Էջերն Անմահութեան. Յարութ Բանոյեան
«Էջերն անմահութեան»-ը յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման:
Բարոյական նկարագրի տէր, ազգանուէր, հայրենիքի գաղափարի նուիրեալ, մտաւորական, ռազմիկ, ընկերասէր, ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի անդամ, Արցախեան հերոս, հրամանատար Յարութ Բանոյեան ծնած է Հալէպ, 1976-ին:
«Եթէ թշնամին մտածի մեզ հարուած հասցնել, առաջին մայրը թող ըլլայ իմ մայրս, թող սեւ հագնի, քան թէ սեւ հագնին հայ ազգի բոլոր մայրերը»:
Յարութ իր ծնած օրէն տեղեակ էր իր արեան կանչին: Անոր ընկերները կը վկայեն, որ մանկապարտէզի տարիներուն ուսուցիչները Յարութի պայուսակին մէջէն կը գտնեն դանակ մը, իսկ երբ հարց կու տան անոր, թէ ինչո՞ւ իրեն հետ դպրոց բերած է այդ դանակը, հազիւ 5-ամեայ կրտսեր պատանիին պատասխանը կ՛ըլլայ այն, որ այդ դանակը բերած է այն համոզումով, որ եթէ թուրքերը յարձակին դպրոցին վրայ, պէտք է պատրաստ ըլլանք մենք մեզ պաշտպանելու եւ կռուելու թուրքերուն դէմ:
Հետագային, Արցախ ռազմական կեդրոնի մը մէջ նոյն այդ կռուելու եւ միշտ պատերազմի պատրաստ ըլլալու գաղափարէն մեկնած, կոչ կ՛ուղղէ իր զինակից ընկերներուն. «Պատերազմը այն ժամանակ է, երբ ինքդ որոշում կու տաս, որ պատերազմի պիտի երթաս, ոչ թէ պատերազմի երթալէն ետք իմանաս, որ պատերազմի եկած ես»:
Սուրիոյ պատերազմին, Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութենէն ետք, Յարութ Բանոյեան կը ստանձնէ Հալէպի հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատարութիւնը: Յարութի զինակից ընկերները կը պատմեն, որ պատերազմի թէժ օրերուն, երբ հիւսիսային Սուրիոյ հայահոծ շրջանները ծանր հարուածներու տակ էին, Յարութ չ՛ենթարկուիր հրամանին` ըսելով իր զինակից ընկերներուն, թէ ինք երդուած է, որ պիտի մնայ այնտեղ` պաշտպանելով հայահոծ շրջանները: Մինչեւ իր զինակից ընկերներուն օգնութեան հասնիլը` ան կը մնայ պատնէշի վրայ, եւ Յարութին շնորհիւ է, որ այդ շրջանները այսօր կը մնան գործօն ու հայահոծ շրջաններ:
Յարութ` մերօրեայ Ղուլեանը, Բեկորի նման սէր ունէր զինագործութեան: Բեկոր կը շինէր նռնակներ ու զէնքեր, իսկ Յարութ 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք սկսաւ գործակցիլ Հայաստանի զինուած ուժերուն հետ` պատրաստելով հրթիռներ եւ հարուածային զէնքեր, որոնք կիրարկուեցան 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմին:
Յարութ` մերօրեայ Վիգէնը, հայրենիքէն հեռու, սակայն հայրենիքը իր մէջ ծնած Վիգէնին նման շտապեց հայրենիք, ապա Շուշի: Վիգէն նահատակուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան սիրոյն, իսկ Յարութ նահատակուեցաւ պահպանելու համար ազատագրուած Շուշին:
Յարութ` մերօրեայ Պետոն, իր հայրենասիրութեամբ եւ համեստութեամբ ամէն ջանք ի գործ դրաւ ըլլալու համար թէ՛ ընկեր եւ թէ՛ հրամանատար: Մարզեց պատերազմի ճակատ մեկնող զինուորները` զանոնք զինելով ռազմական գիտելիքներով եւ փոխանցելով իր հայրենասիրութեան ոգին ու նուիրուածութիւնը: Յարութին ջանքերուն շնորհիւ է, որ շատ մը սահմաններ մնացին ամուր, եւ հետագային Արցախի մէջ ռազմական կեդրոն մը կոչուեցաւ իր յիշատակին:
«Հայրենիքը մեզի համար կա՛մ մեր գերեզմանն է, կա՛մ թշնամու գերեզմանն է»:
Յարութ` մերօրեայ Դուշմանը, իր սխրանքներով եւ փայլուն ռազմական միտքով թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառեց` հայրենի հողը գերեզման դարձնելով հարիւրաւոր թշնամի զինուորներու:
«Այս ինքնաձիգը ինչպէս խաչն է,
Եթէ խաչը մեր փրկութիւնն է,
Հիմա ինքնաձիգը մեր փրկութիւնն է»:
Յարութին համար մեր ունեցած ուժը մեր կամքն է, մեր հաւատքը` Աստուծոյ, հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Ան կը հաւատար խաչին ու աւտոմատին` ինքնաձիգին: Ան յուսահատիլ չէր գիտեր, կը հաւատար` եթէ 10 հոգի ըլլանք եւ տասէն ութը զոհուին, մնացած երկուքը բաւարար են շարունակելու պայքարը: Յարութին համոզումով, եթէ օր մը մենք մեր հողերը կը կորսնցնենք, այդ մէկը պիտի ըլլայ ժամանակաւոր, որովհետեւ ան կուռ վստահութիւն ունէր հայուն աննկուն կամքին նկատմամբ, եւ այն համոզումին, թէ այնքան ատեն որ ՀԱՅ-ը մարտունակ է պայքարելու ու կռուելու, այդ բռնագրուած հողերը կրկին պիտի ազատագրուին եւ կրկին պիտի մղուին «Հարսանիքը լեռներում»-ներ:
Շուշիի ինքնապաշտպանութեան օրհասական մարտերուն, 5 նոյեմբեր 2020-ին արծուասիրտ երեք դաշնակցականներ եւ ՀՄԸՄ-ականներ` Մոսիկ Սեքլեմեան, Յակոբ Աստարճեան եւ մերօրեայ հրամանատար` Յարութ Բանոյեան անցան ԷՋԵՐՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ: Երեք հաւատարիմ ընկերները մաս կը կազմէին 10 հոգիէ բաղկացած ջոկատին, 8-ն մեկնեցան կռուի դաշտ` զոհուելով յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան, իսկ մնացած երկուքը, ես` գրողը եւ դուն` կարդացողը, մնացինք այստեղ շարունակելու համար այս սրբազան պայքարը:
Comments are closed.