Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Տարբեր Ժամանակաշրջաններու Հրատարակութիւններ
- (0)

Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը տարբեր ժամանակաշրջաններու ունեցած է զանազան բնոյթի հրատարակութիւններ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ:
1.- «Պրակ»
1961 թուականին ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը սկսաւ հրատարակել «Պրակ»-ը, որ նախատեսուած էր ներքին անդամական գործածութեան համար: Կուսակցական, ազգային եւ քաղաքական բնոյթով «Պրակ»-ը ունեցաւ համապատասխան բովանդակութիւն:
2.- «Մեհեան»
Մարտ 1969-ին, հովանաւորութեամբ ԶՈՄ-ի եւ նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Զաւարեանական աշակերտական միութեան, հրատարակուեցաւ «Մեհեան» պարբերաթերթը: «Մեհեան»-ը ունեցաւ գրական, գաղափարական, պատմաքաղաքական բովանդակութիւն:
3.- «2001»
Ապրիլ 1970-ին հրատարակուեցաւ «2001» պարբերաթերթը, որ կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ կրցաւ Լիբանանի հայ երիտասարդներուն ուշադրութիւնը գրաւել իր ճոխ բովանդակութեամբ եւ բազմակողմանի հետաքրքրութեամբ:
4.- «Zavarian Review»
1979-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ Զաւարեանական ուսանողական միութեան «Zavarian Monthly» պաշտօնաթերթը: Նախնական շրջանին պաշտօնաթերթին բովանդակութիւնը կ՛ըլլայ ՛ երկլեզու` արաբերէն եւ անգլերէն: Ընդհանրապէս յօդուածներուն նիւթերը կը վերաբերէին հայկական զինեալ պայքարին, հայ քաղաքական բանտարկեալներու դատավարական նիստերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ առնչուող քաղաքական հարցերու: Հետագային այս պարբերաթերթը նաեւ կը բովանդակէ ֆրանսերէն լեզուով նիւթեր եւ կը սկսի հետզհետէ բիւրեղանալ ու դիմագիծ ձեռք ձգել:
Սկզբնական շրջանին խմբագրականը իբրեւ կողք ունեցող «Zavarian Review»-ն 1985-ին կը սկսի հրատարակուիլ լուսանկարներով եւ գծագրութեամբ` իր յատուկ կողքով:
«Zavarian Review»-ն կը ներառէ` դաշնակցական եւ ընկերվարական հայեցակարգի ներկայացման ձգտող յօդուածներ, զանազան հարցազրոյցներ, անդրադարձներ Լիբանանի համալսարաններուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, վերլուծական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` Հայաստանի, Կովկասի, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ռազմաքաղաքական իրավիճակին ու առօրեային մասին:
Պարբերաթերթը կը քննարկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած միջազգային ջանքերը, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի եւ Արցախի պայքարի զարգացումները: Միեւնոյն ժամանակ կ՛անդրադառնայ նաեւ ուրիշ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններուն ճանաչման եւ անոնց պահանջատիրութեան պաշտպանութեան:
«Zavarian Review»-ի բովանդակութեան մէջ իրենց ներդրումը կ՛ունենան ոչ միայն զաւարեանական ուսանողները, այլ նաեւ` համալսարանի դասախօսներ եւ մասնագէտներ:
5.- «Զաւարեան Մատենաշար»-ը
ՀՅԴ ԶՈՄ-ը նախաձեռնեց «Զաւարեան մատենաշար»-ի ստեղծումին` Ա. շրջանին հրատարակելով վեց հատոր եւ Բ. շրջանին` մէկ հատոր:
Ա. շրջանին հրատարակուած հատորներն են.
1.- «Յեղափոխականի մտքերը», Քրիստափոր Միքայէլեան
2.- «Ի՞նչ է ազգութիւնը», Գարեգին Խաժակ
3.- «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան», Լեւոն Շանթ
4.- «Ազգ եւ հայրենիք», Յովհաննէս Քաջազնունի
5.- «Ի՞նչ է դասակարգը», Գարեգին Խաժակ
6.- «Քաղաքապետի մը յիշատակները», Ալեքսանտր Խատիսեան
Բ.- շրջանին հրատարակուած հատորը.
«Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը
6.- Զաւարեանական էջ
«Զաւարեանական էջ»-ի առաջին շրջանը (17 սեպ. 1969 – 2 սեպ. 1970) լոյս տեսած է 41 թիւ եւ նոյնքան գրութիւններով, որոնցմէ 35-ը ստորագրուած են Զաւարեան անունով, իսկ մնացած գրութիւնները` տարբեր անուններով:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ձեռնարկեց «Զաւարեանական էջ»-ի ու վերաթարմացման` ներկայացնելով նախկին զաւարեանական ընկերներու մատենագիտական ժառանգութիւնը եւ էջերու թուային պատկերները: Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ հետեւողականութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:
1973-ին, Սիմոն Զաւարեանի մահուան 60-ամեակի տօնակատարութեան առիթով «Զաւարեանական» էջ»-ը հրապարակեց ուսումնասիրութիւններ, որոնք զաւարեանական ընկերներու կողմէ պատրաստուեցան` նուիրուած հիմնադիրին յիշատակին:
Այլ
Զաւարեանի ուսանողական միութիւնը Հայ դատի հետապնդման եւ քարոզչական աշխատանքներուն ծիրին մէջ կատարած է շարք մը հրատարակութիւններ: 1985-ին լոյս տեսաւ «Minorities in Turkey» գրքոյկը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու վիճակին: 1986-ին, «Հայկական հարցը երէկ եւ այսօր» ձեռնարկի քննարկումները ամփոփուեցան «Քատիյա ուա մաուաքեֆ» գրքոյկին մէջ: 1993-ին Հայաստանի Հանրապետութեան 75-ամեակին առիթով պատրաստուեցաւ արաբերէն լեզուով գրքոյկ, իսկ 1994-ին ԶՈՄ-ի 90-ամեակին նուիրուած փոքր պրակ մը, որ կը ներկայացնէր միութեան պատմութիւնը: 1998-ին արցախեան գոյապայքարի տասնամեակին նուիրուած 35 էջնոց ուսումնասիրական գրքոյկ մը հրապարակուեցաւ, իսկ «Review»-ի խմբագրական կազմի ջանքերով լոյս տեսաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող անգլերէն լեզուով 10 էջնոց գրքոյկ մը:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-Երկու սատանայի համագործակցութեամբ առաջին ցեղասպանութիւնը»
Ցեղասպանութեան 80-ամեակի առիթով ԶՈՄ-ը հրատարակեց երկլեզու պրակ` անգլերէն եւ արաբերէն: Այս պրակին մէջ ներկայացուած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` նկարներով, վկայութիւններով, նամակներով եւ քարտէսներով, նաեւ տարբեր նշանաւոր անձանց խօսքեր` օտար նախագահներու, բանաստեղծներու, լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու կողմէ:
ԶՈՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակ
1999-ին, Զաւարեան ուսանողական միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով հրատարակուեցաւ 95-ամեակի պրակ, որ ամփոփ կը ներկայացնէր միութեան 95 տարուան գործունէութիւնը: Պրակը բաժանուած է հինգ պատմական փուլերու` 1904-1914, 1921-1957, 1957-1979, 1979-1994, եւ 1994-1999:
Սիմոն Զաւարեանի նուիրուած պրակ
2003-ին, Սիմոն Զաւարեանի մահուան 90-ամեակի առիթով ԶՈՄ-ը հրատարակեց Սիմոն Զաւարեանին նուիրուած պրակ մը: Պրակը ընդգրկեց` ԶՈՄ-ի խօսքը, Զաւարեանի կենսագրութիւնը, վկայութիւններ, Զաւարեանի մտորումներէն հատուածներ, Զաւարեանի նուիրուած բանաստեղծութիւններ եւ վերջաւորութեան` Զաւարեանի մօր բաղձանքը:
«Հայ աշակերտը` համալսարանի սեմին»
2002-ին Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը (ԶՈԳ) հրատարակեց գրքոյկ, որուն մէջ ներկայացուցած է լիբանանահայ աշակերտներու վիճակը համալսարան մուտքի սեմին: Գրքոյկը կը ներառէ` պաքալորէայի քննութեան յաջողութիւնները, համալսարանական ուսումը շարունակող աշակերտներու տոկոսը եւ քննութեան յաջողած աշակերտներուն համալսարան չշարունակելու պատճառները: Նաեւ ներկայացուած են տուեալներ` ուսանողութեան կրթական գիտելիքի եւ մասնագիտութիւններու ընտրութեան մասին:
University Guide
2003-ին ԶՈԳ-ը հրատարակեց անգլերէն լեզուով University Guide գրքոյկ մը, որ շատ մանրամասն կ՛ուղղորդէ հայ աշակերտութիւնը` դէպի համալսարաններ: Անոր մէջ ներկայացուած են տարբեր համալսարաններ ընդունուելու միջոցները, սակերը եւ դասաւանդուած ճիւղերը: Գրքոյկին մէջ տեղ գտած է նաեւ տեղեկութիւններ համալսարանական հայկական ֆոնտերու մասին: Նշուած են այն համալսարանները, որոնք ներառուած են` AUB, AUST, University of Balamand, HU, LAU, LU, NDU, Pigier, USEK, USJ, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, Հայաստանի պետական համալսարանը եւ կարգ մը արհեստից վարժարաններ:
«Հայ ուսանողական ազգային յանձնառութիւնը»
2003-ին ԶՈԳ-ը կատարած է ուսումնասիրութիւն մը լիբանանահայ ուսանողներու ազգային յանձնառութեան մասին եւ զայն ներկայացուցած է «Լիբանանահայ ուսանողին ազգային յանձնառութիւնը» խորագիրով գրքոյկով: Ուսումնասիրութիւնը կը գնահատէ ուսանողին կապը ազգային կեանքին ու դատին` անդրադառնալով անոր յաճախած վարժարանին, հայերէնի տիրապետման մակարդակին, հայրենի հաղորդամիջոցներուն հետեւելու սովորութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ընկերային, քաղաքական ու մշակութային ձեռնարկներու մասնակցութեան: Գրքոյկը կը ներկայացնէ` ուսանողին եկեղեցւոյ հետ կապը, միութենական պատկանելիութիւնը եւ լիբանանահայ գաղութին ու Հայ դատին բերած աջակցութիւնը: