Դաշնակցութիւնը կա՛յ ու կը մնա՛յ
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Դիտելով դար մը եւ երեսունվեց տարիներու ժամանակ ընդգրկող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը՝ նոր տեսիլքներով, նոր յանձնառութիւններով եւ անսասան հաւատքով կը դիմաւորենք նաեւ ապագան։
Հայ ժողովուրդի հայրենատենչ երկունքէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան աւելի քան մէկ դարու ընթացքին եղած է ոչ միայն քաղաքական կազմակերպութիւն մը, այլեւ ազգային-գաղափարական հզօր կառոյց մը, որ իր կազմակերպուած ուժով, հայրենանուէր ու ազգանուէր գործունէութեամբ եւ անսահման զոհաբերութիւններով իր անջնջելի դրոշմը դրած է հայոց նորագոյն պատմութեան վրայ։
Այսօր, սակայն, Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Դաշնակցութեան պատմական դերակատարութիւնը նսեմացնելու, անոր անցեալը մշուշապատելու, նորահաս սերունդին գիտակցութեան մէջ անոր հանդէպ թշնամական պատկեր մը ստեղծելու եւ զայն իրեն իսկ ծնունդ տուած հայրենիքէն արմատախիլ ընելու խօսքերն ու փորձերը այլեւս չեն կրնար ընդունուիլ իբրեւ սովորական քաղաքական բանավէճ։
Եւ երբ այդպիսի խօսքերը կը հնչեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն, հարցը կը դադրի ըլլալէ միայն կուսակցական տարակարծութիւն մը. հարցը կը դառնայ՝ ո՞ւր կը վերջանայ քաղաքական ընդդիմութիւնը եւ ո՞ւր կը սկսի քաղաքական հակառակորդի գոյութիւնը վերացնելու ձգտումը։
2026ի Սեպտեմբեր 15ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած անհեթեթ խօսքերը անցան սովորական քաղաքական քննադատութեան կարմիր սահմանները։
Արման Եղոյեան անամօթաբար եւ լկտիօրէն յայտարարեց, թէ անհրաժեշտ է, որ «Դաշնակցականութիւնը մինչեւ արմատները արմատախիլ ըլլայ հայ քաղաքական մտքէն», իսկ մատը թափ տալով դէպի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը՝ ըսաւ, որ ան պէտք է ըլլայ «վերջին դաշնակցականը»։ Ան նաեւ այդ նախատինքը ներկայացուց իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան «յարատեւութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան» նախապայման։
Եղոյեան Դաշնակցութիւնը բնութագրեց նաեւ որպէս «աղէտաբեր, կոնֆլիկտածին» կուսակցութիւն մը եւ պնդեց, որ դաշնակցական մտածելակերպը պէտք է վերացնել հայ քաղաքական միտքէն ու նոր սերունդի դաստիարակութենէն։
Կը հաւատանք՝ Դաշնակցական կուսակցութիւնը քննադատութենէ վեր չէ։
Դաշնակցութիւնը կարելի է քննադատել։
Կարելի է չհամաձայնիլ անոր քաղաքական որոշումներուն եւ գործելաոճին հետ։
Կարելի է հակադրուիլ անոր գաղափարներուն։
Կարելի է նոյնիսկ խիստ քաղաքական պայքար մղել անոր դէմ։
Բայց քաղաքական հակառակորդի մը «արմատախիլ ընելը» չի կրնար դառնալ ժողովրդավարական քաղաքականութեան ընդունելի նպատակ։
Կուսակցութիւնները կը փոխուին, իշխանութիւնները կը փոխուին, քաղաքական ուժերու կշիռները կը փոխուին, բայց հայրենիքի եւ ժողովուրդի պատմութիւնը չի փոխուիր ամէն ընտրութենէ ետք։
Դաշնակցութեան պատմութիւնը մէկ խորհրդարանական ամպիոնի պարսաւանքով չի ջնջուիր, որովհետեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնը իր սեփականութիւնը չէ միայն։
