Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան գրադարանի հիմնում Երեւանի մէջ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ (4 ՅՈՒՆԻՍ 2026) — Պաշտօնապէս մեկնարկած է նուիրահաւաք մը՝ ի նպաստ Երեւանի սրտին մէջ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան գրադարանի ստեղծման։ Գրադարանը, որ կը միտի յաւերժացնելու եւ շարունակելու ժամանակակից հայոց պատմութեան ականաւոր պատմագիրներէն՝ լուսահոգի դոկտ. Յովհաննիսեանի կոթողային ժառանգութիւնը, մնայուն կերպով պիտի ներկայացնէ անոր կեանքի ընթացքին ամբարած աւելի քան 10 000 գիրքերու եւ հատորներու հաւաքածոն։
Քալիֆորնիոյ Սան Խոաքին հովիտին մէջ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքի մէջ ծնած Յովհաննիսեան, իր կեանքի ուղին նուիրեց Հայոց պատմութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ համայն աշխարհի տարածքին դարձաւ հայագիտութեան ռահվիրաներէն։ Ան հիմնադրեց եւ վարեց UCLA համալսարանի Արդի հայոց պատմութեան Հայ կրթական հիմնարկութեան (AEF) ամպիոնը, որ յետագային վերանուանուեցաւ ի պատիւ իրեն։ Ան հեղինակեց չորս հատորէ բաղկացած իր գլուխ-գործոցը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը (The Republic of Armenia) եւ անմահացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը բազմաթիւ այլ գիրքերու, ինչպէս նաեւ բանաւոր պատմութեան ընդարձակ հաւաքածոյի մը միջոցով, որ այժմ կը գտնուի USC համալսարանի «Շոահ» հիմնադրամին մէջ։ Պատմական հայկական քաղաքներու եւ գաւառներու նուիրուած իր գիտաժողովներու շարքը նոյնպէս վերածուեցաւ հատորներու, որոնց մէջ յաւերժօրէն պահպանուած են Արեւմտեան Հայաստանի կորուսեալ պատմութիւնը, մշակոյթն ու ոգին։
Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան գրադարանը նախատեսուած է իբրեւ միջազգային մակարդակի մշակութային եւ մտաւորական տարածք։ Երեւանի մէջ գետնի վրայ աշխատանքները արդէն իսկ թափով ընթացքի մէջ են․ մասնագէտներ եւ ցուցակագրողներ մանրակրկիտօրէն կը դասաւորեն արխիւային հսկայական հաւաքածոն։ Մինչեւ տարեվերջ, այս հատորները պիտի տեղադրուին գեղեցկօրէն ձեւաւորուած սրահին մէջ՝ յատուկ պատրաստուած՝ յատակէն մինչեւ առաստաղ երկարող գրադարակներու վրայ։
Այս տարածքը պիտի ծառայէ իբրեւ հայագիտական եւ տարածաշրջանային հետազօտութիւններու զարգացման կենսունակ կեդրոն՝ ներշնչելով գիտնականներու, մտածողներու եւ առաջնորդներու նոր սերունդները՝ կլոր սեղաններու, գիտաժողովներու եւ կրթական ծրագիրներու ամենամեայ օրացոյցով։
Թէեւ Յովհաննիսեան ընտանիքը, քանի մը գործընկեր հայկական հաստատութիւններու հետ մեկտեղ, կրած է ծրագրի նախնական եւ շինարարական ծախսերու առիւծի բաժինը, սակայն համաշխարհային արշաւ մը սկսած է՝ պատմական նշանակութիւն ունեցող այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակելու, տարածքին վերջնական կահաւորումը, ընթացիկ արխիւային աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները ֆինանսաւորելու համար։
«Մենք սկսած ենք մեծ հօրս անունով հիմնել գրադարան մը, որ ոչ միայն պիտի յաւերժացնէ անոր ձգած ժառանգութիւնը, այլեւ հայորդիներու նոր սերունդներուն առիթ պիտի տայ բացայայտելու մեր անցեալի գանձերը, ներշնչուելու եւ դէպի մեր ապագան սլանալու», նշեց դոկտ. Յովհաննիսեանի թոռ ու Երեւանի մէջ ծրագրի իրականացման պատասխանատու՝ Creative Armenia-ի հիմնադիր Կարին Յովհաննիսեանը։
Արշաւին՝ տուրքերէ զերծ (tax-deductible) նուիրատուութիւն կատարելու համար հաճեցէ՛ք այցելել պաշտօնական կայքէջը՝ https://www.creativearmenia.org/library ։