Բազմերանգ, բայց միասնական. մէկ համայնք, մէկ յաղթական տեսլական

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Երբեմն, համայնքային կեանքի հոլովոյթին մէջ կը ստեղծուին այնպիսի պահեր, երբ անցեալի երազանքներն ու ապագայի տեսլականը կը բախին ներկայի հնարաւորութիւններուն հետ՝ ծնունդ տալով անկիւնադարձային իրականութեանց։Թորոնթոհայ գաղութը այսօր կանգնած է ճիշտ այդպիսի պատմական շեմի մը վրայ։

Տարիներ շարունակ, սփիւռքեան տարածքներուն մէջ մեր հիմնական մտահոգութիւնը եղած է «պահպանումը»՝ մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան արխիւային խնամքը, կարծես ըլլայինք թանգարանի մը պահապանները, որոնք կը ջանան փոշին մաքրել անցեալի յուշերուն վրայէն։ Սակայն, ինչպէս անցեալին առիթով մը նշած եմ, պահպանումը կրաւորական արարք է, մինչդեռ այն ինչ որ այս օրերուն տեղի կ’ունենայ Թորոնթոյի մէջ, նուաճումի ու համարձակ ռազմավարութիւն մըն է՝ ընդդէմ ուծացման ու նահանջի։

Մենք այլեւս չենք կառավարեր մեր անկումը, այլ հաստատակամօրէն կը նախագծենք մեր յառաջխաղացքը յաջորդ հարիւրամեակին համար։

Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ամայի ու լռելեան միջավայրին մէջ տարիներ առաջ ապրած յուսալքութեանս ու մտահոգութիւններուս՝ այսօր Թորոնթօն կու տայ ամենէն հզօր ու կենսունակ պատասխանը։ Այնտեղ, ուր կասկածը կրնար բոյն դնել, մեր համայնքը կը պատասխանէ նորանոր սիւներու հիմնադրութեամբ:  

Այս նոր համայնքային զարթօնքի առանցքը կը հանդիսանան երկու հսկայածաւալ ծրագիրներ, որոնք թէեւ կը ղեկավարուին տարբեր մարմիններու կողմէ, բայց ըստ էութեան կը ներկայացնեն նոյն մեծ հաւաքական տան երկու հզօր թեւերը։ Առաջինը՝ 211 Consumers Road հասցէին գտնուող հոյակապ համալիրի պատմական ձեռքբերումն է՝ աւելի քան տասնհինգ միլիոն տոլարի հսկայական ներդրումով, որ պիտի դառնայ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի (7-12-րդ կարգեր) նոր ու արդիական տունը, որ երկար տարիներու տարածքային սահմանափակումներու եւ սպասման ցուցակներու վերջնական սրբագրումով առիթ պիտի տայ մեր համայնքի հարիւրաւոր զաւակներուն ստանալու բարձրորակ դաստիարակութիւն՝ համալսարանական մակարդակի պայմաններու մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, համայնքի միւս կողմը՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կից, կը նախապատրաստուի մէկ այլ անկիւնադարձային նախագիծ՝ Trinity Square Project-ը։ Ասիկա բազմասերունդային հսկայ կորիզ մըն է, որ շուրջ 470 000 քառակուսի ոտք տարածութեամբ, երեսունութ յարկանի երկու վերասլաց շէնքերով պիտի մէկտեղէ բնակարանային, ընկերային ու մշակութային ծառայութիւնները։ Հոն պիտի բաբախէ «Բարեւ» մշակութային կեդրոնը՝ իր ընդարձակ ճաշասրահով, մարզասրահով, արտօնագրուած մանկամսուրով ու տանիքի կանաչապատ պարտէզով։

Այս երկու ծրագիրները միասին կու գան ապացուցելու, որ թորոնթոհայութեան կենսունակութիւնը անսպառ է, երբ ան կը հաւատայ իր սեփական ուժերուն։

