Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Ու Արցախի Մէջ Մարդասիրական Կացութեան վատթարացման Հարցով Ապահովութեան Խորուրդի Նիստ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի ուշ գիշերին գումարեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի Միջանցքի շրջափակման եւ ատոր պատճառով Արցախի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով հրատապ նիստ մը:
Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչ.«Չեզոք, Անկողմնակալ, Մարդկային Եւ Անկախ Մարդասիրական Հասանելիութիւնը Եւ Օգնութիւնը Պէտք Չէ Խոչընդոտուին: Վերջակէտ»
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ յայտնեց.«Միացեալ Նահանգները մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեամբ: Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Լաչինի միջանցքի փակումով, ինչը կը փակէ կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներու հասանելիութիւնը եւ կը խորացնէ մարդասիրական կացութիւնը: Սնունդին, դեղորայքին, մանկական սնունդին եւ ուժանիւթերուն հասանելիութիւնը երբեք պէտք չէ պատանդ վերցուի»:
«Մենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը, որպէսզի առեւտրական, սեփական եւ մարդասիրական փոխադրամիջոցները կարողանան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Մենք նաեւ կ՛ընդգծենք փոխըմբռնման հնարաւորութիւնը մարդասիրական մատակարարումներու յաւելեալ ուղիներու հարցով եւ կը հասկնանք, որ անցեալ դեկտեմբերէն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն աջակցած է աւելի քան 700 անձերու բժշկական տարհանման:
«Չեզոք, անկողմնակալ, մարդկային եւ անկախ մարդասիրական հասանելիութիւնը եւ օգնութիւնը` ներառեալ բժշկական տարհանումները պէտք չէ խոչընդոտուին: Վերջակէտ:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել կողմերու միջեւ բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը` հասնելու հակամարտութեան տեւական եւ խաղաղ լուծման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման: Այս խաղաղ բանակցութիւնները բոլոր կողմերէն կը պահանջեն ստեղծարարութիւն, ճկունութիւն եւ փոխըմբռնում:
«Թոյլ տուէք յստակացնել` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ընդգրկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւն: Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն զսպուածութիւն դրսեւորել եւ դադրեցնել որեւէ գործողութիւն, որ կը խարխլէ խաղաղութեան հոլովոյթը: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք կատարելու միջազգային օրէնքով իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ համագործակցութիւնը դիւանագիտական հարթութեան վրայ` երկխօսութեան եւ արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Բանակցութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք կ՛աջակցինք որեւէ ձեւաչափի, որ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին պիտի արտօնէ շարունակել բանակցութիւնները` խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու նպատակով: Բոլոր կողմերուն ուղիղ բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղենք, ներառեալ նաեւ Պաքուի իշխանութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
«Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավար եւ զարգացող ապագայի իր տեսլականին: Մենք երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ բոլոր գործընկերներու հետ` լաւագոյն ապագայ ստեղծելու նպատակով», ըսած է ան:
Ռուսիոյ Ներկայացուցիչ.«Անհրաժեշտ Են Քայլեր Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Լարուածութիւնը Թոթափելու Համար` Մասնաւորաբար, Դադրեցնել Լաչինի Միջանցքի Արգելափակումը Եւ Օգտագործել Մարդասիրական Այլ Ճամբաներ»
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտարարեց.«Յուլիս 25-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու ընթացքին մեր կողմէ առաջարկուած են լարուածութեան թուլացման իրատեսական փոխզիջումնային լուծումներ, որոնք կողմերը կը մշակեն:
«Խօսքը կը վերաբերի Աղդամով եւ Լաչինով միջանցքներու զուգահեռ բացման` քաղաքային անձերու եւ ոչ ռազմական բեռներու տեղաշարժի համար: Ատիկա անհրաժեշտ նախադրեալներ պիտի ստեղծէ պաշտօնական Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան լիազօր ներկայացուցիչներու միջեւ ուղիղ երկխօսութեան շուտափոյթ մեկնարկի համար», նշեց ան:
Ռուս դիւանագէտը մտահոգութիւն յայտնեց Բերձորի միջանցքի շարունակական փակման վերաբերեալ: Անոր կարծիքով` այժմ առաւել քան երբեւէ պահանջուած են այդ տեղ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան լարուածութեան շուտափոյթ մեղմացման ուղղուած քայլերը, ներառեալ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը եւ այլ մարդասիրական երթուղիներու օգտագործումը:
