Գանատայի մէջ 17 նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն
- (0)

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին՝ անցնող շաբթուան ընթացքին Գանատայի զանազան շրջաններէն 17 նորագիրներ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն՝ կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի։
Ողջունելով նորագիրներու պատասխանատու որոշումը՝ Ռուստամեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց նուիրեալ դաշնակցականի յատկանիշները, իրաւունքները, պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները։ Ան շեշտեց, որ կուսակցութեան անդամակցութիւնը նոր փուլ մը կը բանայ անդամներու կեանքին մէջ, ուր առաջնահերթութիւն կը դառնայ խոնարհ ծառայութիւնը ազգին եւ ժողովուրդին։
Ան նաեւ ընդգծեց, որ դաշնակցականը կը կոչուի նուիրուելու ազգային ծառայութեան՝ առանց փոխադարձ ակնկալիքի, պատրաստ ըլլալով ոչ մէկ ճիգ խնայելու հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գերագոյն նպատակի իրականացման համար։