«ԲԺԻՇԿԻՆ Ե. խՕՍՔԸ»
Ահաւասիկ «Բժիշկին Ե. խօսքը»: Ան շարունակութիւնն է «Բժիշկին խօսքը» շարքին, որ սկսաւ լոյս տեսնել 2000-էն ի վեր: Անոր նպատակը եւ թիրախը կը մնան նոյնը: Այս հատորն ալ նախորդ հատորներուն նման ունի մէկ նպատակ՝ հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ եւ նորութիւններ: Իսկ անոր թիրախը բժշկական դասը չէ, այլ միայն ու միայն ժողովուրդը: Ան բժշկական մասնագիտական գիրք մը չէ:
Հակառակ իմ մասնագիտութեանս, գրութիւններս այս հատորին մէջ դարձեալ այլազան են: Կը հաւատամ, որ բժշկութիւնը սահմաններ եւ պատնէշներ չունի: Իւրաքանչիւր բժիշկ մասնագէտ, դառնալէ առաջ, հիմնականօրէն բժշկական ընդհանուր գիտելիքներու շտեմարան մըն է: Իւրաքանչիւր բժիշկ կը մնայ ուսանող, պրպտող, հետախուզող եւ գիտական ու բժշկական նորութիւններու ու արհեստավարժութեան հետեւող, նոյն իսկ գործէ դադրելէ ետք եւ մոռնալով իր տարիքը:
«Բժիշկին Ե. խօսքը» կը բովանդակէ 62 բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներ, մէկ մասը լոյս տեսած մեր մամուլին մէջ եւ վերամշակուած՝ սոյն հրատարակութեան համար, նաեւ 8 բժշկապատմական գրութիւններ: Գրքի վերջաւորութեան կցուած են այս հատորին համար գործածուած աղբիւրները, անգլերէնէ-հայերէն եւ հայերէնէ-անգլերէն բառացանկերը, հայերէն բժշկական նոր բառերու առաջարկները հեղինակին կողմէ, ինչպէս նաեւ բժիշկին խօսքը շարքին հինգ հատորներուն ընդհանուր բովանդակութիւնը (279 յօդուած)՝ ըստ նիւթի եւ հատորի համախմբուած:
Մտաւորական եւ հրապարակագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեան հաճոյքով եւ սիրայօժար կատարեց գրքիս ընդհանուր լեզուական խմբագրումը, իր մասնակցութիւնը բերելով նաեւ բառակերտման: Ան նաեւ գրեց գրքիս ներածականը: Ահաւասիկ Վրէժ-Արմէնին «Խօսք ներածական»-ը.-
«Ահա անգամ մը եւս հայ ընթերցողին սեղանին կը դրուի բժ. Կարպիս Հար-պոյեանի «Խօսք»-ը՝շարքին հինգերորդը, որ սակայն կը հանդիսանայ ութե-րորդ ժողովածուն իր յօդուածներուն, որոնք տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնեն մեր մամուլին մէջ, շարքէն դուրս միւս երեքը՝ տարբեր տիտղոսներով։
«Հիմա արդէն տարիներու վրայ երկարող մեր գործակցութիւնը ինծի համար դարձած է գլխաւոր հաճոյքներէս մէկը, քանի որ խմբագրել կը նշանակէ նաեւ գրողին ընկերանալ, մասնակցիլ իր երկնումի ճիգին, մա՛ս կազմել իր ստեղծա-գործութեան։ Այսպէս եթէ շարունակուի թերեւս ես ալ կարենամ բժշկական վկայական մը ձեռք ձգել…
«Կատակը մէկ դի, կ՚ուզեմ այստեղ շեշտել բարեկամիս՝ բժ. Կարպիսի այս աշխատանքին կարեւորութիւնը, անկախ անոր մեզի մատուցած բժշկական տեղեկութիւններու օգտակարութենէն։
«Առաջին հերթին ըսեմ, որ ան գրեթէ եզակի, նոյնիսկ թերեւս միակ գրողն է, որ մեր մամուլին մէջ հետեւողական կերպով կ՚արծարծէ բժշկական-առողջա-պահական նիւթեր՝ հայերէնո՛վ, հարստացնելով մեր թերթերու բովանդակու-թիւնը։ Ճիշտ է, որ այդ նիւթերուն վերաբերեալ անհամար յօդուածներ կարելի է գտնել օտար լեզուներով, սակայն մեր գրականութեան այդ ճիւղը զարգացնելու իր ճիգը ինքնին արժանի է ամեն գնահատանքի։ Հարցերը համապարփակ ձե-ւով ներկայացնելու եւ ի հարկին հետագայ յօդուածներով ալ յաւելեալ նորու-թիւններ ու ամբողջացումներ կատարելու իր բծախնդրութիւնը նոյնպէս աչքի կը զարնէ։
«Սակայն բժ. Հարպոյեանի մօտ կայ աւելի մեծ արժանիք մը, այդ ալ մեր լեզուակերտման մէջ անոր ներդրումն է։
«Բոլորիս համար ալ շատ դիւրին է անմիջապէս մեր լեզուին տակ ինկող օտար բառը գործածելը, մանաւանդ երբ գիտական, բժշկական կամ արհեստագիտա-կան նիւթերու մասին կը խօսինք։ Հայերէնը մտաբերելը յաւելեալ ճիգ կ՚ուզէ, բայց միշտ չէ, որ հայերէն եզրը գոյութիւն ունի, իսկ եթէ ունի՝ միշտ չէ, որ ընթացիկ գործածութեան մէջ է։ Հարպոյեան մեզ կը մղէ, որ ընե՛նք այդ ճիգը ու սորվինք օտարաբանութիւններու հայերէն համազօրները։ Եւ կը դիւրացնէ մեր գործը՝ առաջարկելով նոր եզրեր, ինծի ալ պարգեւելով յաւելումներ կատա-րելու առիթը։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՛ն պիտի յաջողինք հայե-րէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը սրելու ու զայն մե՛ր իսկ խօսակցական լեզուին մէջ աւելի զարգացնելու այս առաջադրութեան մէջ։
«Բժշկագիտական-առողջապահական յօդուածներէ անդին, այս գիրքը եւ հե-ղինակին միւս հատորներէն ոմանք կը բովանդակեն նաեւ այլ յօդուածներ, որոնք թէեւ առնչուած են բժշկութեան, սակայն ունին պատմագրական բնոյթ եւ անոր յատուկ ներդրումը կը հանդիսանան մեր գրականութեան նաեւ ա՛յդ մարզին մէջ՝ սրելով ընթերցողին հետաքրքրութիւնը եւ ցուցաբերելով գրողին անսպառ տենչը պրպտելու, ուսումնասիրելու եւ պատմելու։
«Վարձքդ կատար, սիրելի Կարպիս»։
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնթրէալ, 19 փետրուար 2022