Գամիշլիի Ազգ. առաջնորդարանէն ներս խորհրդակցական հանդիպում
Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի գլխաւորութեամբ, Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Հայր Արժ. Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի, Հայ Առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայր Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ազգային ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցական նիստ մը գումարուեցաւ Գամիշլիի Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։
Հանդիպումին գլխաւոր օրակարգն էր վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ գամիշլիահայութեան ապահովութեան համար նախատեսուած անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկումը։
Յետ խորհրդակցութեանց, ժողովը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւնը, ազգային մարմիններն ու միութիւնները կը յայտարարեն հետեւեալը.
Քննելով Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ Թուրքիոյ ներխուժման հետեւանքով յառաջացած ներկայ իրավիճակը, կոչ կ’ուղղենք Ճեզիրէի մեր ժողովուրդին՝
-Համախմբուած մնալու ազգային կառոյցներուն շուրջ։
-Ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ զսպուածութիւն դրսեւորելու։
-Անտեղի խուճապային վիճակիներ չյառաջացնելու եւ չտարուելու անհիմն եւ կողմնակի տարաձայնութիւններով։
Մօտէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, թէ ժողովուրդին կողքին ենք մեր բոլոր կարողականութեամբ եւ հնարաւորութիւններով՝ ապահովելու անոր անվտանգութիւնն ու կենցաղային կարիքները։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութիւն
Ճեզիրէի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Ճեզիրէի Ազգային Մարմիններ
Ճեզիրէի Հայկական Բարեսիրական Միութիւններ
Գամիշլի, 12 Հոկտեմբեր 2019