Գասպար Կարապետեան Վիեննայի մէջ հակադարձեց ատրպէյճանական զրպարտութիւններուն

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը մարտ 16-17-ին Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի կազմակերպած «Օրէնսդրութիւն՝ յանուն ժողովրդավարական դիմակայութեան» խորագրով համաժողովին:

Լիագումար նիստի ընթացքին Կարապետեանը հակադարձեց Ատրպէյճանի կողմնակից հասարակական կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչին, որ կը փորձէր հայկական դպրոցական դասագիրքերուն դէմ ատելութեան խօսքի զրպարտչական մեղադրանքներ տարածել: Հերքելով այս անհիմն պնդումները՝ Կարապետեանը վկայակոչեց միջազգային դատարաններու եւ կազմակերպութիւններու զեկոյցները, որոնք կը փաստեն նոյնինքն Ատրպէյճանի վարչակարգին կողմէ պետական մակարդակով հովանաւորուող հայատեացութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահը իր մտահոգութիւնները յայտնեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ներկայ վիճակին վերաբերեալ: Ան յատկապէս շեշտեց դատական համակարգի անկախութեան խաթարումը եւ գործադիր իշխանութեան կողմէ անոր չարաշահումը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան համակարգուած դուրսմղումը որոշումներու կայացման գործընթացէն:

Ըստ Կարապետեանի, այս իրավիճակը կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի մասնակցային ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ կը տկարացնէ օրէնսդրական գործընթացներու օրինականութիւնը: