Գորիսի Մէջ. Իշխան Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Փակենք Ամօթի ու Խայտառակութեան Էջը Եւ Հայ Ժողովուրդին Համար Բանանք Նոր Էջ»

8 յունիսին, Գորիսի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած նախընտրական հանրահաւաքը, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ նախագահ եւ դաշինքի վարչապետի թեկնածու Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց. «Մենք յառաջիկային ունինք ճակատագրական իրադարձութիւն, բայց այս ընտրութիւններուն մեր մասնակցելու նպատակը զուտ խումբի  փոփոխութիւնը չէ եւ առհասարակ` այս ընտրութիւնները անձերու վերաբերեալ չեն: Այս ընտրութիւնները ունին իւրայատկութիւն, որ հետեւեալն է` մենք կ՛ուզե՞նք ունենալ անվտանգ երկիր, թէ՞ կ՛ուզենք ծնրադիր ապրիլ, մենք կ՛ուզե՞նք ունենալ թռիչքաձեւ, աճող տնտեսութիւն, թէ՞ մենք կ՛ուզենք, որ շարունակէ աճիլ գործազրկութիւնը, աղքատութիւնը եւ արտագաղթը, մենք կ՛ուզե՞նք ներքին համերաշխութիւն, կայունութիւն, թէ՞ կ՛ուզենք, որ շարունակուի ատելութեան մթնոլորտը: Այս երկընտրանքին առջեւ կանգնած է այսօր մեր երկիրը, եւ ընտրութիւնը անոր շուրջ է, ոչ թէ անձերու, քաղաքական ուժերու եւ միաւորներու», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Ան նաեւ խորհուրդ տուաւ քաղաքացիներուն կատարելու 3 քայլ, ըստ որոնց անոնք պիտի հասկնան, թէ ո՛ր քաղաքական ուժին պէտք է ձայն տան 20 յունիսին սպասուող արտահերթ ընտրութիւններուն ժամանակ, նաեւ ընդգծեց, որ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները գործող իշխանութիւնը չի կրնար լուծել:

«Առէք թուղթ ու գրիչ եւ փորձեցէք թուղթին վրայ գրել, թէ ձեր կարծիքով` որո՞նք են երկրին առջեւ կանգնած հիմնական խնդիրները, որոնք կը պահանջեն առաջնահերթ լուծումներ, եւ դուք ձեզի հարց տուէք, թէ այս իշխանութիւնը արդեօք ի վիճակի՞ է այս խնդիրները լուծելու: Կ՛առաջարկեմ ունենաք ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն ցուցակը եւ որոշէք, թէ ձեզի համար ո՛րն է այն քաղաքական ուժը, որ ունի բաւարար գիտելիքներու փորձ, բաւարար կամային յատկութիւններ, վճռականութիւն երկիրը այս վիճակէն հանելու համար, եւ մենք կը կարծենք, որ այդ ուժը մենք ենք», նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ նախագահը:

Ան նաեւ անդրադարձաւ Սուրիկ Խաչատրեանը Սիւնիքի մարզպետ նշանակելու լուրերուն եւ նշեց. «Դաշինքին մէջ է նաեւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը, եւ ես կը կարծեմ, որ երբ մենք դառնանք գործող ուժ, անոնք պիտի կարենան Սիւնիքի մէջ է ապահովել քատրային կարողականութիւն եւ պիտի առաջարկեն այն մարդուն անունը, որ պիտի կարենայ ըլլալ մարզպետ եւ պատասխանատուութիւն կրել այս տարածքի զարգացման համար», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:

Իսկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գորիսի եւ Սիւնիքի ժողովուրդին պատերազմի օրերուն իրենց խիզախութեան, մասնակցութեան, իրենց հայրենի հողը պինդ գրկելու եւ պահելու համար:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատերազմէն ետք սիւնեցիներու այն կեցուածքին համար, որ անոնք ցոյց տուին այս ազգադաւ իշխանութեան նկատմամբ:

«Մեր երկրին մէջ կը պտտի ուրուական մը` ամօթի, խայտառակութեան եւ պարտութեան ուրուականը. 20 յունիսին մենք պէտք է փակենք այդ ամօթի ու խայտառակութեան էջը եւ հայ ժողովուրդին համար բանանք նոր, հզօր, ուժեղ Հայաստանի էջը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ իրենք այս ընթացքին պիտի փորձեն ընտրութիւններուն բովանդակութիւն տալ` կը խօսին երկրի զարգացումի մասին, կը հնչեցնեն յստակ ցուցանիշներ, յստակօրէն կը յայտարարեն, որ 1 տարուան ընթացքին  պիտի լուծեն մեր բանակի վերակազմակերպման հարցը եւ 3 տարուան  ընթացքին բանակի սպառազինութեան հարցը, կ՛ըսեն, որ պիտի փոխեն կառավարութեան կառուցուածքը եւ պիտի վերականգնեն գիւղատնտեսութեան ու մշակոյթի նախարարութիւնները, կ՛ըսեն, որ 3 տարուան ընթացքին պիտի լուծեն ոռոգման խնդիրը, կը նշեն, թէ առողջապահութեան, կրթութեան, ընկերային մարզերուն մէջ ի՛նչ ծրագիրներ պիտի ունենան, բայց հակառակ կողմը կրկին կը շարունակէ վայրահաչոցները, լաչառութիւնը, թէ` չկայ որեւէ բովանդակութիւն:

«Որովհետեւ ըսելիք չունին, մեր երկիրը հասցուցած են անդունդի եզրին: Մենք պիտի շարունակենք չարձագանգել այդ վայրահաչոցներուն եւ պիտի խօսինք Հայաստանի եւ անոր ապագային մասին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան աւելցուց` կեցցէ՛ Գորիսը, կեցցէ՛ Սիւնիքը, կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, դէպի ուժեղ Հայաստան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.