Արցախի ներկայացուցիչները Ֆրանսայի մէջ հանդիպումներ ունեցած են տեղական եւ խորհրդարանական շրջանակներու հետ

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ եւ ԱՀ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիելեանը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, ԱԺ նախագահի խորհրդական եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Հովհաննիսեանը, ապրիլ 13-ին Ֆրանսայի մէջ հանդիպում ունեցած են Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լյուկ Գարվունասի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իզապէլ Սանթյակոյի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Գարվունաս շեշտած է, որ նման առիթները հնարաւորութիւն կու տան վերահաստատելու իրենց անսասան աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան նշած է, որ ինք եւ պատգամաւոր Սանթյակոն կը շարունակեն իրենց ջանքերը՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Գարվունասի նախաձեռնութեամբ 2017-ի նոյեմբեր 20-ին Ալֆորվիլի եւ Բերձորի միջեւ բարեկամութեան հռչակագիր մը ստորագրուած էր, որուն հետեւանքով Ֆրանսայի մէջ գործող Ատրպէյճանի դեսպանատունը արձագանգած էր եւ դատական գործընթաց սկսած։

Նաեւ, 2020-ին Ալֆորվիլի քաղաքային խորհուրդը միաձայն որդեգրած էր բանաձեւ մը՝ ի նպաստ Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման։

Կողմերը հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատած են ապագայ համագործակցութեան շարունակութիւնը եւ յետագայ կապերու ամրապնդումը։