Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովի յայտարարութիւն

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,
Ինչպէս նախորդ յայտարարութեամբ տեղեկացուցած էինք, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը աչալրջօրէն կը հետեւի Թագաժահրի (COVID-19) համաճարակի ընթացքին եւ Գանատայէն ներս այս առնչութեամբ առնուող պետական եւ եկեղեցական կանխարգիլման միջոցառումներուն։

Առ այդ, Թեմիս Կրօնական ժողովը, կը փոխանցէ հետեւեալ որոշումները՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն.-

Ա. Այս Կիրակի, 5 Ապրիլին, Ծաղկազարդ է եւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ՈՒՂԻՂ ՍՓՌՈՒՄՈՎ (համացանցային եւ դիմատետրային), կիրակնօրեայ աղօթքներ պիտի մատուցուին, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հաղորդակից դարձնելու համար։ Արարողութեան աւարտին նաեւ պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւն։

Բ. Նկատի ունենալով նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթ տօնական օրեր կը սպասեն մեզ (Աւագ Շաբաթ եւ Սուրբ Զատիկ), կրնաք հետեւիլ Թեմիս եկեղեցիներուն հրապարակած յայտարարութիւններուն եւ ժամերգութեան ժամանակացոյցին, որպէսզի հաղորդ դառնաք արարողութիւններուն, դարձեալ ՈՒՂԻՂ ՍՓՌՈՒՄՈՎ (համացանցային եւ դիմատետրային)։

Գ. Սուրբ Զատկուան օրը, Կիրակի 12 Ապրիլ 2020-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ (ուղիղ սփռումով), որպէսզի Գանատահայ մեր հաւատացեալները Յարութեան Տօնը դիմաւորեն յոյսով եւ հաւատքով։ Աւագ Շաբթուան ընթացքին կը փոխանցենք մանրամասնութիւնները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ յատուկ շրջաբերականով մը, Թեմակալ Առաջնորդներուն թելադրեց, որ եկեղեցիները փակ մնան մինջեւ Ապրիլ ամսուան աւարտը, ի դիմաց՝ համաճարակի ստեղծած ներկայ կացութեան։

Թեմիս հոգեւորականաց դասը կը շարունակէ իրեն վստահուած հովուական ծառայութիւնը մատուցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ի հարկին այցելելով եւ աղօթքներ կատարելով իրենց դիմող մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն համար։

Վերոյիշեալ որոշումները պիտի օժանդակեն, որ Գանատայի հասարակութեան Թագաժահրի համաճարակին դէմ տարած պայքարին, մեր մասնակցութիւնը բերել եւ այդպիսով՝ապահովել մեր համայնքի զաւակներուն առողջ եւ բարւոք կեանքի ընթացքը։

Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողով
3 Ապրիլ 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.