Արցախի պատերազմը Թուրքիոյ հայ հասարակութեան մէջ. արտայայտուելու անկարելիութիւն. գոյատեւելու հարց

Նազլը Թէմիր Պէյլերեան
ընկերաբան
Կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել նոր աշխատանք մը, որ սկիզբ առաւ թուրքիոյ հայ հասարակութեան մէջ 2023-ի ամրան։ Իբրեւ հետազօտող, Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, պատերազմի արձագանգին ու հետեւանքներուն մասին ուզեցի դաշտային աշխատանք մը տանիլ Թուրքիոյ հայերու հետ. միջավայր մը, ուր հայեր ու ոչ հայեր քով քովի կ’ապրին։
Ուրեմն, նպատակս էր զանազան հայերու հետ տեսակցելով ջանալ հասկնալ, թէ ի՞նչ եղած էին իրենց զգացումներն ու հոգեվիճակները պատերազմի սկիզբը, ընթացքին եւ պարտութենէն յետոյ։ Նաեւ՝ հայկական կողմին պարտութիւնը ինչեր փոխած էր իրենց դիրքորոշումներուն մէջ իրբեւ հայ, կամ իբրեւ թրքահպատակ քաղաքացի։
Այս ուղղութեամբ, 2023-ի Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու ընթացքին Պոլսոյ հայ հասարակութեան մէջ կատարեցի մօտ տասնեակ հարցազրոյցներ։
Պէտք է նկատի առնել, թէ երբ այս աշխատանքը սկսաւ, վերջ գտած էր պատերազմը հայկական պարտութեամբ, բայց Արցախը դեռ չէր քայքայուած։ Այսինքն, նշեալ աւելի քան 15 հարցազրոյցները կատարուած են նախքան Արցախի անկումը, հազիւ քանի մը ամիս առաջ, բայց պատերազմէն յետոյ, երբ դեռ զգացումներն ու դիրքորոշումները տաք էին անցուդարձերու նկատմամբ։
Նպատակս է երթալ ու տեղւոյն վրայ շարուանկել այս հարցազրոյցներու շարքը, տեսնելու թէ ինչեր փոխեց Արցախի անկումը սոյն հասարակութենէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, յարմար կը գտնեմ ընթերցողին ներկայացնել Թուրքիոյ հայերուն տեսանկիւնը, զոր ինծի փոխանցեցին անմիջապէս պատերազմէն ետք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու արգելքներուն, որոնց պիտի անդրադառնամ։
Աւելցնեմ նաեւ, որ առաջին անգամ չէ, որ արգելքներու հանդիպած եմ դաշտային աշխատանքիս մէջ։ Նախորդ աշխատանքս, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ հայերու հասարակաց յիշողութեան, կրցած էի աւարտին հասցնել հակառակ առջեւս ծառացած արգելքներուն։ Նպատակներէս մին է այսօր շարունակել 2015-ին կանգ առած այդ գործը։ Այդ ժամանակէն ի վեր ինչե՞ր փոխուած են, մանաւանդ հայերը ինչպէ՞ս կ’ապրին հոն ու ինչպէ՞ս կ’ընկալեն Արցախեան պատերազմը։ Այս մէկը դաշտային աշխատանքիս մեկնարկի հարցումը եղաւ։ Կ’արժէր այսօր Թուրքիա ապրած հայերու հետ տեսակցիլ նիւթի մը շուրջ, որ երբեք չէ արծարծուած եւ կարգ մը պատճառներով չէ իրականացած։ Արդե՞օք իսկապէս քով քովի կ’ապրին ոչ հայերը եւ հայերը, վերջիններս՝ իրենց հայկական ինքնութեամբ։ Ինչպէ՞ս կ’ընթանան յարաբերութիւնները իրենց միջեւ յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք։ Հայերը ինչպէ՞ս կը զգան, ի՞նչ տարբերութիւններ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու ետք, եթէ կարելի է այս պատերազմը բեկում նկատել։
Հետազօտական երկու խումբեր
Առաջին հարցումը անշուշտ հետեւեալը կ’ըլլայ. ո՞ր հայերու հետ տեսակցիլ։ Ո՞վ է ներկայացուցչական նմոյշը այս աշխատանքին։ Կան բնիկ պոլսահայեր եւ Անատոլուէն գաղթածներ, որոնք կը բաղկանան զանազան խաւերէ ու կրթութեան զանազան մակարդակներէ, կան մտաւորականներ ու քաղաքական կամ ընկերային խնդիրներով հետաքրքրուողներ եւ կան անոնք, զորս կարելի է սեպել պարզապէս հասարակ անդամ համայնքի, որոնք կը ջանան միայն գոյատեւել։ Ահաւասիկ բուն բառը, որ արդէն իսկ իր մէջ ունի իր պատասխանն ու վերլուծումը։ Գոյատեւե՜լ։ Հետեւաբար՝
