Բակօ Սահակեան Մասնակցած է Հայ Դատի Յանձնախմբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովի Բացման

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 25-ին, մասնակցած է Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի բացման: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ Հայ Դատը այն համահայկական կառոյցն է, որ տասնամեակներ շարունակ յամառ պայքար կը մղէ մեր համազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արցախին:

«Անհնարին է պատկերացնել միջազգային հարթակներու վրայ Արցախի շահերուն պաշտպանութիւնը, տարբեր երկիրներու եւ ատեաններու մէջ մեր մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու տարածումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած քայլերուն իրականացումը, բազմաթիւ պետութիւններու եւ անոնց կեդրոններուն հետ կապերու հաստատումն ու խորացումը, մեր հանրապետութեան մէջ զանազան ծրագրերու իրականացումը առանց Հայ Դատի գործուն մասնակցութեան, անոր մեծածաւալ եւ անձնուէր աշխատանքի»,- ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

Խորհրդաժողովցի բացման ընթացքին նախագահ Սահակեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրած է «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխոյժ գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալից աւանդին համար:

Բաժումին ներկայ եղած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.