Դաշնակցութիւնը պիտի առաջնորդէ ու ղեկավարէ ձեզ այս արդար պայքարին մէջ

Թրքահաճոյ իշխանութիւնները տեղ չունին մեր պետութեան ղեկին

Ստորեւ, Մոնթրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 131-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին օրուան բանախօս ընկ. Վաչէ Բրուտեանի խօսքը։

Վաչէ Բրուտեան

Սիրազեղ ու փառաբանանքի լեզուով չէ որ պիտի խօսինք իրարու հետ այսօր։ Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չէ մասնակցած գեղեցկութեան մրցումներու, երբե՛ք չէ փորձած հաճելի երեւալ իր լսարանին, այսինքն նոյնինքն այն ժողովուրդին, որուն ծառայելու ու զայն առաջնորդելու համար հիմնուած է ան։ Երբե՛ք չենք փորձած  գովասանական խօսքեր շռայլել այն ժողովուրդին, որուն թէ՛ ծառան ենք, թէ՛ անոր տիրութիւն ընողը, եւ թէ մանաւանդ՝  զայն առաջնորդը։

Ինչպէս միշտ, այսօր եւս պիտի խօսինք տուեալներով եւ հիմնուած՝ իրողութիւններու, փաստերու վրայ։

Այս պատճառով ալ, կ՚ուզենք սկիզբէն իսկ յայտարարել, թէ ծանր օրերու մէջ կ՚ապրինք։ Ծանր ու միաժամանակ վճռական։ Ծանր, վճռական ու ամենակարեւորը՝ ոչ… աննախընթաց։ Այս խօսքերուն նպատակը մեր ժողովուրդը վախցնելը չէ. երբե՛ք։ Մեր նպատակն է մեր հանրութիւնը մղել, որ սթա՛փ, գիտակից եւ իրապաշտ կերպով վերաբերի ու գործէ այն քաղաքական զարգացումներուն նկատմամբ, որոնց ականատես կ՚ըլլանք ամէն օր, թէ՛ մեր հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ անոր շուրջ, ամբողջ տարածաշրջանէն ներս։

Ներկայ դրութեամբ, ունինք երկիր մը, որուն պետական կառոյցները կիսաքայքայուած վիճակի մէջ էին պատերազմէն առաջ իսկ։ Իրականութեան մէջ, պետական կառոյցներու այս կիսաքանդ վիճակը մեծապէս քաջալերեց մեր թշնամիները, որ մեր դէմ յարձակում գործեն անցեալ տարուան Սեպտեմբերի 27ին։

Ունինք հայապատկան հողերու 25 տոկոսի կորուստ, իսկ Արցախի հանրապետութեան 75 տոկոսի կորուստ։ Այս կորուստին հետ՝ տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ, որոնք կը տուայտին անորոշութեան մէջ։

Ունինք աւելի քան 4 հազար նահատակներ մեր բանակէն։ Այո, այդ նոյն բանակէն, որ ապրիլեան քառօրեային, քարուքանդ ըրած էր ատրպեճանական՝ «Եաշմա» կոչուած յատուկ զօրախումբերը։

Այսօր, ըստ զանազան աղբիւրներու, ատրպեճանական բանակի աւելի քան հազար զինուորներ կը գտնուին Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն ներս, գրաւած ըլլալով ռազմավարական այնպիսի դիրքեր եւ հաղորդակցութեան միջոցներ, որոնք կը սպառնան մեր երկրի շնչառութեան իսկ։ Ատրպէյճան այս ձեւով կը փորձէ կտրել մեր երկրի ներքին արիւնատար երակները։ Ան զանազան ձեւերով կը փորձէ Սիւնիքը կտրել մայր հայրենիքէն ու մեր երկիրը վերածել անտէր-անտիրական հողատարածքի մը, որուն հետ կարելի է ըստ կամս վարուիլ։

Վիճակը աւելի յուսահատական կը դառնայ երբ աւելցնենք, որ ունինք իշխանութիւն մը, որ անհաղորդ է մեր ազգային շահերուն, անհաղորդ է մեր պատմութեան, մեր իղձերուն եւ իտէալներուն։ Անոնք պարզապէս իրենց բոլշեւիկ հոգեհայրերուն նման, կտրուած են իրենց ազգային արմատներէն ու կը ծառայեն միայն ու միայն միջազգային դրամատիրական գաղափարախօսութեան, կը ծառայեն այդ գաղափարախօսութեան հետամուտ արտաքին ուժերուն, որու որ ըլլայ, միայն թէ պահեն իրենց իշխանութիւնը։

Մէկ խօսքով, մենք կը գտնուինք նոր տեսակի ցեղասպանութեան մը վտանգին դէմ յանդիման։

Դաժան է այս պատկերը։ Դաժան, սակայն դժբախտաբար՝ իրական։

Ո՞րն է սակայն լուծումը։ Եւ կամ, առհասարակ, լուծում կա՞յ։

Անշո՛ւշտ որ կայ։ Բայց նախ քան այդ, անհրաժեշտ նախ լաւ ճանչնալ աշխարհաքաղաքական այն միջավայրը, որուն մէջ կոչուած ենք գործելու թէ՛ իբրեւ Հայաստան ու հայութիւն եւ թէ՛ իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն։

Խ. Միութեան փլուզումէն վերջ, դրամատիրական գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող Արեւմուտքը, իր քարոզչական միջոցներով, առաջ մղեց այն տեսակէտը, թէ խորհրդային համակարգի փլուզումով, փուլ եկաւ նաեւ ընկերվարութիւնը իբրեւ գաղափարախօսութիւն։ Այդ նոյն ուժերը թմբկահարեցին այն տեսակէտը, թէ «արդար»ն ու «ճիշդ»ը դրամատիրական գաղափարախօսութիւնն էր։ Նոյն այս ուժերը բնականաբար կ՚ուզէին անտեսել այն իրողութիւնը, որ ընկերվարութիւնը եւ համայնավարութիւնը էապէս տարբեր բաներ են։ Էապէս տարբեր են, որովհետեւ ընկերվարութիւնը դէմ է որեւէ տեսակի բռնատիրութեան, որովհետեւ ընկերվարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իրարմէ անքակտելի գաղափարներ են։ Սակայն Արեւմուտքի մունետիկներուն համար իրականութիւնները էական չեն. Էականը՝ շահն է, նիւթական, դրամական, շօշափելի շահը։

Հայաստանն ու հայութեան շահերը աչքի առջեւ ունենալով, պէտք է նկատենք երկու կարեւոր ազդակներ։

ԱՌԱՋԻՆ.- Վերջին երկու տասնամեակներուն, աշխարհի մէջ մեծ թափ ստացաւ դրամատիրութեան սանձարձակութիւնը։ Անդրազգային մեծ ընկերութիւնները (Էքսոն Մոպիլ, Լաքհիտ Մարթին, Մոնսանթօ, հանքային հանածոներու մէջ մասնագիտացած եւ տասնեակներով ուրիշներ) գրեթէ ամբողջական հակակշիռ հաստատած են Արեւմուտքի քաղաքական ուժի կեդրոններուն վրայ՝ այսինքն Ուաշինկթընի, Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի։  Այս ուժի կեդրոններուն եւ նշեալ ընկերութիւններուն միջեւ միշտ ալ եղած է համադրում, սակայն այսօր ստեղծուած է այնպիսի համաձուլում մը, որ դժուար թէ խախտի։

Ուրեմն քաղաքական-տնտեսական ուժի այս կեդրոնները աշխարհը կը նկատեն իրենց սեփական մեծ շուկան, ուր իրենք կը փորձեն մենաշնորհներ հաստատել։ Չեն ընդունիր մրցակիցներու գոյութիւնը։ Չեն հանդուրժեր, որ մէկը դիմադրէ իրենց։

Իրենք կը համարեն, որ իրենց աստուածատուր իրաւունքն է տիրանալու ուրիշ երկիրներու բնական հարստութիւններուն, ու այդ բնական հարստութիւնները բաշխող հաղորդակցութեան գիծերուն։ Այդ բնական հարստութիւնը կրնայ քարիւղ ըլլալ, կրնան հանքային այլ հանածոներ ըլլալ, եւայլն։

Այս ուժերուն համար, բացարձակապէս ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն այլ ժողովուրդներու ազգային առանձնայատկութիւնները, ուրոյն մշակոյթը, ազգային իղձերը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը։ Իրենց համար գոյութիւն չունին այլ ժողովուրդներու գերիշխան սահմաններ։ Իրենց հաւատամքը կարելի բացատրել երկու բառով՝ դրամատիրական պոլշեւիզմ։

Իրենց այս վարքագիծը յաջողութեամբ պսակելու համար, Արեւմուտքը կը տիրապետէ ոչ միայն քարոզչական հսկայական միջոցներու (Ֆոքս Նիւզ, Սի Էն Էն, Պի Պի Սի եւայլն), այլ նաեւ թիրախային երկիրներու մէջ կը ֆինասնաւորէ ոչ կառավարական հազարաւոր կազմակերպութիւններ (Էն Ճի Օ), որոնք իբրեւ թէ կը հետապնդեն կենսոլորտի մաքրութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընտանեկան բռնութեան դէմ, ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան խնդիրներ, եւայլն։ Այսպէս, յանկարծ Քազզաֆին կը նկատուի «խելագար», Իրաքը զանգուածային զէնքերու պահեստարան (որ «բնականաբար» պէտք է չէզոքացնել), Պաշշար Ասատը «արիւնոտ բռնատէր», Լուքաշենքոն «Եւրոպայի վերջին բռնատէրը», Սերժ Սարգսեանը «խաղամոլ », Ռոպերթ Քոչարեանը «կաշառակեր» ու «սահմանադրութիւնը տապալած», հայկական զինուժի յաղթանակին ու հայկական բանակի կառուցման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած գեն. Եուրի Խաչատուրովը «յանցագործ», հայկական բանակի այլ նուիրեալներէն Սէյրան Օհանեանը «սահմանադրական կարգերու տապալման մեղսակից» եւայլն։ Շարքը շատ երկար է։

Եւ այսպէս, քարոզչական նման յարձակումներէ վերջ, արեւմուտքի ուժերը ապօրինաբար կը յարձակին Իրաքի վրայ, կը քանդեն այդ երկրի պետական կառոյցները ու սկսին կողոպտելու անոր բնական հարստութիւնը, որ այս պարագային՝ քարիւղն է։ Բրիտանացի յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի դիտարկումը շատ ճիշդ էր՝ եթէ Իրաքի ամենամեծ արտածումը եթէ, ըսենք, ճակնդեղը ըլլար, Արեւմուտքը պիտի գրաւէ՞ր Իրաքը… Իրաքին յաջորդեց, Լիպիան։ Լիպիան քարուքանդ եղաւ, սակայն անոր քարիւղային ենթակառոյցին խնայեցին։ Խնայեցին, որպէսզի կողոպտեն այդ երկրին բարձրորակ քարիւղը։ Ու այդ կողոպուտը կը շարունակուի մինչեւ  օրս, մինչ երկիրը կը մնայ մասնատուած։

Սուրիան մերժեց կազատար խողովակներու անցք տալ Քաթարին, Արեւմուտքի կամակատարին, ու տեսանք թէ ինչ պատահեցաւ Սուրիոյ մէջ։ Ֆիզիքապէս կիսաքանդ երկիր մը, որուն գերիշխանութիւնը եւս մասնատուած է ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕի կամակատար այլ ուժերու միջեւ եւ սուսիկ-փուսիկ ալ՝ երկրին քարիւղը կը կողոպտուի արեւմտեան նշեալ ընկերութիւններուն կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, Սուրիան կը շարունակէ դիմադրել, որովհետեւ իրեն զինակից-դաշնակիցներ գտած է, շնորհիւ իր խելամիտ արտաքին քաղաքականութեան։

Ելեկտրական ինքնաշարժներու «պաթըրի»ներուն համար կենսական հում նիւթ է լիթիումը, որուն համաշխարհային պաշարներուն 70 տոկոսը կը գտնուի Պոլիվիոյ մէջ։ Ու երբ երկրին նախագահ Էւօ Մորալես լիթիումի հանքարդիւնաբերութամբ զբաղող ընկերութիւններէն պահանջեց եկամուտի աւելի արդար բաշխում ենթադրող նոր համաձայնագրեր, զինք գահընկեց ըրին պարզապէս…