խումբ Ա., որ կ’ընդգրկէ ենթախումբեր, զանոնք կարելի է անուանել «բնիկ թրքահայեր», այսինքն՝ պոլսեցի կամ անատոլուցի, բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ։
Խումբ Բ., որ կը բաղկանայ Հայաստանէն գաղթած ու Պոլիս հաստատուած հայերէ։ Այն ընկերա-տնտեսական տեսակէտով միատարր ըլլալ կը թուի։ Պարզ է, որ շատեր գաղթած են Թուրքիա իրենց նիւթական պայմանները բարելաւելու (ուսումնասիրելի նիւթ)։ Այս խումբի անդամները երկար տարիներէ ի վեր կ’ապրին իրենց երկրին, այսինքն՝ Հայաստանի կարօտով։ Խումբը կարելի է անուանել «գաղթական հայերու խումբ», հակառակ անոր, որ խումբի անդամներուն մէկ մասը չ’ուզեր վերադառնալ Հայաստան։
Հետազօտութեանս նիւթին վերաբերեալ գաղթական հայերու երկու խումբ յայտնուեցաւ. առաջինը՝ զանազան պատճառներով չէր ուզեր խօսիլ կամ արտայայտուիլ։ Երկրորդը՝ կ’ուզէր դրսեւորել իր հոգեկան, անձնական եւ հաւաքական ապրումները։
Գոյատեւելու հարց
Երկու գլխաւոր խումբերը նկատի առնելով կրնանք ըսել, թէ այսօր բոլորն ալ կը ջանան գոյատեւել երկրի մը մէջ, ուր ժխտողականութիւնը կը տիրապետէ թէ՜ քաղաքական եւ թէ՜ ընկերային գետնի վրայ։ Կրթական, գիտական եւ քաղաքական ճառախօսութիւններու մէջ միշտ ներկայ է ժխտողականութիւնը մինչեւ այսօր, հակառակ անոր, որ եղած են ժամանակներ, ուր կարելի եղած է աւելի քաջաբար ու բացայայտօրէն արտայայտուիլ որոշ նիւթերու շուրջ, յատկապէս ցեղասպանութեան մասին։
1915 էն ի վեր գիտենք, թէ Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի բուն քաղաքականութիւնը եղած է ժխտել պատահածը ու կառուցել երկիր մը հիմնուած ոչ մահմետականներու բացակայութեան վարկածին վրայ։ Կը նշանակէ, որ հոն ապրող հայերը ընկերութենէն ալ ժխտուած են իրենց ինքնութեամբ ու յիշողութեամբ։ Այս կացութեան մէջ անոնց միակ ջանքը եղած է գոյատեւել, այսինքն ջանալ ապրիլ, զրկուած իրենց ինքնութեան առնչուած տուեալներէն, ինչպէս՝ չկարենալ հայերէն գործածել հանրային վայրերու մէջ, չկարենալ հայկական ոգին ապրեցնել եկեղեցիներուն մէջ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր կիսափլատակ են։
Այսուհանդերձ, կա՜ր պայքարը ընդդէմ այս քաղաքականութեան, բայց գոյատեւելը կը մնար գլխաւոր ուղին։ Գոյատեւել. դիւրին արտայայտութիւն մը, բայց դժուար իրականութիւն։ Հանրապետական շրջաններուն կիրարկուած օրէնքներն ու քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հայերը տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ ոչնչացնելու նպատակ կը հետապնդէին։
Թրքացումի ու իսլամացումի քաղաքականութեան գլխաւոր թիրախը եղած էին ոչ մահմետականները, յատկապէս հայերը։ Կը կարծեմ, թէ սխալ չ’ըլլար ըսել, թէ հայերը հանրապետական շրջաններուն ենթարկուած են ուրիշ ջարդի մը «յետ- ցեղասպանական հասարակութեան» մը մէջ գտնուելով։
Աւելորդ չ’ըլլար շեշտել, թէ քեմալականներուն կիրարկած օրէնքները՝ ունեւորութեան տուրքը (1942), հայկական վաքըֆներուն գրաւումը (1936), 6-7 Սեպտեմբերի (1955) իրադարձութիւնները, եւլն., Թուրքիոյ հայերուն կը ձգէր միակ ճանապարհ՝ ջանալ ապրիլ իրենց ինքնութեամբ որքան որ կարելի էր։ Այսինքն գոյատեւել։
