Երեւանի Մէջ Տեղադրուեցաւ «Նեմեսիս» Գործողութեան Հերոսներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթող

Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ 25 ապրիլին մեծ շուքով բացումը կատարուեցաւ 1919-ին «Նեմեսիս» գործողութիւնը կազմակերպած եւ զայն իրականացուցած հերոսներուն նուիրուած «Նեմեսիս» յուշաղբիւր-կոթողը:

Յուշարձանին վրայ կան` Սողոմոն Թեհլիրեանի, Արամ Երկանեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Պետրոս Տէր Պօղոսեանի, Արտաշէս Գէորգեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի, Յակոբ Մելքումովի, Երուանդ Ֆունդուկեանի, Արմէն Գարոյի, Գրիգոր Մերջանովի, Աւետիք Իսահակեանի, Արշակ Եզդանեանի, Արա Սարգսեանի, Հրաչ Փափազեանի եւ Շահան Նաթալիի անունները: Անոնք  Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպած եւ գործադրած երիտթուրքերու պարագլուխներէն, ինչպէս նաեւ 1918-ին Պաքուի հայերու ջարդը կազմակերպողներէն վրէժ լուծած հերոսներն են:

Յուշարձանի ստեղծման նախաձեռնութեան ետին կանգնած Կամօ Արէեան յիշեցուց, որ 108 տարի առաջ ապրիլին արեան մէջ էր ամբողջ երկիր մը, սակայն այն պետական ծրագիրին, որով կ՛ուզէին աշխարհի երեսէն ջնջել հայերն ու Հայաստանը ձգել անքարտէս, 1918-ին հայերը պատասխանեցին Սարդարապատի ճակատամարտով եւ կերտեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

«Իսկ 1919-ին ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնը համազգային վրիժառութեան որոշում էր, մեր արժանապատուութիւնը վերականգնելու որոշում էր: «Նեմեսիս»-ի իրագործողները մտաւորական հայ տղաք էին, մէկը միւսէն լաւ էին, մէկը միւսէն` պատրաստ ու պատասխանատու: Այս տղաները ունեցան գերեզմաններ աշխարհով սփռուած», ըսաւ Արէեան եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերջապէս կարելի եղաւ անոնց յիշատակը յարգել Հայաստանի մէջ` Երեւանի մէջ անոնց նուիրուած կոթողով:

Յուշարձանի բացման ներկայ էին` հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, գիտնականներ, հետաքրքրասէրներ եւ վրիժառուներու սերունդները:

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան հաստատեց, որ «Նեմեսիս» գործողութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն եղած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան յիշեցուց, որ այս  գործողութեան կատարման որոշումը տրուած է 1919-ին, Երեւանի մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովին: «Այդ ժամանակ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործներու 650 անուններ, որոնցմէ առանձնացուած են 41 գլխաւոր յանցագործները: Ասիկա զուտ կուսակցական որոշում չէր, այլ` ազգային խնդիր, եւ հայ ժողովուրդը ազգովի լուծեց զայն», շեշտեց Մելքոնեան:

Արամ Երկանեանի շառաւիղներէն է լրագրող եւ հաղորդավար Արտեոմ Երկանեանը: Ըստ անոր, մենք վրիժառուներուն պարտական ենք արժանապատիւ ազգ ըլլալու մեր հանգամանքը: «Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ «Նեմեսիս» գործողութիւնը չիրականացուէր: Մենք հիւանդ ազգ պիտի ըլլայինք` հոգեբանական բարդոյթներէ տառապող: Ես զանոնք յաճախ կը համեմատեմ հոգեբուժներուն հետ: Անոնք թոյլ տուին մեզի արժանապատիւ զգալ: Այս մարդիկը ահաբեկիչներ չեն, այլ իրականացնողն են այն արդար դատավճիռին, որ կայացուած էր օրինական իրաւական ատեանին կողմէ: Ես կը հաւատամ, որ այն թուրքը, որ կ՛ուզէ ինքզինք արժանապատիւ զգալ, պէտք է գայ, խոնարհի այս յուշարձանին առջեւ եւ յիշէ, որ առաջին երկիրը, զոր ճանչցած ու դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, եղած է Թուրքիան, որ յետոյ հեռացած է իր այդ սկզբունքէն», եզրափակեց Երկանեան:

Նշենք, որ աղբիւր-յուշակոթողը տեղադրուած է Երեւանի աւագանիին որոշումով, իսկ քանդակին հեղինակն է ճարտարապետ Տիգրան Բարսեղեանը:

Comments are closed.