Հիմա կրնանք հարց տալ, լաւ, այս բոլորը ի՞նչ կապ ունին հայութեան ու Հայաստանին հետ, այդ ալ… Դաշնակցութան օրուան առիթով ելոյթի մը մէջ։ Շատ ալ լաւ կապ ունին, երբ մտաբերենք… Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատար գիծը։ Ոչ միայն այս գիծը, այլեւ նոյնինքն Պաքուի քարիւղի ու բնական գազի ամբողջ ենթակառոյցները կը գտնուին հայկական զինուժի անմիջական հասողութեան տակ։ Եւ ուրեմն, Ատրպէյճանի քարիւղի արտահանման ու բաշխումի ցանցերուն բաժնեկից ընկերութիւններուն համար, կարեւոր էր հայկական չակերտեալ վտանգին չէզոքացումը։ Հայաստան իր նախագահին բերնով յայտարարած էր, որ եթէ Ատրպէյճան փորձէ Արցախի հարցը զէնքի ուժով լուծել, եթէ դիմէ զէնքի ուժի, ինք պիտի չվարանի «Իսկանտէր»ը կրակելու հահանգ տալու, այսինքն՝ մոխրակոյտի վերածելու Պաքուի քարիւղի ամբողջ ենթակառոյցը։ Նոյն այդ արտաքին ուժերը տրամաբանեցին, որ Պաքու-Ճէյհան քարիւղատար գիծը պէտք էր դուրս բերել իրենց համար ռիսկային նկատուած գօտիէն։ Ատոր համար ալ Հայաստանի մէջ պէտք էր իշխանափոխութիւն կատարել ու բերել մէկը, որ կարենար երաշխաւորել Ատրպէյճանի յաղթանակը։ Որո՞ւ հոգն էր պատմական արդարութիւնը, որո՞ւ հոգն էր, թէ Արցախը հայապատկան եղած է… Եւ ուրեմն, սիրելիներ, պարզ ու յստակ, այս էր որ պատահեցաւ 2018ի Ապրիլին Հայաստանի մէջ՝ կեղծ յեղափոխութեան պիտակին տակ, ու այս էր որ պատահեցաւ 44 օրեայ պատերազմին։ Այսօր, տարօրինակօրէն, գրեթէ բան չէք լսեր Հայաստանի մէջ սունկի պէս բուսած եւ Արեւմուտքի կողմէ ֆինանսաւորուող այդ Էն. Ճի. Օ.ներէն, մարդկային իրաւանց կեղծ պաշտպաններէն։ Այսօր անոնք իրենց դերը կատարած են, քանդած են մեր երկիրը, այլեւս իրենց կարիքը չունի Արեւմուտքը։ Job well done!

ԵՐԿՐՈՐԴ կարեւոր ազդակը.-

Այդ ալ հայ-թրքական դարաւոր եւ ցարդ անլոյծ մնացած կնճիռն է, Հայկական հարցը։

Բոլորդ ալ գիտէք, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ ազատագրելու համար հայն ու Հայաստանը՝ բռնատիրութենէն։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ, Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ ոչ միայն վառ պահեց Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, այլեւ զայն պահեց իր քաղաքական օրակարգին վրայ։ Իսկ ի՞նչ էր այդ օրակարգը՝ աւելի մասնայատուկ կերպով. Ատիկա ՀՈՂԱՀԱՒԱՔի ծրագիրն էր։ Այսինքն՝ հայապատկան բոլոր հողերու վերամիացումը Մայր հայրենիքին, Հայաստանին։ 1920ական տարիներուն, երբ թափ առած էր քրտական շարժումը Քեմալական Թուրքիոյ դէմ, Դաշնակցութիւնը դերակատար էր հոն՝ որովհետեւ այդ կը պահանջէր իր օրակարգը, այդ կը պահանջէին Հայաստանի ու հայութեան շահերը։

