Եպիսկոպոսաց ժողովը կը դատապարտէ եկեղեցի-պետութիւն լարուածութիւնը եւ կը հաստատէ հաւատարմութիւնը Վեհափառ Հայրապետին
- (0)

Աւստրիոյ Սանքթ Փյոլթըն քաղաքին մէջ գումարուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը իր հրապարակած յայտարարութեամբ յստակ շեշտեց եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու լարուած ներկայ կացութենէն ելք գտնելու անհրաժեշտութիւնը եւ վերահաստատեց իր ամբողջական հաւատարմութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Ժողովը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու «անցանկալի» իրավիճակին առնչութեամբ՝ նշելով, թէ եկեղեցականներու դէմ գործադրուող հալածանքները, շինծու մեղադրանքներն ու բռնաճնշումները կը վտանգեն ազգային համերաշխութիւնը։ Եպիսկոպոսաց դասը կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն դադրեցնելու Եկեղեցւոյ դէմ ճնշումները եւ յարգելու անոր դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ յարաբերութիւնները խարսխելով փոխադարձ յարգանքի, սահմանադրական կարգի եւ իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման վրայ։ Միաժամանակ պահանջուեցաւ ազատ արձակել կալանաւորուած սրբազանները եւ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան ի խնդիր հանդէս եկած հայորդիները։
Յայտարարութեան մէջ առանձնակի կշիռ տրուեցաւ նաեւ ներեկեղեցական կարգապահութեան եւ միասնութեան հարցին։ Եպիսկոպոսները խստիւ դատապարտեցին Սուրբ Պատարագներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի անուան յիշատակութեան զեղչումը՝ զայն նկատելով եկեղեցաբանական առումով անընդունելի եւ ուղիղ հարուած Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան ու Հայոց Եկեղեցւոյ միասնութեան։ Անոնք վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ զայն բնորոշելով որպէս Եկեղեցւոյ միութեան, հաշտութեան եւ համերաշխութեան տեսանելի խորհրդանիշն ու երաշխիքը։
Եպիսկոպոսաց ժողովը շեշտեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները պէտք է լուծուին բացառապէս եկեղեցական կանոնական մարմիններու շրջանակին մէջ, եւ ոչ թէ արտաքին պարտադրանքի կամ քաղաքական շահարկումներու ճնշման տակ։