Գեմպրիճի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը։

Տօնակատարութեան ներկայ էին շրջանի Ս. Նշան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Նշան Քհն. Մանուկեան, օրուան գլխաւոր բանախօս եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան պատասխանատուներ եւ ընկեր-ընկերուհիներ, քոյր կազմակերպութիւններու կեդրոնական, շրջանային եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով համակիրներ։

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի «Մշակ, Բանուոր» քայլերգին հնչեցմամբ։ Օրուան հանդիսավար Շանթ Ահարոնեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 135 տարիներու ազգանուէր գործունէութեան, հայրենաշինութեան նուիրուած ծառայութեան, սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման ու հայ ժողովուրդի հաւաքական քաղաքական կամքի կազմակերպման մէջ ունեցած հսկայական դերակատարութեան։

Գեմպրիճի ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որ սերունդներ դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել նուիրումի՝ անձնուիրութեան ոգիով: ՀՅԴ-ն ծնած է այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր իր գոյութեան, իր արժանապատուութեան եւ իր ազատութեան համար, ու ահա՛ այսօր, մեր ազգի այս դժուարին ու մթագնած օրերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային ինքնութեանն ու արժանապատուութեանը: Ան մեր ժողովուրդի բաբախող սիրտն է, որ գաղափարը կը դարձնէ գործ, տեսլականը՝ ծրագիր, իսկ ծրագիրը՝ իրականութիւն: Երբ պատմութեան փոթորիկները կը փորձեն կտրել մեր շարքերը, Դաշնակցութիւնը կը պահէ իր կարգապահութիւնը, կ’ապահովէ շարունակականութիւնը, ու կը շարունակէ դաստիարակել նոր սերունդներ»:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ ըսաւ. «Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը դիմագրաւած է բռնութիւն, աքսոր, գաղափարական հալածանք եւ քաղաքական ճնշում։ Սակայն իւրաքանչիւր հարուածէ ետք ան ոտքի կանգնած է աւելի ամուր, որովհետեւ իր ուժը անհատներու մէջ չէ եղած, այլ գաղափարին մէջ, հաւաքական կամքին մէջ եւ ազգին նկատմամբ անսակարկ նուիրումին մէջ»:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի ընտանիքը այսօր վերահաստատ կը յայտարարէ իր վճռական յանձնառութիւնը։ Մենք պիտի շարունակենք դաստիարակել եւ կրթել յաջորդ սերունդները ազգային ոգիով՝ որպէս գիտակից, պատասխանատու եւ նուիրուած հայորդիներ։ Պիտի զարգացնենք գանատահայ համայնքը բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ մշակութային, կրթական, երիտասարդական եւ քաղաքական, որպէսզի մեր ներկայութիւնը Գանատայի մէջ ըլլայ ա՛լ աւելի կազմակերպուած, ազդեցիկ եւ արժանապատիւ»:

Այնուհետեւ օրուան գլխաւոր բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան փոխանցեց իր պատգամը՝ անդրադառնալով Դաշնակցութեան 135-ամեայ գաղափարական ուղեգծին, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն եւ ազգային-քաղաքական պատասխանատուութեան հրամայականին։ Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը անցնող դարերու ընթացքին բազմիցս ապացուցած է իր կենսունակութիւնը եւ կարողութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու իր սկզբունքներուն՝ անկախ պատմական պայմաններէն։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, ան ըսաւ. «Այսօր վտանգուած է հենց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշտպանող չկայ։ Կայ ի հարկէ Հայաստանը ներկայացնող մի վարչախումբ, բայց ժողովրդի իրաւունքները պաշտպանող ներկայացնողը չկայ։ Բոլոր այն հանդիպումներին, որոնք մենք տեսնում ենք ընթացող միջազգային գետնի վրայ, կայ ներկայացնողը որպէս իշխանութիւն, բայց ժողովորդը այդ բանակցային սեղաններում չկայ, որտեղ նրա իրաւունքները չեն պաշտպանւում։ Այս իշխանութիւնները այս ութ տարիների ընթացքում շարունակաբար զիջել, զիջել եւ անընդհատ զիջել են, ինչ որ պահանջել են մեր հակառակորդները, մեր թշնամիները: Եւ այս զիջումների կործանարար ընթացքը կանգնեցնել է պէտք, ուրիշ ճանապարհ չկայ, մենք պարտաւոր ենք այս գահավիժումը կանգնեցնել»:

Իսկ, անդրադարնալով յունիսին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Մենք այլեւս իրաւունք չունենք եւս մէկ շանս, որ մեզ սպասւում է այս ընտրութիւնների առիթով, այդ շանսը կորցնենք։ Սա կը լինի անշրջելութեան մի սամանագիծ, որից յետոյ կորուստներն արդէն շատ աւելի արագ ընթացք կը ստանան: Մենք չպիտի թոյլ տանք, որ անշրջելիութեան այդ սահմանագիծը հատուի, մենք պէտք է կանգնեցնենք այստեղ գահավիժումը եւ նոր ապագայ եւ նոր ընթացք հաղորդենք հայութեան, Հայաստանի գործընթացներին եւ մեր հեռանկարին»:

Պաշտօնական բաժինը եզրափակուեցաւ հանդիսավարի փակման խօսքով, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ հայրենասիրական երգերով եւ տօնական մթնոլորտով, հաստատելով ՀՅ Դաշնակցութեան 135-ամեակի ոգեւորիչ եւ համախմբող խորհուրդը Գեմպրիճի հայ համայնքին մէջ։

«Հորիզոն»