Բագրատ Սրբազանը Ռուսիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ՝ Սփիւռքի Հետ Կապերը Վերականգնելու Նպատակով
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի առաջնորդներէն Գառնիկ Դանիէլեան յայտնեց, որ ամիսներ առաջ, Բագրատ սրբազանը «Իզմիրլեան» հիւանդանոցին մէջ բուժում ստացաւ, ապա հարցեր յառաջացան, եւ ան պէտք ունէր յաւելեալ քննութիւններու ենթարկուելու՝ Ռուսիոյ մէջ։
«Գիտեմ, որ սրբազանն այցելել է եկեղեցի, այնտեղ մեր հաւատաւոր հայրենակիցների հետ հանդիպում է տեղի ունեցել, եւ դրանում արտառոց բան չպէտք է փնտռել», ըսաւ Դանիէլեան:
Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ ռուս քաղաքական շրջանակներուն հետ եւս ան հանդիպում ունեցաւ եւ կը փորձէ հոնկէ աջակցութիւն ստանալ՝ Դանիէլեան ըսաւ. «Ես նման ինֆորմացիա (տեղեկութիւն) չունեմ, թէ ինչ հանդիպումներ է ունեցել: Բայց այս իշխանութիւնները անընդհատ ինչ-որ ստայօդ լուրերով փորձում են մարդկանց ապակողմնորոշել: Նոյն յաջողութեամբ սրբազան հայրը ամիսներ առաջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն էր գնացել, Կանադայում է յետոյ եղել, Միացեալ Նահանգներում, Ֆրանսիայում»:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ մէջ կայ շատ մեծ համայնք, որ մեծ դերակատարութիւն ունի մեր երկրի, մեր պետութեան համար, եւ հոն կան լուրջ մարդիկ, որոնք այդ պետութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին: «Սփիւռքի հետ կապն է խզուել, եւ կապ չունի մեր հայրենակիցները որտեղ են, այդ մարդիկ պէտք է կապը պահեն մեր երկրի հետ եւ մեր երկրի լոբբինգը անեն տուեալ երկրում: Սրբազանը ցանկանում է Սփիւռքի հետ կապերը վերականգնել», ըսաւ Դանիէլեան։
Comments are closed.