Վերջին տարիներուն, այս իրավիճակին մաս կը կազմէ ուրիշ խումբ մը. Հայաստանէն գաղթած իրենց ազգակիցները։ Գիտենք թէ 90-ականներէն յետոյ Հայաստանէն զանգուածային գաղթեր տեղի կ’ունենան դէպի արտասահման։ Վայրերէն մէկը Թուրքիան է։ Կամաց կամաց հայերը կը գաղթեն դէպի Թուրքիա, շատեր ապաստանեալ ըլլալով, առանց օրինաւոր թուղթի։ Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, բայց որ հաւանական կը թուին, այսօր Հայաստանէն Թուրքիա գաղթած վերիվարոյ 20,000-ի չափ հայ կայ։ Ուրեմն պէտք է հարցնել հետեւեալ հարցումը. բուն նպատակը ի՞նչ էր այս գաղթին դէպի թրքական հասարակութիւն։ Պատասխանը դժուար չէ կարծեմ։ Գոյատեւե՜լ։ Այն հայերը, որոնք յաճախ Պոլիս կը ժամանեն, իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ճարելու համար կը մտնեն ընդհանրապէս ոչ որակաւոր գործերու մէջ, դառնալով գոյատեւելու ջանքին մէջ գլխաւոր դերակատարներ։
Կ’ուզէի գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր ապրիլ ընկերութեան մը մէջ, ուր դեռ չէ անհետացած վերոնշեալ քաղաքականութիւնը, զոր կ’անուանեմ յետ-ցեղասպանական։
Այսօր, այս հանգրուաններու վերջին օղակին կը միանայ չորս տարի առաջ սկսած Արցախեան վերջին պատերազմը։ Ի տարբերութիւն հայ-ատրպէյճանական նախորդ բախումներուն, այս պատերազմին մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ թրքական քաղաքականութենէն եւ այն հայերէն, որոնք կ’ապրին այս երկրին մէջ։
Պատերազմը՝ բեկում. վերադա՞րձ դէպի Հայաստան
Այսօր, ըստ երեւոյթին, բեկում պատճառած է Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմը, չմոռնալով 2023 թուականի Փետրուարին Թուրքիոյ երկրաշարժը, որոնք հանդիսացած են դէպի Հայաստան վերադարձի գլխաւոր պատճառներ։ Անոր վրայ պէտք է աւելցնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան խառնակ վիճակը ու տնտեսական տագնապը։ Հայաստանէն եկողները գիտենք, թէ կը վարձատրուին տոլարով, իսկ քանի մը տարիէ ի վեր թրքական դրամին արժեզրկումը կը մղէ օտարները լքել այդ երկիրը։
Ուրեմն, երկու խումբէ հայեր՝ Հայաստանէն եկողներ ու բնիկ թուրքիացիներ, հակում ունին գաղթելու եւ կամ հաստատուելու/ վերահաստատուելու Հայաստան։
Գիտեմ խօսակիցներէս, թէ բազմաթիւ հայեր պատերազմէն ետք վերադարձած են Հայաստան եւ կամ կը խորհին վերադառնալու մասին։ Շատեր կ’արտայայտուին սապէս. «Օր մը չէ օր մը կ’ուզենք վերադառնալ, որովհետեւ հոս փուշի վրայ ենք իբրեւ հայ։ Եթէ բան մը ըլլայ հոս, հայերն են, որոնք անմիջական վտանգի տակ են»։ Իսկ թրքահայերը պատկանելիութեան հարց ունին ապրելով այս երկրին մէջ, ի մասնաւորի նոր սերունդի անդամները, որոնք կ’ուզեն հաստատուիլ Հայաստան, մանաւանդ պատերազմէն ետք։ Օրինակ խօսակիցներէս մէկը, որ բնիկ պոլսեցի մըն է, կ’ըսէ. «Պատկանելիութեան խնդիր կայ հոս, ատոր համար կ’երթամ Հայաստան»։
Ուրիշ մը, որ հայկական հպատակութիւն ստացած է վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ու կ’ուզէ օր մը հաստատուիլ Երեւան ու հոն աշխատիլ. «Տունդ ուր որ է, քու սիրտդ հոն է։ Իմ սիրտս Երեւան է»։ Հակառակ կարգ մը սփիւռքահայերու, Թուրքիոյ երիտասարդ սերունդի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կ’արտայայտուի այս ուղղութեամբ։ Այս մէկը կարելի է մեկնաբանել հետեւեալ ձեւով.