Ան հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի, պետականութեան վերականգնման, հայապահպանման եւ ազգային գոյամարտի պատմութեան մէկ կարեւոր էջն ու օղակն է։ Եւ այդ էջը գոյութիւն ունի վաւերական փաստաթուղթերու, պետական հաստատութիւններու, պատմական յուշարձաններու, նահատակներու շիրիմներու եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ ամէնուրեք։
Լաւ յիշէ, անգրագէտ Արման Եղոյեան, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ 28 Մայիս 1918ին։ ՀՅ Դաշնակցութեան ազգընտիր ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի կողմէ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի պաշտօնական պատմականը կը հաստատէ, որ այդ Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունէր մեծամասնութիւն եւ կը հանդիսանար կառավարող կուսակցութիւնը։ Նոյն աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ այդ խորհրդարանը իր գոյութեան ընթացքին ընդունած է 1000է աւելի օրէնքներ եւ օրէնքի ուժ ունեցող փաստաթուղթեր։
Այո, այս փաստերը կրնան գնահատուիլ տարբեր քաղաքական դիտանկիւններէ, բայց չեն կրնար բնաջնջուիլ։
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գոյութիւնը փաստ է։
Վեց դարերու անհայրենիք ու պետականութիւն չունեցող ազգը ստեղծեց հայոց պետականութիւն եւ այդ վերականգնման շրջանը պատմական իրողութիւն է, պրն. Փաշինեան, եւ այդ շրջանին Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնը պատմութեան մաս կը կազմէ, Արման Եղոյեան։
ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան համար ինքնափառաբանական ու գովաբանական խօսքերը միշտ ալ խոտոր հնչած են, սակայն ՀՀ վարչապետին ռամիկ ու մաղձով թանձրացած ելոյթները քաղաքական կազմակերպութիւններու հասցէին եւ ի մասնաւորի 135 տարուան կեանք ունեցող ՀՅ Դաշնակցութեան, ղեկավարներու վարկաբեկումը, արդարութեան համար ձայն բարձրացնողներու կալանաւորումը խանգարած են մեր գիտակից կեանքերը:
Յարգելի՛ ընթերցող,
ՀՅ Դաշնակցութեան ամենաուժեղ ապացոյցը միշտ եղած է իր գործը։
Գործի եւ զոհաբերութեան ճամբով էր, որ Օսմանեան բռնապետութեան տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ արթնցուց ազատագրական պայքարի գիտակցութիւնը եւ բարձրացուց ազատութեան պայքարի դրօշը՝ մնալով պատնէշի վրայ։
Գործի եւ զոհաբերութեան ճամբով էր, որ Ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք հայ ժողովուրդը կրցաւ վերականգնել իր պետականութիւնը։
Գործի եւ զոհաբերութեան ճամբով էր, որ տասնամեակներ շարունակ հայրենիքէն դուրս՝ Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ պահպանուեցան հայ լեզուն, դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը, կազմակերպուած ազգային կեանքը եւ հայրենիքին կապուելու գիտակցութիւնը։
Եւ գործի ու զոհաբերութեան նոյն ոգիով էր, որ Արցախեան ազատամարտի եւ գոյամարտի տարիներուն Դաշնակցութեան երդուեալ ընկեր-ընկերուհիներն ու համակիրները կրկին կանգնեցան առաջին գիծերու վրայ եւ գործով ու արիութեամբ պատասխանեցին բոլորին։
Արման Եղոյեան, եթէ քու մէկ ելոյթով կը խորհիս, թէ կը վերացնես ՀՅ Դաշնակցութիւնը, լաւ գիտցիր, որ անոր գոյութիւնը ջնջելը անկարելի է, քանզի հզօրներն անգամ չկարողացան այդ ընել։
Եւ դուն այսօր թելադրուած թրքամէտ ղեկավարներէդ կ՛ըսես «արմատախիլ ընել»: Պէտք է միայն մէկ հարց տալ՝ որո՞ւ արմատները։
Այդ արմատները միայն կուսակցական գրասենեակներու մէջ չեն խարսխուած:
Անոնք կը գտնուին հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան խորքերուն մէջ։
Անոնք Մուսա լեռան մէջ են։
Անոնք Սասունի լեռներուն վրայ են։
Անոնք Վանի, Զէյթունի եւ Կիլիկիոյ ազատագրական պայքարներուն մէջ են։
Անոնք Մայիսեան հերոսամարտերու բոցավառ հնոցներուն մէջ են։
Անոնք Առաջին Հանրապետութեան պետական շէնքին հիմերուն մէջ խարսխաւորուած են։
Անոնք Սփիւռքի հազարաւոր դպրոցներու, եկեղեցիներու, մշակութային կեդրոններու եւ ազգային կառոյցներու պատմութեան մէջ են։
Անոնք Արցախի լեռներուն եւ նահատակներու շիրիմներուն մէջ են, եւ ամենակարեւորը՝ անոնք ապրող նորահաս սերունդներու հոգիներուն եւ յիշողութեան մէջ են։
Պրն. Եղոյեան, ՀՅ Դաշնակցութեան արմատները չեն արմատախլուիր քաղաքական բեմերէն ու ամպիոններէն արտասանուած քանի մը անպատասխանատու եւ արտառոց նախադասութիւններով եւ ոչ ոք կրնայ տապանաքար դնել կենդանի գաղափարի մը վրայ:
Դաշնակցութիւնը ունի պատմութիւն, ունի բազմահազար նահատակներ։
Դաշնակցութիւնը ունի գաղափարական հիմք, ունի կազմակերպչական ժառանգութիւն, ունի դպրոց, մամուլ, մշակոյթ եւ ազգային կառոյցներ։
Եւ ունի սերունդներ, որոնք իրենց կեանքը կապած են Հայաստանի եւ հայութեան ծառայութեան սրբազան խորանին ու գաղափարին։
Այդ պատճառով, երբ այսօր անոր դէմ կը հնչեն ծայրայեղ յերիւրանքներ եւ արտայայտութիւններ, երբ անոր գոյութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Հայաստանի անկախութեան կամ ինքնիշխանութեան սպառնալիք, պէտք է յիշել մէկ եւ պարզ ճշմարտութիւն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ մէկ կուսակցութեան սեփականութիւնը չէ, ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ալ ընդդիմութեան․ Հայաստանը հայ ժողովուրդին հայրենիքն է։
Եւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ տարբեր գաղափարներու, կուսակցութիւններու եւ քաղաքական համոզումներու գոյութիւնը՝ ժողովրդավարական իրականութեան անքակտելի մէկ օղակն է։
Դաշնակցութեան դէմ կարելի է պայքարիլ, բայց Դաշնակցութեան պատմութեան դէմ՝ ոչ:
Պարո՛ն Փաշինեան,
Քաղաքական տարակարծութիւնը բնական է։
Ընդդիմութիւնը ժողովրդավարութեան անբաժան մասն է։
Կուսակցութիւններու միջեւ սուր բանավէճը քաղաքական կեանքի իրականութիւն է։
Բայց պատմական կուսակցութիւն մը նսեմացնելու, անոր գոյութիւնը վերացնելու կամ անոր գաղափարական ներկայութիւնը «արմատախիլ ընելու» լեզուն չի կրնար փոխարինել պատմական փաստացի իրողութիւնը։
Դաշնակցութեան դէմ կարելի է քաղաքական պայքար մղել, բայց Դաշնակցութեան պատմութեան դէմ քաղաքական հրամանագիր գոյութիւն չունի։
Ժամանակաւորապէս կարելի է փորձել փոխել սերունդներու վերաբերմունքը, բայց կարելի չէ փոխել պատմական անցեալը։
