականութեան մասին։ Վերեւ մատնանշած նոյն հարցադրումներս իրենց ա՛լ ուղղելով կու գամ հաստատելու, որ լեռը որոտաց, բայց մուկ ծնաւ: Իսկ Ջիւանի բառերով պիտի ըսէի «յղի է, ծնելու մօտ է, գոռում է սարը ահագին, Տա Աստուած, որ ծնի առիւծ և ոչ փոքրիկ մի մուկ չնչին»։ Չեմ ուզեր այս բառերով նսեմացնել Փաշինեան անձը, սակայն տրամաբանութեանս մէջ, կ՛ուզեմ արդարացնել  հողատուի, կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւններով պատերազմ ղեկավարողի եւ մահացու մեղքերու մէջ թաթխուած առաջնորդի կերպարի «շռնդալից վերընտրութեան» հանգամանքը։

Մեղքը չեմ ուզեր բարդել այն խեղճացած զանգուածին վրայ, որ միայն իր կուշտին «տարտով» կ՛ապրի: Հարցը այդ ստրկացած զանգուածէն ա՛լ անդին է։ Ամէն գնով իշխանութիւն պահելու մոլուցքին մէջ պէտք է տեսնել բացակայ օղակը: Անոնց մէջ, որոնք չարդարացուցին անարիւն յեղափոխութեան լոզունգները, հաշուետուութեան  եւ արդար համակարգի գերիշխանութեամբ օժտելու «նոր Հայաստանը»:

Քաղաքական դաշտը կը սպասէր, որ ազգի ճակտին պարտուողականութեան խառանը մաքրուէր, ապա դէմ յանդիման  կանգնէինք քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց՝ ճակատաբաց, առանց ամօթի բարդոյթին։

Գալիք օրերը դիմակայենք Ամերիկացի գրող Օկտավիա Պաթլըրի այս յարիր մտածումնրով՝

«Ընտրեցէ՛ք ձեր ղեկավարներուն իմաստութեամբ և նախամտածուածութեամբ: Վախկոտով առաջնորդուիլը կը նշանակէ՝ վերահսկուիլ այն ամէնով, որոնցմէ վեհերոտը կը վախնայ: Յիմարով առաջնորդուիլը կը նշանակէ՝ առաջնորդուիլ յիմարին վերահսկող պատեհապաշտներու կողմէ: Գողի մը կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ մատուցել ձեր ամենաթանկ գանձերը գողցողին: Ստախօսի կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ նաեւ ստելը ընդունիլ: Բռնապետի կողմէ առաջնորդուլիը կը  նշանակէ՝ ստրկութեան  վաճառել դուն զքեզ և այն բոլորը, որոնց կը սիրէք»:

Իրերու դասաւորումով, որոնց մէջ միջազգային մութ ուժեր իրենց փայը ունէին, սուտի եւ կեղծիքի նոր զաւեշտական արար մըն ա՛լ այսպէս վերջակէտուեցաւ։ Յուսանք, այս ձեւակերպումը վերջինը կ՛ըլլայ, մուռով արձանագրուած եղելութիւններու՝ հայ ազգի պատմութեան էջերուն մէջ։

Սպասելով ոսկետառ յաղթական նուաճումներու, որոնք հպարտութեամբ պիտի արձանագրուին պատմութեան մատեաններուն մէջ: Պինդ մնացէ՛ք։

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթօ,  27 Յունիս, 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.