Գէորգ Ղուկասեան. Հայաստանի իշխանութիւնները միացած են Հայ դատի դէմ ատրպէյճանա-թրքական արշաւին

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները միացած են Հայ դատի համակարգին եւ անոր միջազգային գրասենեակներուն դէմ տարիներէ ի վեր իրականացուող ատրպէյճանա-թրքական արշաւին։ Այս մասին Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան։

Ղուկասեանի ըսած է, որ վերջին տարիներուն Հայ դատի կառոյցները ուղղակիօրէն առերեսուած են ատրպէյճանա-թրքական նպատակաուղղուած քարոզչութեան եւ անոր սահմանները անցնող գործողութիւններու։

«Հիմա Հայաստանի իշխանութիւնները եւս միացած են այս արշաւին», ըսած է ան։

Ըստ Ղուկասեանի՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ներգրաւումը այս գործընթացին մէջ կրնայ նաեւ նպատակ ունենալ ատրպէյճանա-թրքական շրջանակներուն նկատմամբ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու։

Անդրադառնալով Հայ դատի միջազգային գրասենեակներուն դէմ իրականացուող քայլերուն՝ Ղուկասեան օրինակ բերած է Պրիւքսէլի մէջ տարուող աշխատանքները՝ նշելով, որ այդ գործընթացներուն մէջ աշխուժ դերակատարութիւն ունի նաեւ Պելճիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը։

Ան անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու փորձերուն։ Ղուկասեանի համաձայն՝ նախորդ տարի քանի մը նման դիմումներ ներկայացուած են, սակայն ամերիկեան դատարանները զանոնք չեն ընդունած։

Ղուկասեան ընդգծած է, որ այս զարգացումները պէտք է դիտարկել Հայ դատի կառոյցներուն դէմ վերջին տարիներուն ուժգնացած եւ համակարգուած ատրպէյճանա-թրքական արշաւի ընդհանուր ծիրին մէջ։