Կարելի է քննադատել Դաշնակցութեան իշխանութեան շրջանի որոշումները, բայց կարելի չէ Առաջին Հանրապետութիւնը դուրս բերել հայոց պատմութենէն եւ ստեղծել շինծու նորերը։
Կարելի է վիճիլ Դաշնակցութեան այսօրուան քաղաքական դիրքորոշումներուն շուրջ, բայց կարելի չէ ջնջել Քրիստափորի, Ռոստոմի, Սիմոն Զաւարեանի, Արամ Մանուկեանի, Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ հազարաւոր նուիրեալներու պատմական հետքը։
Այսօրուան քաղաքական խօսքը վաղը պիտի դառնայ պատմութեան փաստաթուղթ։ Եւ ապագայ սերունդները պիտի կարդան ոչ միայն այն, թէ ո՞վ ի՞նչ ըսաւ խորհրդարանի ամպիոնէն, այլ նաեւ՝ թէ այդ խօսքերուն դիմաց ժողովուրդը ի՞նչ հակազդեցութիւն ունեցաւ։
Մեր պատասխանը, հետեւաբար, պէտք չէ ըլլայ համապատասխան ատելութիւնը:
Մեր պատասխանը պէտք է ըլլայ աւելի մեծ ու նուիրական գործը։
Աւելի ամուր կազմակերպուածութիւնը, խոր ազգային գիտակցութիւնը։
Աւելի բարձր բարոյականութիւնը, եւ աւելին՝ նուիրական ծառայութիւնը, եւ ամէնէն առաջ՝ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդին հանդէպ անսակարկ նուիրումը։
Որովհետեւ ժամանակը կը սահի՝ իշխանութիւնները կը փոխուին, պաշտօնները կը կ՛աւարտին, քաղաքական կարգախօսները կը մոռցուին, բայց ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կը մնան գործը, զոհաբերութիւնն ու գաղափարը։
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱ՛Յ ՈՒ ԿԸ ՄՆԱ՛Յ եւ մեր պատասխանը եղած է ու կը մնայ՝ Դաշնակցութեան պատմութիւնը չի ջնջուիր, Դաշնակցութեան գաղափարը չի մարիր, Դաշնակցութեան արմատները արմատախիլ չեն ըլլար, որովհետեւ այդ արմատները մէկ անձի մէջ չեն՝ ոչ մէկ պատգամաւորի, ոչ մէկ ղեկավարի եւ ոչ մէկ սերունդի մէջ։ Այդ արմատները հայ ժողովուրդի մէկ դարու եւ աւելի պատմութեան մէջ են։
Եւ քանի դեռ հայ ժողովուրդը կը յիշէ իր նահատակները, կը սիրէ իր հայրենիքը, կը խօսի իր մայրենի լեզուն, կը պահէ իր ազգային արժէքները եւ կը ձգտի ազատ ու արժանապատիւ Հայաստանի մը, պատմութիւնը չի կրնար արմատախիլ ըլլալ։
Այսօր ոմանք կրնան յայտարարել, թէ Դաշնակցութիւնը պէտք է ըլլայ արմատախիլ։
Բայց պատմութիւնը ուրիշ բան կը վկայէ։
Վերջին որոշողը խորհրդարանի քաղաքական ամպիոնը չէ: Վերջին որոշողը պատմութիւնն է, եւ պատմութիւնը տակաւին կը շարունակուի։
Հայաստանի երկնակամարին տակ Եռագոյնը կը ծածանի եւ այդ եռագոյնին կողքին, անկախ Հայաստանի երկնակամարին տակ, Դաշնակցութեան դրօշն ալ կը շարունակէ կրել իր պատմական երթն ու պատգամը։
Հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ նահատակներու անունները կը մնան։
Ոչ ոք կրնայ տապանաքար դնել կենդանի գաղափարի մը վրայ՝ ո՛չ այսօր, ո՛չ վաղը։ Ո՛չ ալ կրնայ վաղուան սերունդներու անունով Դաշնակցութիւնը արմատախիլ ընել անոնց մտքէն ու խորհուրդներէն։
Ուստի մեր խօսքը պարզ է, մեր հաւատքը՝ անսասան, իսկ մեր երթը՝ միշտ դէպի յառաջ.
Դաշնակցութիւնը կա՛յ։
Դաշնակցութիւնը կը մնա՛յ։
Եւ աւելին՝ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ ծառայել Սփիւռքին, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան, հայրենիքին ու ազգին՝ այսօր եւ միշտ։
Թորոնթօ,
19 Սեպտեմբեր 2026