Եւրոպացիները Յանուն Արցախի հարթակը COP29-ի շուրջ կատարուող աշխատանքներուն մասին ժողով գումարեց

6 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպացիները Յանուն Արցախի հարթակին (Europeans for Artsakh) առցանց հանդիպումը մասնակցութեամբ՝ Անգլիոյ, Գերմանիոյ , Կիպրոսի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Պելճիքայի,Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններուն:

Օրակարգի հիմնական նիւթն էր Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի ընդառաջ Արցախահայութեան ի նպաստ տարուած քարզչական և քաղաքական աշխատանքները:

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախաձեռնութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քարոզչական արշաւներու մասին զեկուցեց Մարիանա Վարդանեան: ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ COP29-ի գծով կատարուած և գալիք աշխատանքները ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:

Ժողովի մասնակիցները հաստատեցին, որ չափազանց կարեւոր է որ եւրոպահայութիւնը զօրաշարժի ենթարկէ իր ուժերը որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանին վրայ հետեւեալ նպատակներով՝

– Արցախի Ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերիներու ազատ արձակում
– Արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ արտաքին քաղաքական զօրակցութեան ապահովում եւ Պաքուի վրայ համապատասխան միջազգային ճնշում
– Ազրպէյճանական ցեղային զտումի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտում
– Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն Ազրպէյճանական ուժերու հեռացում
– Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորում

Ժողովը նաև անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 76 երեսփոխաններու անբաղձալի անձերու ցուցակին ներարելու որոշումին: Ժողովին մասնակիցները դատապարտեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս քայլը և որոշեցին զօրաւիգ կանգնիլ իրենց մուտքը Պաքու արգիլուած երեսփոխաններուն:

Comments are closed.