Բնիկ թրքահայերը, պոլսեցի եւ կամ անատոլուցի, իրենք զիրենք միշտ զգացած են տեղացի, ապրելով թրքահայկական մշակոյթով, աւանդութեամբ ու լեզուով։ Սակայն հիմա կը տեսնենք, որ օրէ օր, յատկապէս նոր սերունդի անդամները իրենք զիրենք աւելի հարազատ կը գտնեն Հայաստանի հողերուն ու մօտիկ՝ հոնտեղի ապրելակերպին։ Դժբախտաբար չկան ճշգրիտ տուեալներ, բայց օրէ օր կը բազմանայ Հայաստանեան անցաթուղթ ձեռք բերողներուն թիւը։ Մէկ կողմէն՝ երիտասարդները կ’ուզեն իրենց կապերը զօրացնել Հայաստանի հետ, միւս կողմէն՝ անշուշտ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութենէն փախուստ տալու առիթ է այս։
Սխալ չըլլար հոս յիշել երիտասարդի մը արտայայտութիւնը. «Ես ֆրանսահայ չեմ ու այլընտրանք չունիմ, չեմ կրնար այս տարիքէս ետք հաստատուիլ Եւրոպա կամ Ամերիկա, բայց կրնամ՝ Երեւան, ուր գոնէ օտար չեմ սեպուիր»։
Այսօր, շատ հայերու համար Թուրքիոյ մէջ ապրիլ կը նշանակէ ապրիլ օտարութեան մէջ։ Հետզհետէ այս գաղափարը կը զօրանայ, ըլլա՜յ Հայաստանէն եկողներուն համար, ըլլա՜յ բնիկներուն։ Հոն կը ջանան շարունակել վերապրողի կեանք մը, մինչդեռ Հայաստանը իրենց համար նոր ապաստան է, հակառակ անոր որ պատերազմի ձգած հետքերը իրենց յիշողութեան մէջ դեռ թարմ են։
Պատերազմը՝ բեկում. վերադա՞րձ դէպի 1915
Հարցազրոյցի սկսելէ առաջ անձին հետ վստահութեան որոշ կապ մը ստեղծելը անհրաժեշտ էր։ Անգամ մը, որ այդ կապը հաստատուէր, յետոյ արտայայտուիլը կը դիւրանար, մանաւանդ անոնց հետ, որոնք աւելի հետաքրքրուած էին հայոց խնդիրներով, կ’ուզէին դրսեւորել իրենց ներքին ապրումները։ Երիտասարդներէն մին սկսաւ ըսելով. «Կ’ուզեմ անմիջապէս արտայարտուիլ պատերազի մասին։ Նայեցէք հոս միշտ գաղտնի ձեւով սպառնալիքի տակ ենք մենք։ Օրինակ, պատերազմը որ սկսաւ ի՞նչ եղաւ [Պոլսոյ] Պատրիարքարանին առջեւ. ցոյցեր եղան ազերիի դրօշակներով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ հայ ըլլալով հոս փուշի վրայ ես միշտ»։
Շատեր կը տեսնեն, թէ այս 44-օրեայ պատերազմը Թուրքիոյ եւ աշխարհի բոլոր հայերուն համար վերադարձ մըն է դէպի 1915։ Թուրքիոյ մէջ համայնքի՜ն դէմ սպառնալիք է, ո՜չ անհատի։ Վախ մըն է թէ՜ Հայաստանէն եկողներու եւ թէ՜ բնիկներու համար, որ ժողովուրդին կալուածները եւ հաստատութիւնները կրնան վտանգի ենթարկուիլ, ինչպէս ցեղասպանութեան օրերուն։
Հարցազրոյցի սկսելէ առաջ անձին հետ վստահութեան որոշ կապ մը ստեղծելը անհրաժեշտ էր։ Անգամ մը, որ այդ կապը հաստատուէր, յետոյ արտայայտուիլը կը դիւրանար, մանաւանդ անոնց հետ, որոնք աւելի հետաքրքրուած էին հայոց խնդիրներով, կ’ուզէին դրսեւորել իրենց ներքին ապրումները։ Երիտասարդներէն մին սկսաւ ըսելով. «Կ’ուզեմ անմիջապէս արտայարտուիլ պատերազի մասին։ Նայեցէք հոս միշտ գաղտնի ձեւով սպառնալիքի տակ ենք մենք։ Օրինակ, պատերազմը որ սկսաւ ի՞նչ եղաւ [Պոլսոյ] Պատրիարքարանին առջեւ. ցոյցեր եղան ազերիի դրօշակներով։ Ասիկա կը նշանակէ թէ հայ ըլլալով հոս փուշի վրայ ես միշտ»։
Շատեր կը տեսնեն, թէ այս 44-օրեայ պատերազմը Թուրքիոյ եւ աշխարհի բոլոր հայերուն համար վերադարձ մըն է դէպի 1915։ Թուրքիոյ մէջ համայնքի՜ն դէմ սպառնալիք է, ո՜չ անհատի։ Վախ մըն է թէ՜ Հայաստանէն եկողներու եւ թէ՜ բնիկներու համար, որ ժողովուրդին կալուածները եւ հաստատութիւնները կրնան վտանգի ենթարկուիլ, ինչպէս ցեղասպանութեան օրերուն։