Գորիսի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանանք. Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ

«Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու, նաեւ Հայաստանի կողքին, Գորիսի մէջ հիւպատոսութիւն պիտի բանանք», Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ:

«Անհրաժեշտ կը նկատեմ նաեւ ընդգծել մեր համագործակցութիւնը պաշտպանական ոլորտին մէջ` թէ՛ մասնագէտներու վերապատրաստումներու, թէ՛ սպառազինութիւններու տրամադրման հարցին մէջ: Այս բոլորին նպատակն է Հայաստանին կարելիութիւն տալ ապահովելու երկրի պաշտպանութիւնն ու գերիշխանութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով. «Բացի ատկէ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ մտադիր ենք այս ամէնը թուղթին յանձնել` նախապատրաստելով ռազմավարական գործընկերութիւն, որ պարզապէս աւելի պաշտօնական դեր պիտի հաղորդէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան, նաեւ պիտի նախատեսէ ապագայ տասնամեակներուն համար այլ ծրագիրներ եւ նախագիծեր, ներառեալ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ»:

«Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները երբեւէ այսքան աշխուժ եւ վստահելի չեն եղած», ըսաւ ան: