Էրտողանի բռնարարքներուն դէմ ուղղուած բողոքի «Լուռ հաւաք» Մոնթրէալի մէջ
2490
0
Մոնթրէալի թուրք հիւպատոս Տէնիզ-Պարքան Ումրուք Մայիս 17-ին հանդիսութիւն մը կազմակերպած է Մոնթրէալի Biodôme-ին մէջ նշելու համար Մոնթրէալի «Խաղաղութեան թրքական պարտէզ»ի (“Jardin Turc de la Paix” / ”Türk Barış Bahçesi”) 17րդ տարեդարձը։ Հիւպատոսը հրաւիրած է բազմաթիւ հանրային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ։
Թուրք պետութեան բիրտ քաղաքականութեան հակադրուած բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին Քեպէքի քրտական հիմնարկը, Montreal Kurdish Solidarity Network-ը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ը, այս առթիւ կազմակերպեցին բողոքի «Լուռ հաւաք» Biodôme-ի մայր մուտքին առջեւ։