Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան Թեկնածուն Բակօ Սահակեանն Է

Դաշնակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

«Անցեալ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին մէջ  բաւական խոր եւ բազմաբնոյթ քննարկումներ տեղի ունեցած են: Քննարկումները եղած են իրական եւ կառուցողական: Ի դէպ, միանշանակ չէր Դաշնակցութեան մէջ տիրող մթնոլորտը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածութեան շուրջ: Ինչպէս միշտ Դաշնակցութիւնը  առաջնորդուած է մեծամասնութեան կարծիքով, եւ մեր վերջնական որոշումը Բակօ Սահակեանի թեկնածութեան առաջադրումն է»,  պարզաբանեց Դաւիթ Իշխանեան եւ աւելցուց, որ վերջին երկու նախագահական ընտրութիւններուն` 2007-ին եւ 2012-ին  ՀՅԴ Արցախի կառոյցը պաշտպանած է Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Թէ՛ 2007-ին, եւ թէ՛ 2012-ին հրապարակուած են այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ նման որոշումներ տրուած են, հետեւաբար տրամաբանական է, որ անցումային փուլին եւս նոյն ընթացքը շարունակուի:

«Ընդհանրապէս անցումային փուլի նախագահը կ՛ըլլայ կա՛մ գործող եւ իր ժամանակաշրջանը աւարտող նախագահ, որ կը շարունակէ իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու որդեգրուած քաղաքականութիւնը, կա՛մ ալ այն թեկնածուն, որ նախապատրաստուած է ապագային պաշտօնավարել իբրեւ համաժողովրդական ընտրութեամբ ընտրուած նախագահ: Այդ առումով աւելի տրամաբանական է Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը առաջադրել եւ յառաջիկայ երկուքուկէս տարիներուն անոր վստահիլ երկրի նախագահի պարտականութիւնները: Յատկապէս նկատի պէտք է ունենալ այն հանգամանքը, որ գործող նախագահի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարուած են: Թէեւ ՀՅԴ-ն դէմ եղած է նոր սահմանադրութեան, սակայն անիկա իրողութիւն է եւ անոր լիարժէք կիրարկումը եւ օրէնսդրական դաշտի համապատասխանեցումը, այսինքն` անցումային դրոյթներու  իրականացումը, կը մնայ այն իշխանութեան վրայ, որուն օրերուն  ընդունուած է», աւելցուց Դաւիթ Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կան կարծիքներ, որ Բակօ Սահակեանը առաջադրուելով պիտի շարունակէ պաշտօնավարել նաեւ 2020-էն ետք, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար կարեւոր են ժողովրդավարական սկզբունքները եւ անոնցմով առաջնորդուիլը: Իսկ 2020-ի եւ անոր  յաջորդող ժամանակահատուածի նախագահի ընտրութեան հարցը պէտք է դիտարկել ժողովրդավարական սկզբունքներու շրջագիծին մէջ եւ բոլոր քայլերը կատարել այդ դիտանկիւնէն: «Մենք յոյս ունինք, որ 2020-ին այդ մտայնութեամբ կ՛առաջնորդուին նաեւ միւս քաղաքական ուժերը, ինչպէս նաեւ այն թեկնածուները, որոնք կրնան ըլլալ այս կամ այն քաղաքական ուժի թեկնածուն», եզրափակեց Դաւիթ Իշխանեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.