Գանատա Պէտք Է Բացատրութիւն Տայ, Նաեւ՝ Պաշտօնազրկէ Թուրքոյ Մէջ Իր Դեսպանը
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արցախի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները խժալուր արձագանգներ ստեղծեցին արեւմտեան որոշ շրջանակներու մէջ. Եւրոպական Միութեան արտայայտած՝ որոշ չափով զգուշաւոր ու վերապահ անբաւարարութենէն ետք, Թուրքիոյ մէջ Գանատայի դեսպանը քանի մը քայլ անդին գնաց եւ յայտարարեց, որ «Գանատա չի ճանչնար այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», զանոնք կը նկատէ «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին խաղաղարար ճիգերուն վնաս բերող», ու աւելին՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը «աջակից է Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութեան»:
Չենք ուզեր երկար կանգ առնել այն բառամթերքին առջեւ, որ կը կամրջէ թրքական, ազերիական, Գանատական, եւրոմիութեան եւ այլ արձագանգներ. Տարբեր տեղերէ նոյն՝ «այսպէս կոչուած ընտրութիւններ» արտայայտութիւնը բաւական բացատրող է…: Այլ կ’ուզենք քանի մը քայլ յառաջ անցնիլ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջէն, ըստ որուն՝ այս կեցուածքը անընդունելի է եւ կը սպասուի, որ անիկա չեղեալ համարուի:
Հիմնուելով ընդհանրապէս հայութեան իրաւունքներուն եւ մասնաւորաբար Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալու Գանատայի արդարամիտ կեցուածքին վրայ, մեզի համար անբացատրելի է դեսպանատան այս յայտարարութիւնը, հետեւաբար, առաջին հերթին, կը սպասենք, որ Գանատա ո՛չ միայն յետս կոչէ այս արտայայտութիւնը (որ լոյս աշխարհ եկաւ «ճլուըլուն»՝ Tweeter-ի ճամբով), այլ նաեւ Հայաստանին, Արցախին եւ ամբողջ հայութեան բացատրութիւն տայ անոր մասին, օրինակ՝ ըսէ, որ դեսպանը ինքնագլուխ կատարած է այս յայտարարութիւնը, եւ եթէ այդպէս է, չեղեալ համարէ զայն ու դեսպանը պաշտօնազրկէ:
Այո՛. պէտք է պահանջել դեսպանին պաշտօնազրկումը, ինչ որ մասամբ պիտի դարմանէ դիւանագիտական-քաղաքական այս կաֆը, որ ի վերջոյ նոյնինքն Գանատայինն է:
Միջանկեալ՝ ծանօթանանք դեսպանին: Կը կոչուի Ճամալ Խոխար (մեզ այդքան ալ չի հետաքրքրեր թէ այս անունը ինչպիսի՞ ծագումի կը տանի դիւանագէտը). այս պաշտօնին կոչուած է այս տարուան Յունուարի սկիզբը: Գանատայի դիւանագիտական անձնակազմին միացած է 1986-ին, զանազան պաշտօններ վարած է լատին ամերիկեան երկիրներու մէջ, գործած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ, դրամատնային միջազգային ասպարէզ, 2010էն 15 պաշտօնավարած է Պրազիլիոյ մէջ, իսկ այս պաշտօնին կոչուելէ առաջ, եղած է Սան Տիեկոյի մօտակայ Լա Հոյա քաղաքին մէջ կեդրոն ունեցող՝ Ամերիկաներու Հիմնարկութեան վարիչ կազմի անդամ…
Այսքանը բաւարար տեղեկութիւն է, որոշ գաղափար մը կազմելու անոր վաստակին մասին, տեսնելու՝ որ ան նորելուկ դիւանագէտ մը չէ: Սա նաեւ ինքնաբերաբար կ’ենթադրէ, որ Խոխար պէտք է բաւական ծանօթ ըլլար պատմութեան, նման հրապարակում ընելէ առաջ՝ սերտած ըլլար Արցախի տագնապին պատմութիւնը, ծանօթացած ըլլար ծալքերուն, որպէսզի հալած իւղի պէս կուլ չտար թրքօ-ազերիական մեկնաբանութիւնն ու կեցուածքը, առ նուազն՝ ծանօթացած ըլլար, թէ Արցախը ո՛չ մէկ ատեն մաս կազմած է Ազրպէյճանին, որուն «հողերուն ամբողջականութեան» պահպանումին ախոյեանի պատմուճանով հանդէս կու գայ ինք:
Աւելորդ կը նկատենք հոս երկար-բարակ պատմութիւնը ընելու հայկական Արցախը Ազրպէյճանին նուիրելու ստալինեան «հնարք»ին ու անոր հետեւած զարգացումներուն, որոնց անարդարութիւնը փաստուած է ու վերահաստատուած՝ վերջին տասնամեակներուն: Աւելորդ է նաեւ հարց տալը, թէ Թուրքիոյ մէջ Գանատայի դեսպանին ի՞նչ գործն է կամ իրաւասութիւնը՝ նման կարծիք յայտնելու, կարծիք՝ որ պարզապէս կ’ապացուցէ հարցին էութեան ու ծալքերուն անտեղեակ ըլլալը եւ թրքական ներշնչումէ տարուած ըլլալը: Սա արդէն զինք ու իր երկիրը, կառավարութի՛ւնը կը դասէ Արցախի, հետեւաբար նաեւ հայութեա՛ն հանդէպ անարդարութիւն ընողներուն շարքին: Եւ թող ո՛չ ոք ինքնապաշտպանութեան փորձ ընէ, թէ նման կեցուածք կը բխի Մինսքի խմբակին ճիգերուն զօրավիգ ըլլալու մօտեցումէն…
Գանատայի իշխանութենէն հայութեան սպասած բացատրութիւնը եւ մասնաւորաբար դեսպանին պաշտօնազրկման պահանջը նկատի ունի այն հաւանականութիւնը, որ դեսպանը ինքնագլուխ կերպով կեցուածք արտայայտած է կամ կաշառուած՝ թուրքերէն: Վերջին տարիներուն, մէկը աւելի դիւանագէտներու ու քաղաքական գործիչներու՝ նման կաշառքներու թակարդը իյնալուն փաստերը աղաղակող եղան. Եւրոպայի ղորհրդարանի անդամներ ալ բռնուեցան «կարմիր ձեռքերով», ու փաստուեցաւ, որ Ազերիական կաշառքը ազդեցութիւն ունեցած է անպոնց վարմունքին վրայ: Այս պահանջները նաեւ պէտք չէ դիտել իբրեւ միժամտութիւն՝ Գանատայի քաղաքական վարքագիծին, այլ մեր դատողութիւնը կը հիմնուի նոյնինքն Գանատայի նախընթաց ուղղամիտ կեցուածքներուն վրայ: Պարզ օրինակներ էին Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ այդ առիթով Թուրքիոյ հետ պաղութիւնը, նաեւ չենք մոռցած, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Գանատան էր որ քանի մը ամիս առաջ, իր ուժերը քաշեց Սուրիա առաքուած ՆԱԹՕ-ի ուժերէն եւ իրողապէս հակադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին որդեգրած կեցուածքին, երբ ականատես եղաւ քիւրտերուն դէմ էրտողանեան յարձակողականին եւ անհակակշիռ սպանդներուն: Ո՛չ ոքի համար նախընտրելի է Գանատայի նման երկիրներ տեսնել այն ցանկին վրայ, որոնք Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդին բնորոշումով՝ կը դաւաճանեն իրե՛նց իսկ դաւանած ժողովրդավարական արժէքներուն…
Հարցին կը մօտենանք, պէտք է մօտենալ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ու այս պարագային՝ հայութեան եւ Արցախի մարդկային-ազգային իրաւունքներուն դիտանկիւնէն: Դեսպանն ու իրեն պէս մտածող-դիրքաւորուողները արդեօք լուր չունի՞ն, որ Թուրքիոյ եղբայր ու սերտ դաշնակից հռչակուած Ազրպէյճանը ամէն օր կը խախտէ ի՛ր իսկ կողմէ ընդունուած զինադադարը, կրակոցներով ու յաճախակի ռմբակոծումներով կ’ահաբեկէ, այսինքն՝ պետական ահաբեկչութիւն կը գործադրէ Հայաստանի ու Արցախի սահմանային շրջաններու բնակչութեան, պաշտօնական զինեալ ուժերուն դէմ: Եւ երեւակայել, որ դեսպանին յայտարարութիւնը կը զուգադիպէր Քառօրեայ Պատերազմին չորրորդ տարեդարձի օրերուն…: Այսպիսիներ արդեօք իրենց միտքէն անցուցա՞ծ են դատապարտել այդ ոճրային արարքները, որոնց շարքին՝ Սումկայիթն ու հայ սպայի մը վայրագ սպանութիւնը, կամ՝ հարց տալ, թէ Արցախը ինչո՛ւ տասնամեակներ առաջ, խորհրդային տարիներո՛ւն իսկ ծառացաւ Ազրպէյճանի իշխանութեան դէմ, որովհետեւ շրջանի հայութեան տարրական իրաւունքները ամէն օր կ’ոտնակոխուէին եւ Արցախը կը մատնուէր հայաթափումի: Եթէ իրենք ըլլային արցախցիներուն տեղը, ի՞նչ պիտի ընէին, ի՞նչ պիտի ընէին այսօր…
Կրկնենք. աչքի առջեւ ունենալով Գանատայի իշխանութիւններուն ընդհանրապէս արդարատենչ եւ արդարադատ ընթացքը, հայութիւնը այսօր իրաւունք ունի բացատրութիւն պահանջելու դեսպանին յայտարարութեան մասին, պահանջելու՝ որ ան պաշտօնազրկուի, որպէսզի նախընթաց չստեղծուի, նաեւ՝ ուղեցոյց ծառայէ այլոց: Սա պէտք չէ դիտել իբրեւ անուղղակի հակադարձութիւն՝ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպաններէն՝ Էվընզի պաշտօնազրկման, որ, ինչպէս ծանօթ է, տեղի ունեցաւ անարդար մօտեցումի հետեւանքով:
Ամէնէն կարեւորը: Այս պահանջին հետապնդումը պէտք չէ թողուլ միայն Հայ Դատի ծառայողներուն ուսերուն, որովհետեւ սա ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ գործ է եւ պէտք է ներգրաւէ եւ միացնէ Հայաստանի, Արցախի իշխանութեանց եւ սփիւռքներուն ձեռքերը: