Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ՝ լոյս տեսաւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերող ուսումնասիրութիւնը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Արմինէ Տիգրանեանի «Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Եւ Բռնաիւրացման` Ադրբեջանի Քաղաքականութիւնը (2020-2025 թթ․)» խորագիրով ուսումնասիրութիւնը, տեղեկացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութենէն:

Այս ուսումնասիրութեան միջոցով, հեղինակը կ՛անդրադառնայ 2020էն 2025 Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմներուն, ցեղային զտումին եւ ցեղապաշտ խտրականութեան պատճառով Արցախի պատմական հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմին:

Հատորին մէջ կը քննուի զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգը, Ատրպէյճանի կողմէ 44օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան` միջազգային սկզբունքներու դիտանկիւնէն անօրէն կերպով թիրախ դարձնելու դէպքերը, անոր ոչնչացման եւ իւրացման միջոցները: Կը ներկայացուին նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքակազմերը (միջազգային ուխտեր, հռչակագիրներ, բանաձեւեր, կանոնադրութիւններ, սովորութիւններու չափանիշներ)` ի պաշտպանութիւն Ատրպէյճանի կողմէ վանտալիզմի ենթարկուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան: Ակադեմական յօդուածներու, գիրքերու, ԵՈՒՆԵՍՔՕի, ՄԱԿի, ԻԿՕՄՕՍի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու, Հռոմի կանոնադրութեան, տեսական եւ իրաւական համապատասխան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը կարելիութիւն տուած է գտնելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղիները` համամարդկային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութեան, անկախ քաղաքական իրավիճակէ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը գործարկելու եւ մշակոյթի իրաւունքը յարգելու ծիրին մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը նախատեսուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանողներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ ու պահպանութեամբ մտահոգ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար: