23 յունուարին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը` քննարկելու 12 դեկտեմբերէն Ազրպէյճանի շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը եւ սպառնալիքները, որոնք կ՛ազդեն երկրին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը. հայ գործիչները հանդիպումէն ետք կիսուած են իրենց տպաւորութիւններով. անոնք շնորհակալութիւն յայտնած են Էմանուել Մաքրոնին:
Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը Ֆրանսայի նախագահին յայտնած են 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներու, Թուրքիոյ կողմէ տակաւին ժխտուող 500.000 հայազգի ֆրանսացիներու մտահոգութիւնը իրենց սերունդներու անվտանգութեան վերաբերեալ:
Անոնք, մասնաւորապէս, Մաքրոնի ուշադրութիւնը հրաւիրած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական աղէտին վրայ եւ յոյս յայտնած, որ այս ծայրայեղ պահուն Ֆրանսան օգնութիւն ցուցաբերէ արցախահայութեան:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահները ողջունած են Էմանուել Մաքրոնի կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսան աւելի աշխուժ դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի` ներկայիս ցեղային զտումներու սպառնալիքին ենթարկուող բնակչութեան պաշտպանութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու հարցին մէջ: