Գարեգին Բ. Վեհափառն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Քննարկած են ՀՀ-Սփիւռք Գործակցութիւնը
2030
0
Մարտ 2-ի երեկոյեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր։
ՀՅԴ ներկայացուցիչները՝ արծարծուած հարցերուն մասին՝ Վեհափառին փոխանցեցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները, յայտնելով համագործակցելու պատրաստակամութիւն՝ յանուն ազգային միասնականութեան։