Բ. Համաշխարհային պատերազմի  տարիներուն, երբ միջազգային նոր աշխարհակարգ մը սկսած էր ուրուագծուելու, Դաշնակցութիւնը դարձեալ հետամուտ եղաւ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն՝ քաղաքական հանդիպումներով, յուշագրերով եւայլն։

60ականներուն, սփիւռքահայութիւնը դաշնակցական մամուլի էջերէն էր, որ կ՚իմանար Խ. Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մասին՝ Արցախի, ԼՂԻՄի մէջ։ Դաշնակցութիւնն էր այն միակ կազմակերպութիւնը Սփիւռքի մէջ, որ կը պահանջէր Արցախի վերամիացումը Մայր Հայրենիքին, Արցախեան շարժումէն շատ շատ առաջ արդէն։

1970ական-80ական տարիներուն, Դաշնակցութիւնը իր օրակարգը  առաջ մղեց գաղափարական վերաթարմացումով, սփիւռքահայութեան մօտ քաղաքական շահի գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելով եւ պայքարի տարբեր մեթոտներով։ Շնորհիւ այս ճիգերուն, Եւրոպական խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը 1986ի Յունիսին եւ միաժամանակ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ, որ ի՛նք եւս ընդունի իր յանցանքը։

Ու 1988ին, երբ ծագեցաւ Արցախեան շարժումը, Դաշնակցութիւնը անմիջապէս գիտակցեցաւ, որ հասած է պահը Արցախի ազատագրութեան ու նետուեցաւ այդ պայքարի մէջ։

Պատճառը շատ պարզ էր.- Դաշնակցական քաղաքական միտքը կը տրամաբանէր, որ Արցախի ազատագրումը առաջին գործնական հանգրուանն է այն օրակարգին, որ կը միտի հայապատկան հողերը վերամիացնել մայր հայրենիքին։ Այսինքն, կարեւոր քայլ մը՝ Հայ դատի լուծման ճամբուն վրայ։

Իր կարգին, Թուրքիա վաղուց անդրադարձած էր, որ հայութեան կողմէ Արցախի ազատագրումը  ի վերջոյ առնչութիւն ունի Հայկական հարցին։ Այսինքն այն հարցին, զոր ինք միշտ ուզած է վերջնականապէս թաղել։ Որովհետեւ, Հայկական հարցի արդարացի լուծման բաղկացուցիչ մասերէն մէկն է հողային խնդիրը, Ուիլսընեան սահմաններով ուժեղ Հայաստանի մը ստեղծումը։ Ու կարմիր լոյսերը վառեցան Անգարայի մէջ։

Հոս էր, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերը ռազմավարական առումով նախ իրարու սերտօրէն առնչուեցան։ Ապա նոյնքան սերտօրէն առնչուեցան այն բազմազգեան ընկերութիւններու շահերուն, որոնք շահագրգիռ էին Պաքուի քարիւղով ու ատոր բաշխումի համաշխարհային ցանցերով, որուն մասին քիչ առաջ անդրադարձանք։

Կրկնենք՝ ա՛յս էր պատահածը Հայաստանի մէջ 2018 գարնան ու այս էր պատահածը 44 օրեայ պատերազմով։

Ու ինչպէս ըսինք մեր խօսքին սկիզբը, ասոնք են իրականութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր ազգովին։ Մենք երբեք սին յոյսերով չենք օրօրած մեր ժողովուրդը, որովհետեւ մեր առնելիք քայլերը պիտի հիմնենք թէ՛ իրականութիւններուն եւ թէ՛ մեր հաւատքին ու համոզումներուն վրայ։

Հասանք մեր այսօրուան խօսքին վերջին բաժինին։

Կրնաք արդարօրէն հարցնել, լաւ, եթէ այս է իրականութիւնը, մենք ինչպէ՞ս դէմ դնենք այս ուժերուն։

Նախ՝ այս հարցադրումը ինքնին պարտուողական է։ Եթէ Դաշնակցութեան հիմնադիրները այսպէս մտածէին, ինչպէ՞ս պիտի պայքարէին Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդէին մեր ժողովուրդին ազգային ազատագրական պայքարը, ինչպէ՞ս պետականութիւն պիտի ստեղծէին 1918ին, ինչպէ՞ս պիտի պարտադրէին, որ մեծ պետութիւնները ճանչնային մեր դէմ գործուած ոճիրը, ինչպէ՞ս պիտի ազատագրէինք Արցախը։

