Զօրամասերուն Մէջ ԹՈՒՄՕի Կեդրոններ Պիտի Հիմնուին
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կառավարութեան երէկուան նիստին յայտարարած է, որ աշխատանքներ կը տարուին մեծ զօրամասերու մէջ ԹՈՒՄՕի կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ:
«Այժմ աշխոյժ ծրագիր կ՛իրականացնենք նաեւ բանակին մէջ լրացուցիչ ուսման կազմակերպման նպատակով: Աշխատանքներ կը տարուին մեծ զօրամասերու մէջ ԹՈՒՄՕի կեդրոններ հիմնելու ուղղութեամբ, որպէսզի զինծառայողները հնարաւորութիւն ունենան արհեստագիտական ոլորտին մէջ նախնական պատրաստութիւն ունենալու: Եթէ ըլլան միւս ոլորտներուն մէջ եւս հետաքրքրուող գործընկերներ, որոնք կրնան այսպիսի փոքր ուսումնական կեդրոններ հիմնել, փոխշահաւէտ կ՛ըլլայ», ըստ «Մեդիամասք»ի՝ ըսած է Վիգէն Սարգսեան:
Նախարարը ընդգծած է, որ բանակին մէջ լրացուցիչ կրթութիւն ապահովելու պարագային, կազմակերպութիւնները անընդհատ թարմացուող մարդուժ կրնան ունենալ:
Տաւուշի մարզի Կողբ համայնքին մէջ կառուցուող ԹՈՒՄՕն եւս կը նախատեսէ բանակին հետ նախագիծեր իրականացնել: