Երազելով ապրիլը խաբկանք չէ, այլ՝ կենդանութեան վկայութիւն

Հալէպի գաղթակայանը լուսանկարուած 1920 թուականին
Երա­զե­լը՝ հո­գե­կան խռով­քի, վառ յի­շա­տակ­նե­րու եւ տեն­չան­քի բա­խում է: Մեր մէջ ան­թեղ­ուած զգա­ցա­կան աշ­խար­հի, խռո­վա­յոյզ իղ­ձե­րու, ան­մո­ռա­նա­լի պատ­կեր­նե­րու եւ եղե­լու­թիւն­նե­րու գու­մա­րումն է՝ ար­տա­ցո­լու­մը, որ եր­բեմն բերկ­րա­լի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով կը հա­մա­կէ մեր էու­թիւնը, եր­բեմն ա՛լ  բա­ցա­սա­կան հա­կա­մե­տու­թեամբ կը պա­րու­րէ մեր նե­րաշ­խար­հը: Երա­զե­լը մար­դու էու­թեան մէկ բա­ժինն է, որ կ’օգ­նէ  յի­շո­ղու­թեան թար­մաց­ման եւ իրա­կան կեան­քի հար­ցե­րուն լու­ծում­ներ որո­նե­լու յու­շա­րա­րի դեր կը կա­տա­րէ:
Պէտք է տար­բե­րել մարդ­կա­յին կեան­քի երազ­նե­րու հո­վի­տի սահ­մա­նու­մը՝ պատ­րան­քի,  ցնոր­քի բնո­րո­շում­նե­րէն:  Երա­զե­լը անէ­ու­թիւն չէ, այլ իղ­ձե­րը կեան­քի կո­չե­լու, միս ու ոս­կոր հագց­նե­լու ար­դար նկր­տում է: Մինչ պատ­րան­քը՝ խաբ­կանք է եւ անա­պա­տի ցնո­րա­յին երե­ւոյթ է, դա­տա­պարտ­ուած  ցն­դե­լու եւ ան­հետ կո­րե­լու:
Ազգն ալ, որ­պէս առար­կա­յա­կան մի­ա­ւոր, իր յի­շո­ղու­թեամբ եւ ու­րոյն դի­մա­գի­ծով, տեն­չող մար­մին է: Իր կար­գին ու­նի հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւն, հա­ւա­քա­կան իղձ, եւ որ­պէս շն­չող ու զար­գա­ցող մի­ա­ւոր, կ’ուր­ուագ­ծէ իր երազ­նե­րու իրա­կա­նաց­ման ճա­նա­պար­հի քար­տէ­սը: Ի տար­բե­րու­թիւն մարդ­կա­յին երա­զան­քին, ազ­գի մը երա­զը՝ երկ­դի­մի կամ բազ­մա­կերպ սահ­մա­նում կամ մեկ­նա­բա­նու­թիւն չու­նի, այլ մէկ յս­տակ գերխն­դիր, որուն հա­մար դա­րեր կը պայ­քա­րի, որ­պէս­զի կեն­դա­նի շունչ պար­գե­ւէ այդ ան­հեր­քե­լի հա­սա­րա­կա­կան ցան­կու­թիւն­նե­րուն: Վեր­ջա­պէս կը կո­րին այն ազ­գե­րը, որոնց ձեռ­քէն կը խլ­ուի երա­զե­լու իրա­ւուն­քը, կամ իրենք կա­մո­վին անձ­նա­տուր կ’ըլ­լան կեան­քի յոր­ձա­նու­տին, իրենց ար­դար երա­զան­քը գե­րեզ­մա­նե­լով պատ­մու­թեան յի­շա­տա­կա­րա­նին ան­յա­տակ ջր­հո­րին մէջ:
Այս­պէս, պա­տա­նե­կան մեր օրե­րուն երբ կը դաստ­ի­ա­րակ­ուէ­ինք հա­ւա­քա­կան մեր յի­շո­ղու­թիւնը վառ պա­հե­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, ազ­գա­յին գերխն­դիր­նե­րը կը ներ­կա­յաց­ուէ­ին որ­պէս իրա­կա­նանա­լի երազ: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առ­թած ցա­ւը, միշտ առ­կայծ պա­հե­լու շեշ­տադ­րութ­եամբ՝ կը ջամբ­ուէր ուղ­ղա­կի եւ անուղ­ղա­կի կր­թու­թիւն, որուն առանց­քը ազ­գա­յին Մեծ երա­զը՝ գերխն­դի­րը, իրա­կա­նաց­նե­լու մի­ջոց­ներն էին: Այդ օրե­րուն գո­յու­թիւն ու­նէր Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տան, որ մեր հո­գեմ­տա­ւոր թռիչք­նե­րուն հա­մար, պի­տի դառ­նար այն խա­րիս­խը, ուր­կէ մեկ­նած պի­տի ուր­ուագ­ծէ­ինք ան­կա­խու­թեան ճա­նա­պար­հը, ազատ ապ­րե­լու վի­ճակ­նե­րու ձեռք­բե­րու­մը մա­քա­ռե­լով՝ ի խն­դիր Մեծ Երա­զի իրա­կա­նաց­ման:
Այդ ուր­ուագ­ծում­նե­րուն մէջ կը պատ­կե­րաց­նէ­ինք հայ­դու­կա­յին կռիւ­նե­րով հայ­կա­կան հարց լու­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու մա­սին, հայ­կա­կան հո­ղե­րը ազա­տագ­րե­լու յե­նա­կէ­տեր որո­նե­լով, օգտ­ուե­լով անց­եա­լի ֆե­տա­յա­կան կեան­քի եր­կիր անց­նե­լու օրի­նակ­նե­րէն: Այս գծով, մեր առաջ ու­նե­նա­լով ճա­նա­պարհ­նե­րու քար­տէզ­ներ, անց­ման խար­իսխ­ներ,  որոնք մեր խան­դոտ հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հին սոսկ մըտ­քի մար­զանք­ներ չէ­ին, այլ ազ­գի կան­չը, ժա­ռան­գը, կեն­դա­նի պա­հե­լու հա­մեստ ինք­նա­դաստ­ի­ա­րա­կութ­եան փորձ: Այդ իրա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ չէ­ինք քն­ներ եւ վեր­լու­ծեր  աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դրոյթ­ներ կամ մի­ջազ­գա­յին իրե­րու հան­գա­մանք։
Մեր եռան­դը, ազ­գա­յին սե­ւե­ռա­կէ­տը ու երի­տա­սար­դա­կան սա­ւառ­նու­մը ան­քակ­տելի­օ­րէն հա­մա­տե­ղե­լու ճիգ մըն էր մեր էու­թեան մէջ, հա­ւա­տա­լով որ ար­տերկ­րի մէջ՝ այդ ձե­ւով կր­նանք կեն­սա­գոր­ծել, պայ­քա­րե­լով «փա­ռա­հեղ մօ­տա­լուտ ար­շա­լոյ­սի»ին հա­մար: Մեր սե­րուն­դին հա­մար ան­կախ Հա­յաս­տա­նը կը պատ­կե­րաց­նէ­ինք ոչ շատ հե­ռո՜ւ,  հո­րի­զո­նին վրայ պլպ­լա­ցող եւ մե­զի սպա­սող կան­թեղ մը։ Մե­զի հա­մար ցնորք չէր այդ մէ­կը, ինչ­պէս կը կար­ծէ­ին շատ մը հա­յոր­դի­ներ, որոնք Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նը միայն կեն­դա­նի տես­նե­լու բա­ւա­րար­ուա­ծու­թեամբ կ’ըն­դու­նէ­ին այդ հան­գա­ման­քը՝ որ­պէս ազ­գը մի­ա­ւո­րող վերջ­նա­կան հայ­րե­նի տա­րած­քի վի­ճակ։ Սա­կայն որո­շա­կի ազ­գա­յին վառ երազ­նե­րով  խան­դա­վառ հատ­ուած մը բար­ձա­րա­ցուց խրա­խու­սիչ կե­նաց­ներ, ապ­րեց­նե­լով Ազատ եւ Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նի մօ­տա­լուտ ըլ­լա­լու դրոյ­թը՝ մեր էու­թեան մէջ, որ չու­շա­ցաւ:
Այ­սօ՛ր եւս, այդ տես­լա­կա­նը պէտք է դառ­նայ ազ­գա­յին դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մեկ­նա­կէտ, հա­ւա­քա­կան ան­սա­կար­կե­լի տրա­մա­բա­նու­թիւն, աւե­լի ճիշ­դը՝ հա­ւա­տամք: Ար­դի Հա­յաս­տա­նը մեր երազ­նե­րը բա­ւա­րա­րե­լու տա­րածք պէտք չէ ըլ­լայ։ Ա՛յս իմաս­տով պէտք է պատ­րաս­տել սե­րունդ­նե­րը, որոնց ամէն մէկ մաս­նի­կը պի­տի դառ­նայ սր­բա­զան խենթ, մա­քա­ռող ո՛չ վնա­սա­զեր­ծե­լի ու­ժա­նակ: Այս ամէ­նը զու­գորդ­ուած պէտք է ըլ­լայ նոր սե­րուն­դին մէջ՝ խարս­խե­լով ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չո­ղու­թիւն եւ առար­կա­յա­կան տու­եալ­նե­րով ապ­րե­լու ու­նա­կու­թիւն, առանց մոռ­նա­լու Մեծ Երա­զով տո­գոր­ուե­լու խին­դը, լի­ա­նա­լով ու ձգ­տե­լով վե­հին, մեր­ժե­լով  ազ­գին պար­տադր­ուած անար­դար որե­ւէ կա­ցու­թիւն։
Պէտք է վա­նել ազ­գի կեան­քէն հա­մա­կեր­պու­մի եւ կեան­քի յոր­ձա­նու­տին պար­տուո­ղակսն մօ­տե­ցում­նե­րով անձ­նա­տուր ըլ­լա­լու հո­գե­վի­ճակ­ներն ու յու­շա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Ո՛չ ֆութ­պո­լա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, ո՛չ  բա­րի դրա­ցիու­թեան ան­մեղ ձե­ւա­ցող խօ­սոյ­թը, որ որ­պէս փա­փուկ բարձ կը փորձ­ուի զե­տե­ղել մեր ազ­գա­յին տեն­չանք­նե­րը խամ­րեց­նե­լու սին փոր­ձով մը, առա­ւել՝ անձ­նա­տուու­թեան ամէն ճիգ, կր­նան շի­ջա­նել մշ­տա­բորբ հու­րը՝ մեր ազ­գա­յին «Հա­ւա­քա­կան Մեծ Երա­զին»:
Այս ճամ­բուն վրայ միշտ առ­կայծ պէտք է թն­դան Մեծ բա­նաս­տեղ­ծին հե­տեւ­եալ ոս­կե­տառ տո­ղե­րը.
«Ո՛չ, բա­ւա­կան է, չպէտք է լռել, երա­զել քիչ է, պէտք է պայ­քա­րել…
Լոկ ցան­կա­նա­լով հար­ցեր չեն լուծ­ւում. ա՛յս է մեզ ասում կեան­քը այժմ­եան.
Պէտք է պայ­քա­րել, պէտք է պայ­քա­րել եւ պէտք չէ սոս­կալ մա­հից սե­փա­կան,
Մահ­ուան գնով էլ պար­տա­ւոր ենք մենք մի­աց­եալ տես­նել հո­ղը հայ­կա­կան»:
Լա­բա­լիս­եան ճշ­մար­տու­թիւն է, որ երա­զը զու­գորդ­ուած պէտք է ըլ­լայ պայ­քա­րու­նակ ոգի­ով, կրա­նի­տի կամ­քով: Այ­սօր, այս մէ­կուն ցայ­տուն վկա­յու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նէ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը: Նօս­րա­ցած գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին եւ տօ­նա­կան օրե­րու ձեռ­նարկ­նե­րը ու վե­րա­շի­նութ­եան բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը լոկ Սուր­իոյ մէջ պատ­նէ­շի վրայ մնա­ցող­նե­րուն հա­շւոյն բա­րե­նիշ մը չէ, ինք­նա­հաս­տա­տու­մի ճիգ մը չէ: Այլ իր շո­ղար­ձա­կում­նե­րը՝  հասց­նե­լով հա­մայն գաղ­թաշ­խարհ, իմա հայ­րե­նիք, իր վառ օրի­նա­կո­վը կը լից­քա­ւո­րէ հա­յու­թիւնը ու յու­սա­տու կը դարձ­նէ մեր ազ­գա­յին իրա­վի­ճա­կը։ Արդ, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան վե­րապ­րե­լու եւ ըն­ձուղ­ուե­լու օրի­նա­կը մեզ կը պար­տադ­րէ, որ ըն­դու­նինք՝ թէ որ­քա՜ն վի­րա­ւոր ըլլ­անք եւ արիւ­նա­քամ,  ստեղ­ծա­գործ ոգին ու պայ­քա­րու­նակ տեն­դը կը բա­ւեն, որ ժայթ­քեց­նեն գե­ղե­ցի­կը, զու­լա­լը ու իրա­ւա­ցին:
Չթե­րագ­նա­հա­տենք ձեռ­նարկ­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւնը, որոնք առ­կայծ կը պա­հեն հա­ւա­քա­կան մեր տեն­չը ու յու­սա­տու ար­շա­լոյ­սին ջա­հը։ Անոնց­մէ ամէն մէ­կը վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի սա­լա­յա­տա­կին վրայ եր­կա­րող քար մըն է: Անոր հո­գե­բա­րո­յա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը կը քա­ղենք տա­րի­ներ վերջ, երբ պի­տի ծաղ­կի սերմ­նա­ցա­նը եւ ուռճա­նայ մեր հա­ւա­քա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը։ Սուր­ի­ա­հա­յը ճար­տա­րօ­րէն կ’ար­դա­րաց­նէ իրեն վե­րա­պահ­ուած դե­րը: Ան վկան դար­ձած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու անոր յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րու իրո­ղու­թեան ու պա­տուով կը տա­նի իր նախ­նի­նե­րու սըր­բաց­ուած ան­շի­րիմ աճիւն­նե­րուն ար­թուն պա­հա­կին դե­րը։
Հա­լէ­պի նօս­րա­ցած գա­ղու­թը տա­կա­ւին կը հա­մե­նայ մնալ ազ­գի պեր­ճան­քը ու հպար­տու­թիւնը: Ան ազ­գա­յին երազ­նե­րը իրա­կա­նաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ ներ­կա­յաց­ուած ամէ­նէն ցայ­տուն, ամէ­նէն խօ­սուն օրի­նակն է:  Մթագ­նած ազ­գա­յին կեան­քի աղօտ երկ­նա­կա­մա­րին վրայ յոյս նե­րար­կող խճան­կար մըն է ։
Այս գա­ղութն է, որ կա­րո­ղա­ցաւ թի­թե­ղա­շէն գաղ­թա­կա­յան­նե­րը վե­րա­ծել առինք­նող, հա­յա­կերտ կա­ռոյց­նե­րու, յու­սա­տու ապա­գա­յի կա­մուրջ­նե­րը եր­կա­րե­լով հա­մայն գաղ­թաշ­խարհ:
Մեծ երա­զի իրա­կա­նա­ցու­մը պի­տի կեն­սա­գործ­ուի ան­պայ­մա՛ն: Այդ մէ­կը հո­ղա­հա­ւա­քով ու հա­յա­հա­ւա­քով իրա­կա­նա­նա­լի տենչ է,  իս­լա­մաց­ուած հա­յե­րով,  քր­տա­ցած հա­յե­րով, համ­շէ­նա­հա­յե­րով եւ տուն­դար­ձի պատ­րաստ հա­յոր­դի­նե­րու մեծ փա­ղան­գով:
Բայց այս ամէ­նը իրա­կա­նա­նա­լի են, եթէ մտա­հան չը­նենք, որ բո­լոր ազ­գե­րը, որոնք մէկ ձեռ­քով բա­հը չեն բռ­նած, միւս ձեռ­քով զէն­քը, ուշ կամ կա­նուխ պի­տի կորս­ուին քար­տէ­զի երե­սէն ու դառ­նան մարդ­կու­թեան եւ ազ­գե­րու պատ­մու­թիւնը հե­տա­զօ­տող­նե­րուն առար­կան միայն։
Թո­րոն­թօ
Ժան Հալ­լաճ­եան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.