Գանատայի կառավարութիւնը 1 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախի մէջ Կարմիր խաչի ջանքերուն աջակցելու համար
1947
0
Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոն և միջազգային զարգացման նախարար Քարինա Կուլտը այսօր հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, ուր կը հաստատեն Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի աշխատանքներուն համար ՄԷԿ միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Գանատան կը շարունակէ իր ներդրումը բերել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն գծով, յատկապէս՝ մարդասիրական բնագաւառէն ներս։ Պատերազմէն անմիջապէս ետք Գանատայի կատարած օժանդակութեան վրայ, կ՚աւելցուի լրացուցիչ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ Արցախի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մարդաասիրական ջանքերուն աջակցելու համար:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Գանատան կը շարունակէ կոչ ուղղել Հայաստանին և Ատրպէյճանին ՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու գծով և միաժամանակ կը շարունակէ աջակցիլ Եւրոպայի անվտանգութեան և համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) հիմնական դերին այս հակամարտութեան մշտական կարգաւորման գծով: