Բագրատ Սրբազան. «Սեպտեմբերի Սկիզբը Տեղի Պիտի Ունենայ Մեծ Հաւաք»

Սեպտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ մեծ հաւաք: Այս մասին երէկ` 21 յուլիսին  Գեղարքունիքի Նորատուս գիւղին մէջ ըսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան:

«Փոխուած է մեր մարտավարութիւնը, մինչեւ սեպտեմբեր հաւաքագրման շրջանն է, իսկ սեպտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենայ մեծ հաւաք: Այս պայքարը պիտի մեռնի միայն այն ժամանակ, երբ ես եւ մեզմէ իւրաքանչիւրս մեռած պիտի ըլլանք», ըսաւ ան:

Բագրատ սրբազանը նաեւ նշեց, որ բոլոր խնդիրները կու գան անկէ, որ այսօր մենք կառավարութիւն չունինք:

«Թշնամի պետութեան ղեկավարը հանգիստ կրնայ ցուցմունքներ տալ: Ալիեւը ինքն իրեն այնքան արտօնութիւն տուած է, որ մեր երկրի ղեկավարին կ՛ըսէ` եթէ եկած ես Լոնտոն եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետին հետ չես հանդիպիր, ապա ինչո՞ւ եկած ես:  Ու ցաւալին այն է, որ որեւէ պատասխան չկայ», ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

Իր կարգին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Տաւուշի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ իշխող կուսակցութիւնը օրերս աւետեց նոր պատերազմի մասին:

«Երբ ամիսներ, տարիներ շարունակ կ՛ըսէինք, որ թշնամին պիտի չհրաժարի իր ծրագիրներէն եւ պիտի երթայ նոր տարածքներ, նոր բնակավայրեր բռնագրաւելու ճանապարհով, շատերը թերահաւատօրէն կը նայէին, ոմանք ալ անջատած էին այդ ուղղութեամբ բանականութիւնը եւ կը մտածէին, որ ջայլամի քաղաքականութիւն վարելով պիտի կարենան թշնամիին հակահարուած տալ», նշեց ան:

Comments are closed.