Գանատայի խորհրդարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2026-ին, Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում։
Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան, Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Անիթա Անանտ, ինքնութեան եւ մշակոյթի նախարար եւ պաշտօնական լեզուներու հարցերու պատասխանատու նախարար Մարք Միլըր, տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ներկայ էին նաեւ դիւանագիտական մարմիններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնէութեան, գործընկեր կազմակերպութիւններու եւ գանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց յիշողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութեան պահպանման հրամայականը եւ նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու համաշխարհային պարտաւորութիւնը։ Գանատայի կառավարութեան անունով խօսք առին նախարարներ Անիթա Անանտ եւ Մարք Միլըր, որոնք վերահաստատեցին Գանատայի յանձնառութիւնը՝ յիշատակման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ։ Նախարար Անանտ իր խօսքին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան՝ ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած բռնութիւնները կը շարունակուին առ այսօր։ Իրենց խօսքերու աւարտին, նախարարները դեսպան Յարութիւնեանին նուիրեցին Գանատայի «Իրաւունքներու եւ Ազատութիւններու Կանոնադրութեան» հայերէն օրինակը։
Տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող խորհրդարանականներ եւս փոխանցեցին իրենց պաշտօնական ուղերձները։ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Քոնի Քոտի, իսկ Պլոք Քեպէքուայի անունով՝ երեսփոխան Ալեքսիս Պրիւնէլ-Տիւսեփփ։ Անոնց ելոյթները վերահաստատեցին յիշողութեան պահպանման, ցեղասպանութեան դատապարտման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու կտակած պատգամը կը շարունակէ արձագանգել մինչեւ այսօր։ Ան յատկապէս մատնանշեց Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ոճիրները՝ իբրեւ ապացոյց, որ ցեղասպանութեան հետեւանքները տակաւին շարունակական են։ Միրաքեան ընդգծեց հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնը՝ շեշտելով, թէ հայութիւնը, հակառակ բոլոր անարդարութիւններուն, զոհ չէ, այլ կը շարունակէ գոյատեւել, դիմադրել եւ պաշտպանել իր ինքնութիւնն ու իրաւունքները։ Ան իր խօսքի աւարտին վերահաստատեց, թէ գանատահայութիւնը, կառչած մնալով իր ինքնութեան, պիտի շարունակէ ամէն գնով պայքարիլ յանուն Հայ Դատի լուծման։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի հայրական պատգամով եւ աղօթքով։