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ յաճախ ականատես եղած ենք քաղաքական, եկեղեցական թէ ընկերային բաժանարար գիծերու, որոնք երբեմն ջլատած են մեր հաւաքական ներուժը։ Սակայն Թորոնթօն, մանաւանդ վերջին քանի մը տասնամեակներուն, եղած է բացառութիւն. ան եղած է միասնութեան ու համերաշխութեան փարոս մը։ Ինչպէս անցեալի յօդուածներէս մէկուն մէջ ալ առիթով մը նշած եմ, մեր ընտանիքին համար հայ եկեղեցին միշտ եղած է մէկ ու անբաժանելի, անկախ անկէ թէ ան Առաքելական է (Էջմիածնական թէ Կիլիկեան), Աւետարանական թէ Կաթողիկէ (որուն միասնութեան կատարեալ մարմնացումն ու կենդանի օրինակն է մեր գաղութի Միջյարանուանական մարմինը)։

Նոյնն է պարագան նաեւ մեր կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն։ Թէեւ երբեք չեմ թաքցուցած իմ աշխուժ պատկանելիութիւնը համայնքային որոշակի թեւի մը, սակայն ես ինծի տան մէջ կը զգամ Թորոնթոյի ամէն մէկ հայկական անկիւնը. որովհետեւ հոն ուր հայերէն կը խօսուի, հոն ուր հայերէն աղօթք կը հնչէ, հոն ուր հայկական կ’ուտեն, կը խմեն, ուր հայերէն կ’երգեն ու անոր եղանակին տակ կը պարեն, ուր բեմին վրայ հայերէնով կամ հայկական թեմաներով թատրոն կը խաղան, ուր հայ մանուկները պայուսակնին շալկած դպրոց կը յաճախեն, ուր կուրծքերնուն ձախ կողմը՝ ճիշտ սրտին վրայ, կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն դրոշմով մարզիկներ դաշտ կ’իջնեն, ուր երիտասարդ հայ զոյգ մը կը սկսի իր սիրոյ պատմութիւնը (սկիզբը ծնողներէն ու համայնքէն գաղտնի, անշուշտ), հոն ուր մկրտութեան կամ քառասունքի օրհնութեան բերուած մանուկին ճիչը կը ծակէ ականջները, ուր թաւլիի զառերը հարուածելով աշխարհի հարցերը կը լուծեն եւ ուր ազգային ու քաղաքական հարցերու շուրջ բարձրաձայն ու կրքոտ կը վիճաբանին՝ բայց ի վերջոյ միասին կենաց խմելով կը հաշտուին… այդ բոլո՛րը համախմբող վայրը իմ հարազատ տանիքս է։

Այս իրողութեան ամենէն վաւերական ու յուզիչ արտայայտութիւնը տեսանք վերջերս, երբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ. քհն. Զարգարեան, «Նոր հայ հորիզոն»-ի իր հարցազրոյցին ընթացքին, յատուկ հիացմունքով ու եղբայրական ջերմութեամբ շնորհաւորեց Հայ կեդրոնի ղեկավարութիւնը՝ 211 Consumers Road-ի նոր մասնաշէնքի գնման առիթով։ Տէր հօր այս խօսքերը, քաղաքավարական արտայայտութիւններ ըլլալէ անդին, պատգամ մըն էին ուղղուած ողջ գաղութին։

«Մենք բոլորս միասին ենք մեր յաղթանակներուն, մեր ցաւերուն եւ մեր տառապանքներուն մէջ… իմ խնդրանքս այն է, որ ինչպէս միշտ, թորոնթոհայութիւնը միասնական ըլլայ նման ծրագիրներու եւ գործունէութեանց շուրջ»…

Երբ հոգեւոր հովիւը բարձրաձայն կը սատարէ դպրոցական այս մեծագոյն նուաճումին, ան անգամ մը եւս կը փաստէ, որ Թորոնթօն կրնայ ունենալ տարբեր կառոյցներ, բայց ունի մէկ անբաժանելի սիրտ։ Այս խիզախ քայլերը, որոնք կը տրուին համայնքի տարբեր հատուածներուն կողմէ, ի վերջոյ պիտի բարօրութիւն եւ ուժ բերեն ողջ թորոնթոհայութեան, որովհետեւ մէկ «կողմի» յաջողութիւնը ամբողջական յաղթանակ է բոլորիս համար։

Այսպիսի ահռելի ծրագիրներու իրագործումը կը պահանջէ նիւթական ու բարոյական հսկայական զոհողութիւններ։ 2018-ին, երբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից ՀԲԸՄ-ի շէնքը վաճառքի հանուեցաւ, համայնքը մեծ պարտքերու տակ մտաւ զայն ապահովելու համար, որպէսզի եկեղեցին չզրկուի իր առաքելութիւնը ընդարձակելու հնարաւորութենէն։ Այսօր, դարձեալ նոյն մարտահրաւէրին առջեւ ենք. ACC Beyond արշաւը պէտք է հաւաքէ միլիոնաւոր տոլարներ՝ Consumers Road-ի նոր կրթօջախին համար:

Հետեւաբար, ժամանակն է բանալու մեր քսակները լայնօրէն, բայց մեր սիրտերն ու միտքերը՝ աւելի՛ լայն։ Համայնքին նուիրաբերելը բարեգործութիւն չէ, այլ գրաւ մը՝ մեր սեփական ապագային վրայ. եւ երբ մենք հաւաքաբար կը դնենք այդ գրաւը, յաղթանակի հաւանականութիւնը հարիւր տոկոս է։

Տէր Զարեհի իմաստուն բառերով՝ նման նախաձեռնութիւններ «իրագործելու եւ իրականութիւն դարձնելու համար ահռելի զոհողութիւններ եղած են եւ պիտի շարունակուին»։ Ան յայտնեց իր ամուր հաւատքը մեր ժողովուրդի իմաստութեան հանդէպ եւ կոչ ուղղեց բոլորիս՝ շարունակելու սատար հանդիսանալ մեր աղօթքներով, այո՛, բայց նաեւ մեր «մասնագիտական կարողութիւններով եւ սրտաբուխ լումաներով», որպէսզի օր մը միասնաբար կատարենք այս բոլոր հաստատութիւններուն հանդիսաւոր բացումը։ Նուիրատուութիւնը հաշուապահական գործողութիւն չէ, այլ մեր հաւաքական գալիքին ու համայնքին հանդէպ վստահութեան արարք:

Ուստի, որպէսզի մեր իսկ աչքերով տեսնենք այս հաւաքական կամքի շօշափելի պտուղները, կոչ կ’ուղղեմ Թորոնթոյի ողջ հայութեան՝ միանալու այս զարթօնքին: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք թէ ինչպէ՛ս մեր սերնդակիցները պատասխանատուութեամբ կը քալեն մեր մեծերուն հետքերով, եւ եղէ՛ք մասնակիցը ապագայի կերտման այս գեղեցիկ պահերուն՝ անկախ անկէ, թէ նուիրումը կը վերաբերի դպրոցական նոր համալիրին թէ եկեղեցւոյ հսկայածաւալ ծրագրին։ Վերջիվերջոյ, ասոնք նոյն հզօր ծառին առողջ ճիւղերն են, որոնք պիտի հովանաւորեն մեր համայնքի վաղուան օրը։

Մեր ներկայութեամբ ու նուիրատուութեամբ մենք պիտի կերտենք այն հիմքը, որուն համար գալիք սերունդները մեզ պիտի դատեն։ Որպէս այս միացեալ տեսլականի գործնական մէկ քայլը, անյետաձգելի հրաւէր կ’ուղղեմ ողջ թորոնթոհայութեան՝ անձամբ ներկայ գտնուելու շաբաթ, 4 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7-ին նախատեսուած ACC Beyond հանգանակային յատուկ ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ մեր նոր՝ 211 Consumers Road շէնքին մէջ։ Հոն պիտի կարենանք մօտէն տեսնել ու սատարել մեր համայնքի նուաճումներէն մէկուն։ Թող այս ժամադրութիւնը ըլլայ մեր հաւաքական յանդգնութեան նոր մեկնակէտը, ուր մեր բացուած քսակներն ու ընդարձակուած սիրտերը կը դառնան ապագայի ամենէն անսասան խարիսխը՝ թէ՛ այս, եւ թէ՛ մեր գաղութի միւս բոլոր կենսական ծրագիրներուն համար։

Ըլլանք մասնակից եւ նուիրե՛նք յանդգնութեամբ։

***
Այս խմբագրականը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւին մէջ: