Արցախցիներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Խորհուրդը Հանդիպած Է Արցախի Կուսակցութիւններու Ղեկավարներուն Հետ
- (0)

Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտարարուած լայն հանրային համախմբման շրջանակներուն մէջ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղակայուած վրանին մէջ հանդիպումներ ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած` Արցախի ժողովրդավարական, Արդարութիւն եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ` լսելու անոնց դիտարկումները հետագայ ընելիքներուն շուրջ:
Խորհուրդի անդամ Նժդեհ Իսկանդարեան նշած է, որ շարժման խնդիրը Արցախի ու արցախցիներու խնդիրը չէ, այլ համայն հայութեան հարցն է եւ այդ նպատակով լայն քննարկումներ սկսած են Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ այդ քննարկումներէն ետք հետագայ ընելիքներու մասին պիտի յայտարարուի:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան ողջունելի նկատած է համախմբումը եւ շեշտած, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ աշխարհասփիւռ ՀՅԴ կառոյցը լծուած է Արցախի դատի պաշտպանութեանը:
«Ողջունելի է, որ շարժումը կրցած է լայն համախմբում ստեղծել, քաղաքական եւ հասարակական ուժերը միաւորելով. այդ ինքնին մեծ ուժ կը ներկայացնէ», նշած է ան:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են արցախցիներու իրաւունքներուն վերաբերող շարք մը օրակարգային հարցեր եւ անոնց լուծման ուղղուած համատեղ ընելիքներու շրջանակը:
Մասնակիցները կարեւոր նկատած են միասնականութիւնն ու համախմբումը` հետագայ գործողութիւններու ծրագրաւորման ու կազմակերպման հարցին մէջ: