ԳԱՆԱՏԱՅԻՆ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ հաւատարիմ Գանատայի Հայոց Թեմի հայրենանուէր առաքելութեան ու կոչումին, Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը մեկնարկեց արցախահայութեան օժանդակութեան երկրորդ փուլը՝ մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ կենցաղային իրեր բաժնելու համար տեղահանուած, նիւթական, բարոյական ու մարդկային տոյժեր կրած Արցախահայութեան:

Այս իմաստով, Առաջնորդարանը կը շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել Հայաստան հաստատուած արցախցիներուն, որոնք կ’ապրին անորոշ օրեր, մարդկային դժուար պայմաններու եւ կենցաղային անբացատրելի դրութեան մէջ։ Այս ջանքերուն շնորհիւ, օժանդակութեանց բաշխման այս անգամուան հանգրուանը եղաւ Տաւուշի մարզի (հիւսիս-արեւելեան սահմանամերձ շրջան) Ոսկեպար եւ Բաղանիս գիւղերը. օժանդակութիւններ բաժնուեցան 137 անձերու:

Թեմս նաեւ կը հովանաւորէ արցախեան պատերազմին տուժած եւ անդամահատուած հերոսի մը ու անոր ընտանիքին տրամադրուելիք կացարանի մը  շինութիւնը, որ պիտի ծառայէ անոր զաւակներուն կազդուրելու եւ արժանապատիւ կեանք պարգեւելու գործին:

2021-ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն, Ազգային Առաջնորդարանը յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Երեւան՝ վերահսկելու համար սոյն ծրագիրներու իրականացումը:

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.