Գոյժ

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը, Համազգայինի մեծ ընտանիքին երկարամեայ եւ վաստակաշատ ընկեր Լեւոն Եաղճեանին։ Մահը որ պատահեցաւ այսօր, Մայիս 23, 2021-ին, իր տան մէջ՝ Մոնթրէալ։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք իր տիկնոջ՝ ընկհ. Անի Եաղճեանին ինչպէս նաեւ իր զաւակներուն ու թոռներուն եւ ընտանիքի բոլոր պարագաներուն։
Ընկեր Լեւոն Եաղճեանի սրտին մէջ միշտ յատուկ տեղ գրաւած է Համազգայինը ուր եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ Ատենապետի պաշտօն ստանձնած է թէ՛ Մոնթրէալի «Սանահին» վարչութեան եւ թէ՛ Գանատայի Շրջանային վարչութեան մէջ։ 
Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն
Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.