Եթէ Չխօսինք Ցեղասպանութեան Մասին, Նոյն Սխալները Դարձեալ Պիտի Կրկնենք. Կարօ Փայլան
«Արցախփրէս», վկայակոչելով թրքական CNN Turk-ը՝ կը հաղորդէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսիլը արգիլող փոփոխութիւններու փաթեթը քննարկման դրուեցաւ սահմանադրական յանձնաժողովին մէջ:
Փոփոխութիւններու այս առաջարկին դէմ են քեմալական Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
Վերջինիս անդամ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ 2017ին պատժուած էր խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելուն համար, փոփոխութիւններու առաջարկը անուանեց «ԱԶԿ-ԱՇԿ ազգայնական մենատիրական համաձայնական կառավարութեան առաջարկ»:
«Որպէս Թուրքիոյ հայ՝ կը ցանկամ, որ իմ պապերուս գլխուն եկած մեծ դժբախտութեան մասին իմ երկրի խորհրդարանին մէջ խօսուի: Եթէ Թուրքիան արգիլէ ատիկա, իսկ միւս խորհրդարաններուն մէջ այս մասին խօսին, ատիկա ինծի շատ կը վշտացնէ: Ի հարկէ, կան խորհրդարաններ, որոնք խնդիրը կ՛օգտագործեն լաւ նպատակով՝ խօսելով այս ցաւին մասին, սակայն որոշ խորհրդարաններ ալ այս հարցը կ՛օգտագործեն իբրեւ Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշման միջոց: Ես չեմ ցանկար, որ որեւէ խորհրդարանի մէջ այս ցաւին մասին խօսուի, եւ ատիկա կրնայ կանխուիլ միայն այն պարագային, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսին այս մասին», ըսաւ Փայլան:
Յիշելով իր հետ 2017ի Յունուարին կատարուածը՝ ան նշեց, որ իր նպատակը այդ ժամանակ նախազգուշացնելն էր, որ հեռու մնանք անցեալի սխալներու կրկնումէն: «Այսօր այն մարդիկը, որոնք այս օրէնքը կազմած են, զիս լինչի դատաստանի ենթարկեցին «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին համար, հեռացուեցայ խորհրդարանի 3 նիստի աշխատանքներէն: Այսօր ներկայացուող բանաձեւին մէջ ատիկա կը նշուի որպէս «վիրաւորանք թուրք ժողովուրդին նկատմամբ»: Սակայն մենք գիտենք, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը բազմալեզու է եւ բազմացեղ: Այդ իսկ պատճառով ալ կարեւոր է խորհրդանաին մէջ խօսիլը ու կատարուածին իրական անուն տալը: Եթէ չխօսինք, նոյն սխալները դարձեալ պիտի կրկնենք», ընդգծեց ան: