Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան Առաջին Ընկերային Ձեռնարկը

18 Դեկտեմբերին, Երւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, արցախեան մթնոլորտով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան առաջին ընկերային ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Արցախի տարբեր շրջաններէ առաւել քան 50 պատանիներ:

Յայտագիրին ընթացքին, պատանիները կարելիութիւն ունեցան իրարու ծանօթանալու, խաղալու, երգելու եւ ճաշակելու արցախեան ուտելիքներ: Ծրագիրին կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան միութեան խումբ մը անդամներ:

Հաւաքին աւարտին, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց դաշնակցութեան կողմէ պատանիները նուէր ստացան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ:

Այսպիսով, ստեղծուած նոր պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան միութիւնը կ՛առաջարկէ դառնալ նոր հարթակ՝ արցախցի պատանիները միաւորելու եւ անոնց համար հարազատ ու անմիջական մթնոլորտ ստեղծելով՝  զանոնք տիրող իրավիճակէն որոշ չափով անջատելու: