Գանատացի Երեսփոխաններ Ալպրէխթ եւ Տէյվիս Կոչ Կ’ուղղեն Գանատայի կառավարութեան Պաշտպանել Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը
- (0)

Արցախեան շարժման երեսնամեակին առթիւ, Մայիս 23-ին եւ 24-ին Գանատայի խորհրդարանէն ներս հնչեցին շարք մը աննախադէպ յայտարարութիւններ, որոնցմով ըննդիմադիր երկու կուսակցութեանց՝ Պահպանղականներու եւ Նոր Դեմոկրատականներու ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան պաշտպանել եւ ճանչնալ Արցախի իքնորոշման իրաւունքը:
Երեքշաբթի Մայիս 23-ին, Գանատայի Նոր Դեմոկրատական Կուսակցութեան անդամ՝ Երեսփոխան Տան Տէյվիս խորհրդարանէն ներս իր հնչեցուցած յայտարարութեան մէջ նշեց, թէ Արցախեան ազատագրական շարժման երեսնամեակը համազգային հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար: Ան հակիրճ կերպով ներկայանցնելէ ետք Արցախի ժողովուրդի ազատութեան եւ լիիրաւ իրաւունքներու ապահովման կապակցութեամբ տարուող քաղաքական եւ իրաւական պայքարի մանրամասները, կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան, որ պաշտպան հանդիսանայ մարդկային իրաւանց եւ գործէ ի սպաս հարցի խաղաղ կարգաւորման, մշտապէս հիմք ունենալով միջազգային օրէնքն ու Արցախի իքնորոշման իրաւունքի անժխտելիութիւնը:
Տէյվիսի յայտարարութեան յաջորդեց Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-ատենապետ՝ երեսփոխան Հարոլտ Ալպրէխթի յայտարարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը՝ Մայիս 24-ին: Ալպրէխթ եւս, ներկայացնելէ ետք հայ ժողովուրդի առաջնորդած դարաւոր պայքարը յանուն Արցախի ազատագրման եւ անկախութեան նշեց, որ դժբախտութիւն է, թէ Ազրպէյճան ցարդ կը շարունակէ անտեսել Արցախեան ժողովուրդի օրէնքով ձեռքբերած իրաւունքները եւ շարունակաբար կը խոչընդոտէ հարցի խաղաղ լուծման: Ան եւս կոչ ուղեց կառավարութեան պաշտպան հանդիսանալու Արցախի իքնորոշման իրաւունքին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու միջազգային հանրութեան կողմէ հարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունելով զոյգ երեսփոխաններու յայտարարութիւնները՝ բարձրօրէն գնահատեց անոնց վեհանձն եւ սկզբունգային կեցուածքը եւ հաստատեց, որ հաւաքական ջանքերը պիտի շարունակուին ի սպաս դրուիլ Արցախեան հարցի վերաբերեալ յաւելալ հայանպաստ յառաջխաղացք ապահովելու եւ Գանատայի կեցուածքը մշտապէս արդարացի պահելու ուղութեամբ: Յանձնախումբը իր կարգին եւս կոչ ուղեց կարավառութեան հետեւելու գանատահայ համայնքի եւ զոյգ երեսփոխաններու կոչին: