Գանատայի խորհրդարանի անդամ նախարարուհի Մելանի Ժոլի կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի ուսանողական վարժողական ծրագիրը

«Հորիզոն»ի խմբագրութեան ուղուած 16 Ապրիլ թուակիր նամակով մը, Գանատայի խորհրդարանի անդամ նախարարուհի Մելանի Ժոլի կը յայտնէ, թէ գնահատելով «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համագանատական բնոյթի տեղեկատուական եւ լրագրական տասնամեակներու աւանդը, Գանատայի կառավարութիւնը, իր «Գանատայի ամառնային աշխատանքներ» ծրագրով կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի ամառնային ուսանողական վարժողական ծրագիրը (Internship program)։ Վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը ներառուած է նախարարուհի Ժոլիի Ահունցիք-Գարթէրվիլ ընտրատարածքի «Գանատայի ամառնային աշխատանքներ» ենթածրագրին մէջ։

Նշենք, որ 2016-2018 Գանատայի Ժառանգութեան նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Հորիզոն»ի վարժողական ծրագրի գործակատարները եղած են Արին Տիմիթեան, Կորիւն Գոյունեան եւ Վազգէն Գարագաշեան, որոնք Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտներ եղած են եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամներ են։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.