June 25, 2026
Գլխաւոր դատախազութիւնը ԿԸՅ դիմած է՝ Գագիկ Ծառուկեանի անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու հարցով
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով դիմած է՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու միջնորդութեամբ։
Դատախազութենէն կը յայտնեն, որ համապատասխան միջնորդութիւնը ներկայացուած է ԿԸՅ՝ Ծառուկեանի անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու նպատակով։
Թէ որ քրէական վարոյթին շրջանակին մէջ ներկայացուած է միջնորդութիւնը, դատախազութիւնը առայժմ չի յստակացներ։