Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» անգլերէն հրատարակութեան առթիւ շնորհանդէս

Շաբաթ 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ շնորհանդէս, արեւմտահայ գրականութեան տիտաններէն Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծական գործերէն «Հացին Երգը» հատորի՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի կողմէ անգլերէն թարգմանութեան առթիւ։ Միջոցառումը կը հովանաւորէր Գանատայի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղին:

Օրուան բեմավարուհի Նազիկ Հանէշեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախեան պատերազմի նահատակներուն, որմէ ետք իր խօսքին մէջ մատնանշեց հայ գրքի կարեւորութիւնը: Փունջ մը Հայկական ժողովրդային երգերով հանդէս եկաւ Դալար Արզումանեանը՝ ընկերակցութեամբ կիթառահար Համօ Արզումանեանի: «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սալբի Քէլէշեան, որ անդրադարձաւ մասնաճիւղի ծրագիրներուն մասին։

Թաթուլ Սոնենց Փափազեան

Բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, որուն հեռակայ համացանցային կապով միացաւ նաեւ թարգմանիչ Թաթուլ Սոնենց Փափազեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ թարգմանութեան նպատակին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յոբելեանի առթիւ ծրագրի մը արդիւնքն է, օտարազգի ընթերցասէր հասարակութեան ներկայացնել Հայ գրականութիւնը, կարեւորելով անոր միջազգային մակարդակի արժէքը։ Միաժամանակ Վիգէն Թիւֆէնքճեան լոյս սփռեց գրքի պարունակութեան, անդրադառնալով Դանիէլ Վարուժանի մտային հանճարին ու թռիչքին։ Ժան Փիէռ Մուրատեան եւ Աստղիկ Քօշկէրեան ընթերցեցին գրքէն հատուածներ:

Մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում, յուշանուէր փոխանցուեցաւ վաստակաշատ Վիգէն Թիւֆէնքճեանին՝ Գէմպրիճի մէջ երկարամեայ մշակութային ծառայութիւն մատուցած Կարպիս Հանէշեանի ձեռամբ: Յուշանուէր փոխանցուեցաւ նաեւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի եւ Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի հաղորդավար Թամար Շահինեանին, Գէմպրիճի վարչութեան Սալբի Քէլէշեանի կողմէ։ Թարգմանիչ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի յուշանուէրը յայտարարուեցաւ որ պիտի առաքուի: Տուչութեան նախօրեակին ընթերցուեցան երեք պարգեւատրուողներուն հակիրճ կենսագրական գիծերը:

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Գերապատիւ Հայր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէքեան։ Ան Դանիէլ Վարուժանը բնութագրեց որպէս լիարժէք հայ մարդ, եւ անդրադարձաւ թարգմանութեան դժուարին աշխատանքին մասին, որմէ ետք Հայր Սուրբը հեղինակի «Անդաստան» բանաստեղծութեան փակումը կատարեց :

Վիգէն Գէորգեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.