Բագրատ Արք. Գալստանեան Կը Պահանջէ Արցախի Հարցը Բանակցային Օրակարգին Մէջ Ներառել
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Պաքուին ներկայացուցած առաջարկը, ըստ Բագրատ արք. Գալստանեանի, շատ նման է Կրանատայի մէջ առանց հակառակ կողմի համաձայնութեան թուղթ ստորագրելուն:
Ըստ Բագրատ սրբազանի` սա «խաղաղութիւն մուրալ է»:
Վարչապետ Փաշինեան շաբաթ օրուան ասուլիսի ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանն ու Պաքուն ամբողջովին համաձայնեցուցած են խաղաղութեան համաձայնագիրի 17 յօդուածներէն 13-ը, եւս 3 յօդուածի բառապաշարի մեծ մասը: Ապա աւելցուց, որ Հայաստանը նոր առաջարկ ներկայացուցած է Ազրպէյճանին` ստորագրել այն յօդուածներուն տակ, որոնք արդէն համաձայնեցուած են` միւսներուն քննարկումը ձգելով ապագային:
Բագրատ սրբազանը պահանջեց Արցախի հարցը բանակցային օրակարգին մէջ ներառել:
Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Բագրատ սրբազանի եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման երէկուան հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, 2 սեպտեմբերի` Արցախի Անկախութեան օրուան ընդառաջ էր:
«Արցախի հարցը փակուած չէ», յայտարարեց սրբազանը:
«Անիկա իր բոլոր դրսեւորումներով եւ ծաւալումներով կը կազմէ հայկական օրակարգի առանցքը: Ինծի համար ընդունելի է Արցախը` թէ՛ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, թէ՛ վերամիաւորուած մայր Հայաստանին», ըսաւ ան` գործող իշխանութիւններէն պահանջելով հետամուտ ըլլալ Արցախի հիմնահարցը բանակցային օրակարգին մէջ ներառելուն:
Ան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրեց «արցախցիներու տուն վերադարձի խոչընդոտը ըլլալու» յանցանքով:
Comments are closed.