Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Վերաբերեալ
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին քարտուղարութիւնը ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ Ընկերվար միջազգայնականի յայտարարութիւնը, որ ամբողջութեամբ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամով: Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը պատճառ հանդիսացած է անտանելի իրավիճակի եւ քանի մը ամիս տեւած շրջափակման: Հայաստանէն սնունդի, դեղորայքի, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներէն զրկուածութիւնը արագօրէն կը յանգեցնէ շրջանին մէջ սովի եւ մարդասիրական աղէտի իրավիճակի:
12 դեկտեմբեր 2022-էն Լաչինի միջանցքի փակման ուղղուած ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը, 9 յունուար 2023-էն Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ բարձր լարային ելեկտրագիծի խափանումը, 21 մարտ 2023-էն կազի մատակարարումներու խափանումը եւ աւելին` 15 յունիս 2023-էն ամբողջական շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդի կենսապայմաններուն վրայ աղէտալի ազդեցութիւն ունին:
Մենք նկատի կ՛առնենք այն, որ 15 յունիս 2023-էն սնունդի, դեղորայքի եւ այլ առաջնային ապրանքներու մատակարարումը, ինչ որ նախապէս կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, դադրեցուած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով: Այս շարունակական շրջափակումը կը խախտէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւականօրէն պարտադիր կատարում ենթադրող որոշումները:
Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս անհանգստացած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ վերահաս ցեղասպանութեան սպառնալիքի վերաբերեալ ահազանգներէն` բարձրացուած հեղինակաւոր մասնագէտներու եւ համապատասխան հիմնարկներու կողմէ, ինչպիսիք են Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը եւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ ԼուիսՄորենօ Օքամփոն:
Ընկերվար միջազգայնականը Ազրպէյճանի կառավարութեան կը յորդորէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն բանալ Լաչինի միջանցքն ու ապահովել մարդոց ու ապրանքներու տարանցումը երկու ուղղութիւններով` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային դատարաններու կողմէ պարտադիր իրաւակիրարկութիւն ենթադրող որոշումներու: Մենք նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մեր անդամ կուսակցութիւններուն կը յորդորենք միասին աշխատիլ` ապահովելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայուն լուծումը:
Մենք միջազգային լայն հանրութեանը կոչ կ՛ուղղենք արագացնելու ջանքերը` յորդորելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը:
Համերաշխութեամբ` յանուն յառաջընթացի»:
18 օգոստոս 2023
Comments are closed.