Անցեալին եւս նման ծանրագոյն պայմաններու մէջ գտնուած ենք։ Նոյնիսկ ասկէ շա՛տ աւելի ծանր։

1917 տարուան այս ամսուն էր, մօտաւորապէս, որ Կովկասեան ճակատը սկսած էր քայքայուելու՝ այդ օրերու կլոպալիստական ուժերու, այսինքն Ռուսիոյ մէջ նոր իշխանութեան տիրացած բոլշեւիկեան իշխանութեան որոշումով։ Այդ օրերուն ոչ պետութիւն ունէինք, ոչ կանոնաւոր բանակ, ոչ ալ համապատասխան կառոյցներ։ Բայց կար ուրիշ բան մը, որ այսօր չենք տեսներ մեր հայրենիքի պետական կառոյցներուն՝ յատկապէս գործադիր իշխանութեան մէջ.- Այդ օրերուն մենք ունէինք նուիրեալներ, նուիրեալներու փաղանգներ։ Այդ նուիրեալները ունէին գաղափարական համոզումներ։ Գաղափարապաշտ էին։ Զինուած էին ամէնէն ուժեղ զէնքով, գաղափարի՛ ու հաւատքի զէնքերով։

Այդ օրերուն, երբ արդէն իսկ ամայացած է Արեւմտեան Հայաստանը եւ Ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ էր, նոյն վտանգը սկսաւ ակներեւ դառնալու՝ այս անգամ Հայաստանի աշխարհի արեւելեան հատուածին համար։

Փրկութիւնը եկաւ գաղափարներու աշխարհէն։ Փրկութիւնը եկաւ գաղափարի այդ աշխարհին մէջ թրծուած Արամ Մանուկեանի ու իր սերնդակից-գործակիցներուն տեսքով։ Անոնք սոսկական անհատներ չէին. Անոնք գաղափարի հսկաներ էին, թրծուած Դաշնակցութեան գաղափարի ու գործի քուրային մէջ։ Այդ նոյն գաղափարական աշխարհին, որմէ ներշնչուելով մենք գործեցինք Սփիւռքի մէջ, տասնամեակներով, գործեցինք Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին ու կը պայքարինք այսօր եւս, որպէսզի կարենանք դիմադրել մեր պետութեան ղեկը բռնագրաւած այս այլանդակ ու դաւաճանական խմբակին ու վռնտենք զանոնք իշխանական դիրքերէն։ Թրքահաճոյ իշխանութիւնները տեղ չունին մեր պետութեան ղեկին։ Անոնք գաղափարական ոչ մէկ կապ ունին մեր ժոպվուրդի ստեղծած արժէքներուն հետ։ Անոնք ոչ մէկ կապ ունին մեր ժողովուրդին ստեղծած քաղաքական մտածողութեան հետ։ Անոնք ոչ միայն չեն կարդացած Ռուբէն Տէր Մինասեանի ու անոր սերնդակիցներուն ստեղծած ռազմավարական միտքի հատորները, այլեւ չեն լսած այդ անուններն իսկ։

Ու այն ատեն է միայն, որ մենք պիտի ստեղծենք մեր երազած Հայաստանը, քաղաքականօրէն առողջ, ընկերային-տնտեսական արդար համակարգով օժտուած, որ վայելէ յարգանքը իր հարեւաններուն, բարեկամներուն, զինակից-դաշնակիցներուն եւ թշնամիներուն։

Կոչ կ՚ուղղենք ձեր բոլորին, որ զինուիք Դաշնակցութեան գաղափարներով, զինուիք դաշնակցականներու հաւատքով եւ մանաւանդ՝ զինուիք Դաշնակցութեան յամառ պայքարի ոգիով եւ չկասկածիք՝ Դաշնակցութիւնը պիտի առաջնորդէ ու ղեկավարէ ձեզ այս արդար պայքարին մէջ։ Արշալոյսը հեռու չէ։

Դեկտեմբեր, 2021

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.