«Ռուսիան, երկու կողմերու աջակցութեամբ, առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան շուտափոյթ լուծման, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար:
«Բոլոր մակարդակներու վրայ կարելին կ՛ընենք` տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական աղէտ չարտօնելու համար: Կը շարունակենք եռանդուն հաղորդակցութիւնները ներգրաւուած բոլոր կողմերու հետ` Լեռնային Ղարաբաղ սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներու կայուն մատակարարումներու անյապաղ վերականգնման նպատակով:
«Ռուսիոյ նախագահի, Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի` 2020-2022 թուականներու յայտարարութիւններու ամբողջութիւնը կը մնայ Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման համար այլընտրանք չունեցող ճամբու քարտէս:
«Եռակողմ համաձայնութիւններու ներուժը սպառուած չէ, եւ առանցքային բաղադրիչներն են Ռուսիոյ փորձագիտական աջակցութեամբ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահամանազատումն ու հետագայ սահմանագծումը, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստման աջակցութիւնը, խորհրդարանականներու եւ հասարակութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու երկխօսութեան զարգացումը:
«Այս ուղղութիւններէն իւրաքանչիւրի համար որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է: Ռուսիան տրամադրուած է հետագային եւս համապատասխան ջանքեր գործադրելու:
«Հայ-ազրպէյճանական հաշտեցումը անհնար է պատկերացնել առանց Ազրպէյճանի իրաւական դաշտի ծիրին մէջ ընդհանուր ճանչցուած միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պահպանման յուսալի եւ յստակ երաշիխներու: Այս տրամաբանութիւնը կը բխի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին համապատասխան իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման մասին բազմիցս հաստատուած, վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն», աւելցուցած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
«Կ’ակնկալենք, որ հոլովոյթի բոլոր մասնակիցները իրենց մէջ կը գտնեն տարակարծութիւնները յաղթահարելու քաղաքական կամք` Լեռնային Ղարաբաղի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու աղետալի վիճակը թեթեւցնելու եւ Պաքու-Ստեփանակերտ ձեւաչափով կայուն երկխօսութիւն հաստատելու համար:
«Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ բոլոր պատասխանատու դերակատարներուն հետ, որոնք շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան կարգաւորմամբ եւ ընդհանրապէս հայ-ազրպէյճանական հաշտեցմամբ:
«Անոնք, որոնք անկեղծօրէն հաւատարիմ են այս բեմագրութեան, որ հիմնուած է ազրպէյճանական եւ հայ ժողովուրդներու արմատական շահերու վրայ, պէտք է մէկ կողմ ձգեն որեւէ աշխարհաքաղաքական եւ տարաբնոյթ ներքաղաքական նկատառումներ:
«Կոչ կ’ուղղենք նաեւ ամէնայն պատասխանատուութեամբ մօտենալ այս ծիրին մէջ Ապահովութեան խորհուրդի հարթակի օգտագործման: Խնդիրներն ամէն պարագային իրարու միջեւ պէտք է լուծեն Պաքուն եւ Երեւանը, եւ ոչ մէկ պարտադրուած տարազ եւ հանգուցալուծում անոնց երկխօսութիւնը պիտի չփոխարինէ: Մեր կողմէ պիտի շարունակենք խրախուսել զանոնք` կողմերը մօտեցնելով բարիդրացիական որոշումին», եզրափակած է Փոլիանսքին:
Մալթայի Ներկայացուցիչ.«Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք Չառաջարկել Աղդամի Ճամբան, Անիկա Պէտք Չէ Դիտարկուի Իբրեւ Լաչինի Միջանցքի Այլընտրանք»
ՄԱԿ-ի մէջ Մալթայի ներկայացուցիչը յայտնեց.«Անհրաժեշտ է ապահովել անխոչընդոտ մարդասիրական մատակարարումներ: Անհրաժեշտ է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի համար տեղաշարժի ազատութիւնը` նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական արժէչափերու համապատասխան: Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք չառաջարկել Աղդամի ճամբան, որովհետեւ անիկա պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի այլընտրանք:
«Մահերէն կարելի է խուսափիլ: Բոլորը` յատկապէս հասարակութեան խոցելի խումբերը, պէտք է պաշտպանուին: Ներքին տեղահանուածները եւ գաղթականները պաշտպանուեած չեն խտրականութենէն: Մարդասիրական օգնութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի: Պէտք է ապահովուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ տեղական կազմակերպութիւններու աշխատանքի վերականգնումը: Ատկէ բացի` պէտք է ապահովուի առողջապահական եւ ընկերային պարագաներու տրամադրումը», ըսաւ ան:
Մալթայի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակական ըլլայ` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման նպատակով:
Պրազիլի Ներկայացուցիչ.«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Գտնելու Մեքանիզմներ, Որոնցմով Պիտի Ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղ Առանց Խոչընդոտներու Մարդասիրական Հասանելիութիւնը»
ՄԱԿ-ի մէջ Պրազիլի ներկայացուցիչ Սերժիօ Ֆրանսա Տանեսէ յայտարարեց.«Մենք մտահոգուած ենք այն տեղեկութիւններով, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական վիճակի վատթարացման»:
Ան նշեց, որ առանձնակի մտահոգութիւն կը պատճառեն այն տեղեկութիւնները, թէ յունիսէն ճամբու փակման հետեւանքով կացութիւնը աւելի բարդացած է թէ՛ քաղաքային բնակչութեան, թէ՛ խոցելի անձերու համար:
«Պրազիլը կը վերահաստատէ, որ յանձնառու է յարգելու Հայսաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը` անոնց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ծիրին մէջ», ընդգծեց ան:
«Կողմերուն կոչ կ’ուղղենք` գտնելու մեքանիզմներ, որոնցմով պիտի ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղի առանց խոչընդոտներու մարդասիրական հասանելիութիւնը, ներառեալ Աղդամ-Խանքենդի ճամբու հնարաւորութիւնը», յայտարարեց ան:
Ֆրանսայի Ներկայացուցիչ.«Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Շարունակուող Արգելափակումը Կը Շարունակէ Առանց Որեւէ Իրաւաչափ Պատճառի Աշխարհի Մնացեալ Մասէն Մեկուսացնել Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութիւնը»
ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Նաթալի Պրոտհերսթ կոչ ուղղեց անմիջապէս վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը, միջազգային կազմակերպութիւններուն արտօնել այդ տեղ աշխատելու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ հաշուի առնելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները: Նշելով կազամատակարարման, ուժանիւթի, ջուրի, սնունդի առնչուած խնդիրները «ատիկա կը հակասէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի սկզբունքներուն», ընդգծեց ան:
Ան աւելցուց, որ այս բոլորի հետեւանքով ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ:
ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշատակեց Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռը, որ Ազրպէյճանէն կը պահանջէ ապահովել Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը: Ան նշեց, որ Եւրոպական միութեան զուգահեռ Ֆրանսան պիտի աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն:
Ճափոնի Նեկայացուցիչ.«Որոշում Կայացնողներուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Արտօնել, Որ Մարդասիրական Օգնութիւնը Վերսկսի»
ՄԱԿ-ի մէջ Ճափոնի մնայուն ներկայացուցիչ Քիմիհիրօ Իշիքանէ յայտնեց.«Այդտեղ մարդոց կեանքն ու ապրուստը երաշխաւորելը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ ամէնէն խոցելիներու համար` հիւանդներու, տարեցներու, կիներու եւ երեխաներու: Անոնց կեանքին պէտք չէ վտանգ սպառնայ: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն այժմ դժուարութիւններ ունի մարդասիրական օգնութիւնը Լաչինի միջանցքով հասցնելու: Մենք որոշում կայացնողներուն կոչ կ՛ուղղենք արտօնել, որ մարդասիրական օգնութիւնը վերսկսի: Անիկա պէտք է անխոչընդոտ ըլլայ: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու ճամբու հասանելիութիւնը: Մենք կը վերահաստատենք, որ օրէնքի գերիշխանութիւնը պէտք է ըլլայ, որեւէ պետութիւն պարտաւոր է հետեւիլ միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժէչափերուն: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան լուծումը շատ կարեւոր է Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը կարեւոր է: Յոյս ունինք խնդիրը պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով` միջազգային արժէչափերուն համապատասխան», նշած է ան:
Չինաստանի Ներկայացուցիչ.«Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղենք Գոյութիւն Ունեցող Վէճերը Լուծելու Միջազգային Մարդասիրական Արժեչափերու Հիման Վրայ»
ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ Կենկ Շուանկ յայտնեց.«Փեքին ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքի մէջ ստեղծուած կացութեան»:
«Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը դրացիներ են, երկու երկիրներու շահերէն կը բխի համագործակցութեան ճամբով ընթանալը», նշեց ան:
«Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու փոխզիջումներու դիմել` 4 միացեալ յայտարարութիւններու եւ հիման վրայ այն ջանքերու, որոնք գործադրուած են նախորդ ժամանակահատուածին մէջ` կողմերու, ներառեալ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, եւ լուծել գոյութիւն ունեցող վէճերը միջազգային մարդասիրական արժէչափերուն հիման վրայ: Չինաստանը պատրաստ է նպաստելու բոլոր ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն այդ նպատակներուն հասնելուն», ըսաւ Չինաստանի ներկայացուցիչի տեղակալը:
Զուիցերիոյ Ներկայացուցիչ.«Կացութիւնը Ծայրայեղ Ծանր Է Եւ Պէտք Է Լուծուի Անյապաղ»
ՄԱԿ-ի մօտ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ իր երկիրը անհրաժեշտ կը համարէ գտնել հրատապ լուծում Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կանխարգիլելու համար:
«Կ’ուզենք ընդգծել տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական վիճակի վատթարացումը եւ Լաչինի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը: Կանայք, երեխաները եւ տարեցները, որոնք կը բախին սննդամթերքի եւ դեղերու պակասին, կանգնած են գոյատեւման վտանգի առջեւ: Անհրաժեշտ է յատկապէս ամէնէն խոցելի խումբերը ապահովել սննդամթերքի եւ դեղերու հասանելիութիւնը: Կացութիւնը ծայրայեղ ծանր է, պէտք է լուծուի անյապաղ: Բացի այդ, կենսականօրէն կարեւոր է ապահովել քաղաքացիներու, առանցքային նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու տեղաշարժը», նշեց ՄԱԿ-ի մօտ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` հաւատարիմ մնալու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ ստանձնած իրենց յանձնառութիւններուն, ինչպէս նաեւ` Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուարի 22-ի որոշումին, որով Ազրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ բոլոր հնարաւոր միջոցները Բերձորի միջանցքով ապահովելու երկու ուղղութիւններով ապրանքներու, բեռներու եւ մարդոց անխոչընդոտ տեղաշարժը:
«Ընդգծենք նաեւ, որ պէտք է ապահովել անխոչընդոտ մուտքը մարդասիրական գործունէութիւն կատարող կազմակերպութիւններու համար, ինչպէս որ կը պահանջուի մարդասիրական միջազգային իրաւունքով: Կոչ կ՛ուղղենք գտնելու մարդասիրական համախոհութիւն, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի այն բնակչութեան, որ ատոր կարիքը ունի: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պէտք է վերականգնէ տարածաշրջանին մէջ իր գործունէութիւնը` առանց խոչընդոտներու:
«Կողմերուն կոչ կ’ուղղենք ձեռնարկել լարուածութեան թուլացման ուղղուած քայլեր եւ ջանքեր գործադրել յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար: Զուիցերիան յանձնառու է այս ջանքերը յառաջ մղելու բարեխղճութեամբ, եթէ երկու կողմերը հետաքրքրուած են ատով: Զուիցերիան յանձնառու է իր ուժերու սահմաններուն մէջ ապահովելու մարդասիրական ճգնաժամի զարգացման հետագայ կանխարգիլումը», ընդգծեց ՄԱԿ-ի մօտ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը:
Բրիտանիոյ Ներկայացուցիչ.«Շատ Կարեւոր Է, Որ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշումը Յարգուի` Ապահովելով Լաչինի Միջանցքով Երկու Ուղղութիւններով Անխոչընդոտ Տեղաշարժը»
ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Բրիտանիան կը շարունակէ խորապէս մտահոգուիլ Բերձորի միջանցքի խափանմամբ, ինչը կը խոչընդոտէ կեանքեր փրկող դեղորայքի, բժշկական ծառայութիւններու եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներու եւ ապրանքներու մատակարարման` մարդասիրական լուրջ հետեւանքներ յառաջացնելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար:
«Շատ կարեւոր է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար 22-ի որոշումը յարգուի` ապահովելով Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին արտօնել բոլոր ճամբաներով մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, որպէսզի անիկա կարողանայ իր կեսնական աշխատանքները իրագործել: Բոլոր կողմերը պարտաւոր են ձեռնպահ մնալ մարդասիրական օգնութիւնը քաղաքականացնելէ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հոգալ քաղաքային բնակչութեան կարիքները», ըսաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը:
Ան ըսաւ, որ Բրիտանիան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցող միջազգային հոլովոյթները, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` վերջին շրջանին հիւրընկալած հանդիպումը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի մասնակցութեամբ ջանքերը խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ:
ՄԱԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց կրկնապատկելու ջանքերը բանակցութիւններու միջոցով մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Անոր համոզումով` միայն դիւանագիտութեամբ եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ հնարաւոր է կողմերուն աւելի մօտեցնել խաղաղութեան:
Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչ.«Աղդամի Ճամփով Ապրանքներու Մատակարարումը Պէտք Չէ Նկատուի Իբրեւ Լաչինի Միջանցքը Չբանալու Տարբերակ»
ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը յայտնեց.«Եւրոպական Միութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի բաւական լուրջ մարդասիրական ճգնաժամին, որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտուած է աւելի քան ու ամիսէ ի վեր` հակառակ զայն բանալու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումին: Յունիս 15-էն ի վեր Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խաթարումը դարձած է համապարփակ` բացառութեամբ բժշկական նպատակներով մարդոց տարհանումներու: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը անհրաժեշտ պարագաներու ծայրայեղ պակաս ունի, ինչը քաղաքային բնակչութեան համար կրնայ լուրջ հետեւանքներու հանգեցնել: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերը տարածաշրջանին մէջ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան, ուստի անհրաժեշտ է ապահովել այդ կազմակերպութեան լիարժէք գործունէութիւնը մարդասիրական մատակարարումներու եւ բժշկական տարհանումներու համար», ըսաւ ան:
Անոր պնդմամբ` մարդասիրական ապրանքներու առաքումը պէտք չէ քաղաքականացուի որեւէ նպատակով: Անմիջապէս պէտք է վերականգնել տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով` եռակողմ համաձայնագիրի եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման համաձայն, որովհետեւ կողմերը պարտաւորութիւն կը կրեն ապահովելու Լաչինի միջանցքով անվտանգ տեղաշարժը` կանխարգիլելով ճգնաժամի հետագայ վատթարացումը:
«Անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններն անյապաղ քայլեր ձեռնարկեն` ապահովելով քաղաքացիներուն ապրանքներու մատակարարումը Աղդամի ճամբով: Բայց եւ այնպէս, ատիկա պէտք չէ նկատուի իբրեւ տարբերակ` չբանալու Լաչինի միջանցքը: Առաջին հերթին, պնդումները պէտք է ուղղուած ըլլան բնակչութեան անվտանգութեան եւ ապրանքներով ապահովելուն, պէտք է խրախուսի տեղւոյն հայ բնակչութեան ու Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը: Ատիկա անհրաժեշտ է կողմերու միջեւ վստահութեան ձեւաւորման համար», նշեց ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը:
«Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք` խուսափելու հետագայ միջադէպերէն ու վերադառնալու երկխօսութեան», ըսաւ ան, եւ կոչ ուղղեց` դադրեցնելու կոշտ հռետորաբանութիւնը, ինչն ալ կրնայ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հիմ հանդիսանալ: Պնդեց, որ երկխօսութիւնը բարեխղճութեան հիմով կը շարունակէ արդիական մնալ:
Եւրոպական Միութեան յանձնակատարի կարծիքով` անհրաժեշտ է յանձնառու ըլլալ բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ձգտիլ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման: «Ցաւոք սրտի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայիս վատթարացող մարդասիրական կացութիւնը կը վնասէ խաղաղութեան հոլովոյթին: Խնդիրները պէտք է լուծուին, անյապաղ ձեռնարկուին որոշակի քայլեր` վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով», նշեց ան:
Յանձնակատարի հաւաստմամբ` Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիարժէքօրէն յանձնառու ըլլալ երկու կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու եւ տեւական խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ` ի շահ եւ ի նպաստ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան:
Կապոնի Ներկայացուցիչ.«Լեռնային Ղարաբաղ Անխոչընդոտ Մուտքը Պէտք Է Ապահովուի` Կանխարգիլելու Համար Քաղաքային Բնակչութեան Սպառնացող Հետագայ Վտանգները»
ՄԱԿ-ի մօտ Կապոնի ներկայացուցիչ Միշէլ Խաւիէր Պիանկ մտահոգութիւն յայտնեց կացութեան վերաբերեալ, որուն մէջ յայտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը: Ան վկայակոչած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի վերջին զեկուցումները, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը սնունդի, դեղորայքի եւ բժշկական սարքաւորումներու պակաս ունի: Շեշտեց, որ ատիկա առանձնապէս մտահոգիչ է խոցելի խումբերու` երեխաներու, ծերերու, յղիներու պարագային:
«Մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է տրամադրուի անյապաղ կերպով` առանց հարցի քաղաքականացման», ընդգծեց դեսպան Պիանկը եւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ անխոչընդոտ մուտքը պէտք է ապահովուի` կանխարգիլելու համար քաղաքային բնակչութեան սպառնացող հետագայ վտանգները:
Կապոնի մնայուն ներկայացուցիչը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքական քննարկումները պէտք է շարունակուին` կանխարգիլելու համար նոր զինուորական հակամարտութիւնը:
Կապոնի ներկայացուցիչը կողմերուն կոչ ուղղեց զերծ մնալ ուժի կիրարկման սպառնալիքէն եւ ռազմական հռետորաբանութենէն:
Comments are closed.