ԳԷմպրիճի մէջ կայացան ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան միջ-մասնաճիւղային մրցախաղերը

Երկու տարուան սպասումէ ետք, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) անդամները մասնակցեցան 2022 թուականի ԳԵՄի միջ-մասնաճիւղային մրցախաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Գէմպրիճի մէջ, մարտ 19-ին: Այս առիթը համախմբեց աւելի քան 160 ԳԵՄ-ականներ Գէմպրիճի «Արամ Մանուկեան» , Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» եւ Մոնթրէալ-Լաւալի «Լեւոն Շանթ» եւ  «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերէն։ Մրցաշարքը բաղկացած էր երեք տարբեր մարզատեսակներէ եւ զարգացման մրցումէ մը։

Բաժակներու բաշխումը տեղի ունեցաւ նոյն օրուան երեկոյեան «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած խրախճանքի ընթացքին, որ փակուեցաւ ազգային յեղափոխական երգերու երգեցողութեամբ։

ՀՅԴ.  ԳԵՄ կեդրոնական վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.